Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի զոհերուն ընտանիքները երէկ առաւօտեան բողոքի նստացոյց մը կատարելու նպատակով ուղղուեցան Արդարութեան նախարարութեան կեդրոնատեղի, ուր անոնք ընդհարումներ ունեցան նախարարութեան դիմաց գտնուող ապահովութեան ուժերուն հետ:
Բողոքի նստացոյցը կատարելէ ետք, զոհերուն ընտանիքները ներկայացնող պատուիրակութենէն քանի մը հոգի կրցաւ խուժել նախարարութեան կեդրոնատեղին, ուրկէ սակայն արդարութեան նախարարի պաշտօնակատար Հանրի Խուրի կը բացակայէր:
Ցուցարարները բարձրացուցին պաստառներ, որոնց վրայ արձանագրուած էր, թէ իրենք կը մերժեն դատական աշխատանքին քաղաքականացումը եւ կոչ կ՛ուղղեն չխանգարելու հետաքննութիւնը:
Նշենք, որ քանի մը օրէ ի վեր բողոքի այս նստացոյցերը կը կատարուին մերժելով արդարութեան նախարարի պաշտօնակատար Հանրի Խուրիի` նաւահանգիստի պայթումի հետաքննութեան թղթածրարին համար փոխանորդ հետաքննիչ դատաւոր մը նշանակելու որոշումը:


