Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ հովուապետական այցելութեամբ մը Տիմանէն ուղղուեցաւ Տէյր Ահմար – Պաալպեք, ուր ան այցելեց Այնաթա գիւղաքաղաքը:
Ռայի պատրիարքին այցելութեան ծիրին մէջ առաջին վայրը եղաւ Ս. Սարգիս եւ Պախոս եկեղեցին, ուր դիմաւորուեցաւ երեսփոխան Անթուան Հապշիի, նախկին երեսփոխան Էմիլ Ռահմէի, Տէյր Ահմարի քաղաքապետարաններու համադաշնակցութեան նախագահ Ժան Ֆախրիի, Այնաթայի քաղաքապետ Միշել Ռահմէի եւ շրջանի հեղինակութիւններուն կողմէ:
Այնաթայի մէջ Ռայի պատրիարքը յայտնեց, որ Լիբանան հաւատքի, հպարտութեան եւ գոյատեւումի երկիրն է:
Ռայի պատրիարքը այցելեց Մար Շարպել եկեղեցին եւ օծեց խորանը:
Ապա ան ուղղուեցաւ Մար Մխայէլ եկեղեցի, ուր դարձեալ տեղի ունեցաւ խորանի օծում:
Ռայի պատրիարքը այցելեց նաեւ Մար Եուսեֆ եկեղեցին, ուրկէ երթ մը կատարուեցաւ դէպի Պըրժի Աստուածածին եկեղեցի, ուր ան օրհնեց եկեղեցիները եւ ժողովուրդը:
Պըրժի Աստուածածին եկեղեցւոյ հրապարակին վրայ Ռայի պատրիարքը նախագահեց մատուցուած Ս. պատարագին:
Իր քարոզին մէջ Ռայի պատրիարքը յայտնեց, որ իրենք կ՛աղօթեն Աստուծոյ` Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն գոյատեւման համար:
Ան նշեց, որ պէտք է շրջանցել բոլոր տարակարծութիւններն ու քինախնդրութիւնները: «Անկարելի է Լիբանանը բաղկացնող հիւսուածքէն թել մը ջնջել, եւ ոչ ոք թող մտածէ, որ իր ջանքերով կամ զէնքերով կրնայ տիրել Լիբանանին: Լիբանան խճանկար մըն է. անիկա բազմազանութեան երկիրն է, եւ հոն կ՛ապրի ժողովուրդ մը, որ հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն կը մերժէ մեռնիլ», շեշտեց ան:
Ռայի պատրիարքը յայտնեց, որ Լիբանան բազում դժուարութիւններ կը դիմագրաւէ եւ անդունդի եզրին կը գտնուի, սակայն Ս. Աստուածամայրը կը պահէ զայն, «եւ այնքան ատեն որ ան կը պաշտպանէ մեզի, ապա չենք վախնար հայրենիքին մէջ ապրելու` բոլորին կողքին», ընդգծեց ան:
Նշենք, որ Ռայի պատրիարքը այցելեց նաեւ Տէյր Ահմարի առաջնորդարանը:
Մարոնի Եպիսկոպոսներու Խորհուրդը Կոչ Ուղղեց Արագացնելու Կառավարութեան Կազմութիւնը Եւ Նախագահական Ընտրութիւնը Կատարելու Սահմանադրութեամբ Ճշդուած Ժամկէտին
Միւս կողմէ, Ռայի պատրիարքը Տիմանի մէջ նախագահեց Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի ընթացիկ նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները:
Նիստէն ետք հրապարակուած հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ խորհուրդը զարմանք կը յայտնէ կառավարութեան կազմութեան իմաստով արձանագրուած պաշտօնական յապաղումին համար եւ կոչ կ՛ուղղէ խնդրոյ առարկայ պատասխանատուներուն պաշտօնները բաժնեկցելու քայլերը մէկդի դնելու եւ քաղաքական կացութիւնը յաւելեալ ելեկտրականացումի չմղելու, որպէսզի քաղաքական երկփեղկում չարձանագրուի:
Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը կոչ ուղղեց խորհրդարանին նախագահական ընտրութիւնը կատարելու սահմանադրութեամբ ճշդուած ժամկէտին` աւելցնելով, որ պէտք է ընտրել հանրապետութեան նախագահ մը, որ բաց ըլլայ քաղաքական բոլոր կողմերուն եւ բոլորին հետ կարենայ խօսիլ ու խորհրդակցիլ, ինչպէս նաեւ Լիբանանը զետեղէ ապաքինման եւ բարեկարգումի ուղիին վրայ:
Խորհուրդը մտահոգութիւն յայտնեց նաեւ երկրին վարչական, դատական եւ ապահովական մարմիններուն փլուզման առումով, ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ տիրող սղաճին եւ ապրուստի պայմաններուն ու ժողովուրդին չտրամադրուած տարրական կարիքներուն, յատկապէս` ելեկտրականութեան եւ ջուրին:
Խորհուրդը կոչ ուղղեց պետական եւ սեփական մարզերուն իրենց խիղճերուն հիման վրայ գործելու եւ ժողովուրդին շահը աւելի բարձր դասելու` զայն գերադասելով անձնական որեւէ այլ շահէ:
Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը ողջունեց լիբանանեան բանակին ճիգերը, որոնք կը միտին հակակշռել կացութիւնը` արգիլելով խառնակութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանցիները պատասխանատու նկատեց բանակին զօրակցութեան, որպէսզի ան կարենայ իրեն վստահուած պարտականութիւնները յաջողցնել:


