Լիբանանեան

Միքաթի Հասաւ Ժետտա

Միքաթի Հասաւ Ժետտա

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ հասաւ Ժետտա, ուր պիտի նախագահէ 32-րդ Արաբական վեհաժողովին իր մասնակցութիւնը բերող լիբանանեան պաշտօնական պատուիրակութիւնը: Միքաթի դիմաւորուեցաւ Մեքքայի իշխանի տեղակալ Պատըր պըն Սուլթանի, Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Ապուլ Ղէյթի, Սէուտական Արաբիոյ մէջ Լիբանանի դեսպան Ֆաուզի Քապպարայի եւ Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարիի կողմէ: Միւս կողմէ, Միքաթի հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ լիբանանեան առումով...

Պասիլ Անհաւանական Կը Նկատէ  Հըզպալլայի Հետ «Ամուսնալուծումը»

Պասիլ Անհաւանական Կը Նկատէ Հըզպալլայի Հետ «Ամուսնալուծումը»

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ արաբական աշխարհին բացուիլը անհրաժեշտ է` աւելցնելով, որ պէտք է վերատեսութեան ենթարկել այն սխալները, որոնք գործուած են արաբներուն դէմ` ընդհանուր առմամբ: Պասիլ յայտնեց, որ Սէուտական Արաբիա իրեն յատուկ դիտանկիւնէն մեկնելով է, որ կը դիտէ հարցը, իսկ Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարի իր խօսքերուն մէջ շատ յստակ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 94.500 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի հարթակը` 86.300 լ. ոսկի: ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ ընդունեց խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապը, որուն հետ քննարկեց երկրին քաղաքական բեմը յուզող հարցերն ու օրէնսդրական շարք մը խնդիրներ: ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Պքերքէի մէջ ընդունեց ընկերային հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Հեքթոր Հաժժարը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս...

Ժետտայի Մէջ.   Պու Հապիպ Եւ Մըքտատ Շեշտեցին Սուրիացի  Տեղահանուածներուն Տունդարձի Կարեւորութիւնը

Ժետտայի Մէջ. Պու Հապիպ Եւ Մըքտատ Շեշտեցին Սուրիացի Տեղահանուածներուն Տունդարձի Կարեւորութիւնը

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ երէկ Ժետտայի մէջ իր մասնակցութիւնը բերաւ արաբ արտաքին գործոց նախարարներու խորհրդաժողովին: Այս շրջագիծին մէջ Պու Հապիպ հանդիպում մը ունեցաւ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ Մըքտատի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները: Պու Հապիպ եւ Մըքտատ շեշտեցին Լիբանան հասած սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձի կարեւորութիւնը: Մըքտատ...

Միքաթի Այցելեց Պըրրիի Եւ Նախագահեց  Բանտերուն Վերաբերող Նախարարական Նիստի Մը

Միքաթի Այցելեց Պըրրիի Եւ Նախագահեց Բանտերուն Վերաբերող Նախարարական Նիստի Մը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթին, որ յայտնեց, թէ ըստ սովորականին Պըրրիի հետ իր հանդիպումը եղած է դրական: Միքաթի ըսաւ, որ Պըրրիի հետ քննարկած են այն հարցերը, որոնց պիտի անդրադառնայ Արաբական վեհաժողովին ընթացքին: Միւս կողմէ, Միքաթի վարչապետարանին մէջ նախագահեց նախարարական նիստի մը, որուն ընթացքին արծարծուեցան բանտերուն դիմագրաւած դժուարութիւնները: Նիստին ներկայ գտնուեցան արդարութեան նախարարի...

Տար Ֆաթուայի Մէջ.   «Կը Մերժենք Հըզպալլայի Խմբակի  Յաղթանակին Համար Օրինաթիւ Ապահովել»  Շեշտեց Ժեմայէլ

Տար Ֆաթուայի Մէջ. «Կը Մերժենք Հըզպալլայի Խմբակի Յաղթանակին Համար Օրինաթիւ Ապահովել» Շեշտեց Ժեմայէլ

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Ժեմայէլ յայտնեց, որ միւֆթիին այցելած են դատապարտելու համար հանրապետութեան նախկին միւֆթի Հասան Խալետի սպանութիւնը, որուն պատճառ հանդիսացան Լիբանանի անկախութեան եւ գերիշխանութեան կառչած մնալու անոր կեցուածքները: Ժեմայէլ ողջունեց բոլոր նահատակներուն յիշատակը` հաստատելով, որ իրենք կառչած կը մնան...

Ժոմպլաթ. «Նախագահական Ընտրութեան  Մարտահրաւէրի Թեկնածուն Մերժեցինք,  Սակայն Կարգ Մը Ղեկավարներ Համաձայնութեան  Սկզբունքին Չեն Հաւատար»

Ժոմպլաթ. «Նախագահական Ընտրութեան Մարտահրաւէրի Թեկնածուն Մերժեցինք, Սակայն Կարգ Մը Ղեկավարներ Համաձայնութեան Սկզբունքին Չեն Հաւատար»

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի մէջ Ռուսիոյ նախագահական յատուկ պատուիրակ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայէլ Պոկտանովէն: Հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկուեցան տարբեր իրադարձութիւններ, ինչպէս նաեւ լիբանանեան իրադարձութիւնները: Պոկտանով հաստատեց Ռուսիոյ յանձնառութիւնը` նախագահական ընտրութիւն կատարելու անհրաժեշտութեան եւ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը ամրապնդելու կարեւորութեան առումով: Միւս կողմէ, Ժոմպլաթ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ նախագահական ընտրութեան...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 94.500 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի հարթակը` 86.300 լ. ոսկի: ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարի երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց ընկերային հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Հեքթոր Հաժժարը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, նախարարութեան գործադրած ծրագիրները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-սէուտական երկկողմանի յարաբերութիւնները, յատկապէս ընկերային մարզը բարելաւելու իմաստով: ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ Մեհրապի...

Արաբական Վեհաժողովէն  Լիբանանին Համար Յատուկ Որոշո՞ւմ

Արաբական Վեհաժողովէն Լիբանանին Համար Յատուկ Որոշո՞ւմ

Ուրբաթ, 19 մայիս 2023-ին, Ժետտայի մէջ գումարուելիք Արաբական վեհաժողովին ընթացքին լիբանանեան ակնկալութիւններն ու Լիբանանը յատուկ ուշադրութեան արժանացնելու տեղեկութիւնները հետզհետէ կը շեշտուին: Օրըստօրէ աւելի յստակ կը դառնայ բոլորին համար, որ Արաբական վեհաժողովէն բխելիք եզրափակիչ հաղորդագրութիւնը պիտի բովանդակէ Լիբանանին վերաբերող յատուկ որոշում մը, որուն լոյսին տակ կարելի պիտի ըլլայ լուծել Լիբանանի դիմագրաւած տագնապները: Կը նախատեսուի նաեւ, որ Արաբական վեհաժողովին ընթացքին վարչապետի պաշտօնակատար...

Ֆատի Ալամէ Եւ Յ. Բագրատունի  Հանդիպում Մը Ունեցան Ինտոնեզիական  Պատուիրակութեան Մը Հետ

Ֆատի Ալամէ Եւ Յ. Բագրատունի Հանդիպում Մը Ունեցան Ինտոնեզիական Պատուիրակութեան Մը Հետ

Արտաքին գործերու եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ֆատի Ալամէ եւ յանձնախումբի զեկուցաբեր, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի խորհրդարանին մէջ հանդիպում մը ունեցան Ինտոնեզիոյ եւ Լիբանանի խորհրդարաններուն միջեւ գործակցութեան պատուիրակութեան մը հետ: Պատուիրակութեան մաս կազմեց նաեւ Լիբանանի մէջ Ինտոնեզիոյ դեսպան Հաճրիանթօ Թահարան եւ դեսպանատան անձնակազմէն խմբակ մը: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի...

Ռիատ Սալամէի Ձերբակալման Միջազգային  Հրամանագիր, Իսկ Վերջինս Կը Պատասխանէ

Ռիատ Սալամէի Ձերբակալման Միջազգային Հրամանագիր, Իսկ Վերջինս Կը Պատասխանէ

ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը երէկ երեկոյեան հաղորդեց, որ ֆրանսացի դատաւոր Օտ Պորոզի Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի դէմ արձակած է ձերբակալման միջազգային հրամանագիր մը` նկատի ունենալով, որ Սալամէ բացակայած է Փարիզի մէջ իր հարցաքննութեան համար նշանակուած նիստէն: Սալամէի պաշտպան իրաւաբան Փիեռ Օլիվիէ Սուր յայտնեց, որ Սալամէ բացակայած է այդ նիստէն, որովհետեւ այդ մասին տեղեակ չէ եղած: Ռիատ Սալամէի գրասենեակը հրամանագիրի արձակումէն...

Պուխարի Հանդիպումներ Ունեցաւ  Նասսարի Եւ Պայսարիի Հետ

Պուխարի Հանդիպումներ Ունեցաւ Նասսարի Եւ Պայսարիի Հետ

Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարի Եարզէի մէջ ընդունեց զբօսաշրջութեան նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Նասսարը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւններն ու փոխադարձ շահերը հետաքրքրող կարգ մը հարցեր: Պուխարիի այցելեց նաեւ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնի գործակատար գնդապետ-զօրավար Էլիաս Պայսարի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, Լիբանանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ ապահովական գործակցութիւնն ու զայն բարելաւելու միջոցները,...

Ատուան. «Առաջնահերթութիւնը Սուրիացի  Տեղահանուածներուն Տունդարձն Է  Եւ Ոչ Թէ Լիբանանի Մէջ Անոնց Կեցութեան  Ֆինանսաւորումը»

Ատուան. «Առաջնահերթութիւնը Սուրիացի Տեղահանուածներուն Տունդարձն Է Եւ Ոչ Թէ Լիբանանի Մէջ Անոնց Կեցութեան Ֆինանսաւորումը»

Արդարութեան եւ վարչական հարցերու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ժորժ Ատուան երէկ նախագահեց յանձնախումբի նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ, ընկերային հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Հեքթոր Հաժժար, արդարութեան նախարարի պաշտօնակատար Հանրի Խուրի եւ գաղթականներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Իսամ Շարաֆէտտին: Նիստէն ետք Ատուան շեշտեց, որ նիստին ընթացքին իրենց համար յստակ դարձած է, թէ...

Միքաթի Ընդունեց «Ալֆա» Եւ «Թաչ»  Ընկերութիւններու Պաշտօնէութիւնը

«Ալֆա» Եւ «Թաչ» Ընկերութիւններու Պաշտօնէութիւնը Կը Զգուշացնէ Հաղորդակցութեան Միջոցներու Նախարարութիւնը

«Ալֆա» եւ «Թաչ» բջիջային հեռաձայնի ընկերութիւններու պաշտօնեաներու սենտիքան զգուշացուց հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարութիւնը եւ անոր տուաւ 24 ժամուան պայմանաժամ մը` իրականացնելու համար իրենց պահանջները, որոնք ուղղակիօրէն կապուած են ամսական աշխատավարձի յաւելումներուն: 24 ժամուան պայմանաժամը աւարտած կ՛ըլլայ այսօր առաւօտեան, իսկ զգուշացումը այն է, թէ իրենց պահանջները չգործադրելու պարագային բջիջային հեռաձայնի մարզին կապուած աշխատանքը պիտի կասեցուի: «Ալֆա» եւ «Թաչ» բջիջային հեռաձայնի ընկերութիւններու պաշտօնեաներու...

Լիբանանեան Բանակը Սուրիական  Իշխանութիւններէն Ստանձնեց  Յանցագործ Մը

Լիբանանեան Բանակը Սուրիական Իշխանութիւններէն Ստանձնեց Յանցագործ Մը

Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ երկուշաբթի, 15 մայիս 2023-ին, բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը սուրիական իշխանութիւններէն ստանձնեց սուրիացի քաղաքացի Հ. Խ.-ն, որ կրակ բացած էր հանգստեան կոչուած բանակային Ալաէտտին Ալի Շրայթեհի ուղղութեամբ եւ սպաննած զայն: Բանակի հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ յանցագործին հարցաքննութիւնը արդէն իսկ սկսած է: Միւս կողմէ, լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն ընդունեց Հզօր Լիբանան...

Պասսամ Մաուլաուի Միջազգային Կարմիր  Խաչի Ներկայացուցիչին Հետ Քննարկեց  Մարդասիրական Հարցեր

Պասսամ Մաուլաուի Միջազգային Կարմիր Խաչի Ներկայացուցիչին Հետ Քննարկեց Մարդասիրական Հարցեր

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի ընդունեց միջազգային Կարմիր Խաչի ներկայացուցիչ Սիմոն Քազապիանքան, որուն հետ քննարկեց մարդասիրական ընդհանուր հարցեր: Մաուլաուիի այցելեց նաեւ Հզօր հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Մըլհեմ Ռիաշի: Քննարկուեցան ներքին լիբանանեան առումով տեղի ունեցող քաղաքական իրադարձութիւնները: Մաուլաուի հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ երեսփոխան Ուալիտ Պաարինիի եւ հիւսիսային Լիբանանի ու Աքքարի պատուիրակութիւններու հետ:

Մոհամետ Խէյր Այցելեց Լասա

Մոհամետ Խէյր Այցելեց Լասա

Աղէտներուն շտապ հակազդելու գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար հազարապետ-զօրավար Մոհամետ Խէյր այցելեց Ժիպէյլի բարձունքներուն վրայ գտնուող Լասա գիւղաքաղաքը` ընկերակցութեամբ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Ռաէտ Պըրրոյի: Խէյր ստուգեց Լասայի ներքին փողոցները, որոնք քանդուած էին Լիբանանը հարուածած երկրաշարժին պատճառով: Մոհամետ Խէյր շեշտեց, որ այս թղթածրարին հետեւած է երեսփոխան Պըրրօ` վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի հետ: «Խիստ մերժելի է, որ որոշ բնակարաններ անջատուին լիբանանեան որեւէ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 94.600 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի հարթակը` 86.300 լ. ոսկի: ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն, 95 օքթան պենզինի սակը նուազած է 18.000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինը` 18.000 լ. ոսկիով, մազութը` 13.000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազը` 24.000 լ. ոսկիով: Վառելանիւթի նոր սակացոյցին համաձայն, 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 1.617.000 լ....

Պու Հապիպ Պուխարիի Հետ  Քննարկեց Արաբական Վեհաժողովին  Նախապատրաստութիւնները, Իսկ Նախագահական  Ընտրութեան Թղթածրարը Կը Մնայ Անորոշ

Պու Հապիպ Պուխարիի Հետ Քննարկեց Արաբական Վեհաժողովին Նախապատրաստութիւնները, Իսկ Նախագահական Ընտրութեան Թղթածրարը Կը Մնայ Անորոշ

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարին, որուն հետ քննարկեց Արաբական վեհաժողովին նախապատրաստութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-սէուտական երկկողմանի յարաբերութիւնները: Միւս կողմէ, հակառակ վերջին 10 օրուան ընթացքին արձանագրուած շարժումին եւ այցելութիւններու շարքին, Լիբանանի մէջ նախագահական դատարկութեան փուլը դժբախտաբար կը շարունակուի, իսկ նախագահական ընտրութեան թղթածրարի ճակատագիրը կը մնայ անորոշ, որովհետեւ...

Միքաթի Ֆրանսայի Եւ Իտալիոյ  Դեսպաններուն Հետ Քննարկեց  Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Միքաթի Ֆրանսայի Եւ Իտալիոյ Դեսպաններուն Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիոն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Կրիօ բաւարարուեցաւ ըսելով, որ քննարկած են Լիբանանը յուզող հարցերը: Միքաթիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Իտալիոյ դեսպան Նիքոլեթա Պոմպարտիերի: Քննարկուեցան երկրին իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները: Վարչապետին այցելեց նաեւ մարդկային իրաւունքներու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Միշել Մուսա, որ լուսարձակի տակ...

Page 270 of 987 1 … 269 270 271 … 987

Արխիւներ