Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասիլ Անհաւանական Կը Նկատէ Հըզպալլայի Հետ «Ամուսնալուծումը»

May 19, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ արաբական աշխարհին բացուիլը անհրաժեշտ է` աւելցնելով, որ պէտք է վերատեսութեան ենթարկել այն սխալները, որոնք գործուած են արաբներուն դէմ` ընդհանուր առմամբ:

Պասիլ յայտնեց, որ Սէուտական Արաբիա իրեն յատուկ դիտանկիւնէն մեկնելով է, որ կը դիտէ հարցը, իսկ Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարի իր խօսքերուն մէջ շատ յստակ էր այն առումով, որ Սէուտական Արաբիա ոչ ոք վեթոյի կ՛ենթարկէ:

«Արաբական աշխարհը կը հետեւի Լիբանանի կացութեան եւ եթէ տեսնէ, որ մենք ճիշդ հունի մէջ ենք, ապա կ՛օժանդակէ մեզի, իսկ եթէ նշմարէ, որ մենք մեր սխալները միշտ կը կրկնենք, ապա կը հեռանայ մեզմէ», ըսաւ ան` հարց տալով, որ արդեօք այս ձեւը յարմա՞ր է:

Պասիլ նկատել տուաւ, որ իրենք այս փորձառութիւնը ապրած են հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Միշել Աունի իշխանութեան ընթացքին: «Նախագահ Աուն Ռիատ այցելեց նախքան Ֆրանսա եւ Վատիկան կատարած իր այցելութիւնները, սակայն անոր իշխանութեան ընթացքը ունեցաւ հետեւանքներ: Այս փորձառութենէն պէտք է դասեր քաղել եւ տարբեր մօտեցումներ որդեգրել, որպէսզի սխալները չկրկնուին», յայտնեց ան:

Պասիլ հաստատեց, որ նախագահական ընտրութիւններուն իմաստով հիմնական լուծումը այն է, որ բոլորը նկատի ունենան Լիբանանի խորհրդարանին բաղադրութիւնը եւ տիրող տագնապալի իրավիճակը, որուն միակ լուծումը համախոհութիւնն է:

Ան շեշտեց, որ այս կամ այն քաղաքական ուժին կողմէ այլոց թեկնածուներուն դէմ շարունակուող մարտահրաւէրները պիտի երկարաձգեն նախագահական դատարկութեան փուլը:

Պասիլ անհաւանական նկատեց Հըզպալլայի հետ «ամուսնալուծումը»: Ան յայտնեց, որ ազգային առումով կարելի չէ ամուսնալուծում կատարել, որովհետեւ անիկա կամ իւրաքանչիւր քաղաքական ամուսնալուծում իր ազդեցութիւնը կ՛ունենայ երկրին վրայ:

«Ճիշդ է, որ մեր միջեւ հսկայական տարակարծութիւններ կան, եւ իւրաքանչիւր քաղաքական ուժ ունի իր նախագահական թեկնածուն, սակայն աւելի ուշ եթէ որոշ ծրագիրի մը շուրջ համաձայնինք, ապա դարձեալ համաձայնած կ՛ըլլանք», ըսաւ ան:

Պասիլ նշեց նաեւ, որ ընդդիմադիր քաղաքական ուժերուն հետ եւս իր երկխօսութիւնը ընթացքի մէջ է, որպէսզի կարելի ըլլայ նախագահական ընտրութեան իմաստով համախոհութիւն գոյացնել:

Ան յայտնեց, որ առանց համաձայնութեան լուծումի կարելի չէ յանգիլ` աւելցնելով, որ այս կեցուածքը յստակ դարձած է քաղաքական բոլոր ուժերուն, որոնց հետ այսօր խորհրդակցութիւններ կ՛արձանագրուին եւ մերձեցումներ շօշափելի կը դառնան` երբեմն անուններու, ծրագիրներու կամ մօտեցումներու իմաստով:

 

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Միքաթի Հասաւ Ժետտա

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.