Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ատուան. «Առաջնահերթութիւնը Սուրիացի Տեղահանուածներուն Տունդարձն Է Եւ Ոչ Թէ Լիբանանի Մէջ Անոնց Կեցութեան Ֆինանսաւորումը»

Մայիս 17, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արդարութեան եւ վարչական հարցերու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ժորժ Ատուան երէկ նախագահեց յանձնախումբի նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ, ընկերային հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Հեքթոր Հաժժար, արդարութեան նախարարի պաշտօնակատար Հանրի Խուրի եւ գաղթականներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Իսամ Շարաֆէտտին:

Նիստէն ետք Ատուան շեշտեց, որ նիստին ընթացքին իրենց համար յստակ դարձած է, թէ Լիբանանի կառավարութիւնը սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին համար յատուկ ծրագիր մը չունի` աւելցնելով, որ իրենք կառավարութենէն կը պահանջեն նիստ մը յատկացնել այս ծրագիրը մշակելու:

Ատուան նշեց, որ այդ ծրագիրին մեկնարկը պէտք է ըլլայ լիբանանեան գերիշխանութեան պահպանումը, որովհետեւ Լիբանան 2003-ին ստորագրած է համաձայնագիր մը, որուն լոյսին տակ հաստատած է, որ ինք գաղթականներու ապաստանարանը դառնալու երկիր չէ:

«Հետեւաբար պէտք է լիբանանեան օրէնքները գործադրուին սուրիացի քաղաքացիներուն վրայ, իսկ գաղթականներու հարցերու ՄԱԿ-ի ներկայացուցչութիւնը պէտք է յարգէ Լիբանանի գերիշխանութիւնը», ըսաւ Ատուան` աւելցնելով, որ առաջնահերթութիւնը սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձն է եւ ոչ թէ Լիբանանի մէջ անոնց կեցութեան ֆինանսաւորումը:

Արպիտ Վրոնեցքայի Հետ Քննարկեց Սուրիացի
Տեղահանուածներու Թղթածրարին Ունեցած Հետեւանքները

Միւս կողմէ, Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքա երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Տնտեսական ընկերային խորհուրդի նախագահ Շարլ Արպիտի հետ:

Քննարկուեցան սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին ունեցած հետեւանքները Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն վրայ, յատկապէս տնտեսական եւ ընկերային մարզերուն վրայ անոնց ձգած ժխտական ազդեցութեան առումով:

Արպիտ Վրոնեցքային ներկայացուց խորհուրդին ի գործ դրած ճիգերը` սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարը հանդարտ եւ պատասխանատու կերպով լուծելու նպատակով:

 

Նախորդը

«Ալֆա» Եւ «Թաչ» Ընկերութիւններու Պաշտօնէութիւնը Կը Զգուշացնէ Հաղորդակցութեան Միջոցներու Նախարարութիւնը

Յաջորդը

Պուխարի Հանդիպումներ Ունեցաւ Նասսարի Եւ Պայսարիի Հետ

RelatedPosts

Բագրատունի Վերընտրուեցաւ Խորհրդարանի Դիւանի Անդամ, Ինչպէս Նաեւ Խորհրդարանական Գաղթականներու Հարցերու Յանձնախումբի Նախագահ Եւ Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Քարտուղար
Լիբանանեան

Բագրատունի Վերընտրուեցաւ Խորհրդարանի Դիւանի Անդամ, Ինչպէս Նաեւ Խորհրդարանական Գաղթականներու Հարցերու Յանձնախումբի Նախագահ Եւ Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Քարտուղար

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ատուան. «Կը Պնդենք Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու Վրայ, Եւ Լուծումը Արտերկիր Գտնուողներու Քուէարկութեան Օրէնքի Բարեփոխումն Է»
Լիբանանեան

Ատուան. «Կը Պնդենք Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու Վրայ, Եւ Լուծումը Արտերկիր Գտնուողներու Քուէարկութեան Օրէնքի Բարեփոխումն Է»

Հոկտեմբեր 22, 2025
Պուխարի Ռաժժիին Յանձնեց «Էքսփօ Ռիատ 2030»-ին Լիբանանի Մասնակցութեան Հրաւէր Մը
Լիբանանեան

Պուխարի Ռաժժիին Յանձնեց «Էքսփօ Ռիատ 2030»-ին Լիբանանի Մասնակցութեան Հրաւէր Մը

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?