Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միքաթի Այցելեց Պըրրիի Եւ Նախագահեց Բանտերուն Վերաբերող Նախարարական Նիստի Մը

Մայիս 18, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթին, որ յայտնեց, թէ ըստ սովորականին Պըրրիի հետ իր հանդիպումը եղած է դրական:

Միքաթի ըսաւ, որ Պըրրիի հետ քննարկած են այն հարցերը, որոնց պիտի անդրադառնայ Արաբական վեհաժողովին ընթացքին:

Միւս կողմէ, Միքաթի վարչապետարանին մէջ նախագահեց նախարարական նիստի մը, որուն ընթացքին արծարծուեցան բանտերուն դիմագրաւած դժուարութիւնները:

Նիստին ներկայ գտնուեցան արդարութեան նախարարի պաշտօնակատար Հանրի Հըլու, պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմ, ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի, Մարդկային իրաւունքներու խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Միշել Մուսա եւ նախարարաց խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար, դատաւոր Մահմուտ Մաքքիէ:

Ժողովէն ետք Մուսա յայտնեց, որ բանտերուն մէջ տիրող կացութիւնը բարելաւելու նպատակով նախարարական յանձնախումբը գումարեց նիստ մը, որուն ընթացքին քննարկեց բանտերուն մէջ սննդեղէնի տագնապին, բանտարկեալներու բժշկական խնամքի չգոյութեան եւ անոնց բազմամարդ ըլլալու իրականութեան հարցերը:

Մուսա նշեց, որ իւրաքանչիւր նախարար անդրադարձաւ բանտերուն պարզած ներկայ իրավիճակին` շեշտելով, որ պէտք է հոն նշմարուող մարդկային այդ հարցերուն արագ լուծումներ գտնել:

Մուսա յայտնեց, որ նիստը եղած է դրական, սակայն կարեւորը անկէ բխած արդիւնքներն են ու անոնց գործադրութիւնը:

«Կարեւորը այն է, որ իւրաքանչիւրը ստանձնեց իր պարտականութիւնները, որոնք պէտք է կատարէ: Տակաւին կան քաղաքացիական հաստատութիւնները, որոնք կը գործեն ներքին գործոց նախարարութեան հովանիին ներքեւ եւ անոնք ընկերային օժանդակութիւններ կը տրամադրեն բանտերուն», յայտնեց ան:

Մուսա նկատել տուաւ նաեւ, որ տակաւին կան միջազգային կազմակերպութիւններ, ինչպէս միջազգային Կարմիր խաչն ու Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը, որոնք բանտերուն օժանդակութիւններ կը հայթայթեն, ինչպէս նաեւ հոն կը կառուցեն դարմանատուներ:

Ան յայտնեց, որ իրենք միջազգային կազմակերպութիւններուն դիմած են եւ խնդրած յաւելեալ օժանդակութիւն տրամադրել բանտերուն` նկատի ունենալով երկրին դիմագրաւած ահաւոր տագնապները:

 

Նախորդը

Տար Ֆաթուայի Մէջ. «Կը Մերժենք Հըզպալլայի Խմբակի Յաղթանակին Համար Օրինաթիւ Ապահովել» Շեշտեց Ժեմայէլ

Յաջորդը

Ժետտայի Մէջ. Պու Հապիպ Եւ Մըքտատ Շեշտեցին Սուրիացի Տեղահանուածներուն Տունդարձի Կարեւորութիւնը

RelatedPosts

«Միացեալ Նահանգներ Կը Ջանան Լիբանանի Մէջ Յարմար Առիթէն Օգտուիլ Հըզպալլայի Իրանեան Ֆինանսաւորումը Խափանելու Համար»   Կ՛ըսէ Ամերիկացի Պաշտօնատար Մը
Գլխաւոր լուրեր

«Միացեալ Նահանգներ Կը Ջանան Լիբանանի Մէջ Յարմար Առիթէն Օգտուիլ Հըզպալլայի Իրանեան Ֆինանսաւորումը Խափանելու Համար» Կ՛ըսէ Ամերիկացի Պաշտօնատար Մը

Նոյեմբեր 10, 2025
Անդրադառնալով Իսրայէլի Հետ  Բանակցութիւններու Հարցին`  Պըրրի. «Գոյութիւն Ունի «Մեքանիզմ» Կոչուողը,  Որ Պէտք Է Կանոնաւոր Կերպով Ժողով Գումարէ,  Եւ Անհրաժեշտութեան Պարագային  Կարելի Է Մասնագէտներու Դիմել»
Լիբանանեան

Պըրրի. «Իսրայէլի Հետ Յարաբերութիւններու Բնականոնացումը Բացառուած Է»

Նոյեմբեր 10, 2025
Մըթրի. «Եգիպտական Նախաձեռնութիւնը Լիբանանի Համար Օգտակար Է»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Եգիպտական Նախաձեռնութիւնը Լիբանանի Համար Օգտակար Է»

Նոյեմբեր 10, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?