Աղէտներուն շտապ հակազդելու գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար հազարապետ-զօրավար Մոհամետ Խէյր այցելեց Ժիպէյլի բարձունքներուն վրայ գտնուող Լասա գիւղաքաղաքը` ընկերակցութեամբ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Ռաէտ Պըրրոյի:
Խէյր ստուգեց Լասայի ներքին փողոցները, որոնք քանդուած էին Լիբանանը հարուածած երկրաշարժին պատճառով:
Մոհամետ Խէյր շեշտեց, որ այս թղթածրարին հետեւած է երեսփոխան Պըրրօ` վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի հետ:
«Խիստ մերժելի է, որ որոշ բնակարաններ անջատուին լիբանանեան որեւէ գիւղաքաղաքէ: Այս մտահոգութեամբ ճարտարապետական յանձնախումբ մը արդէն իսկ ուսումնասիրած է կացութիւնը եւ պատրաստած այս հարցի լուծման իր պատկերացումը», ըսաւ Խէյր:
Ան խոստացաւ ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին գործադրել պէտք եղած աշխատանքները` հակառակ Լիբանանի դիմագրաւած արտակարգ պայմաններուն:
Իր կարգին, Պըրրօ յայտնեց, որ այս այցելութիւնը կատարուած է փուլ եկած ճամբան վերակառուցելու իմաստով Միքաթիի յայտնած համաձայնութենէն ետք:
Պըրրօ շեշտեց նման դժուար պայմաններուն ընթացքին ազգային միասնականութեան եւ համագործակցութեան անհրաժեշտութիւնը:


