Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժետտայի Մէջ. Պու Հապիպ Եւ Մըքտատ Շեշտեցին Սուրիացի Տեղահանուածներուն Տունդարձի Կարեւորութիւնը

May 18, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ երէկ Ժետտայի մէջ իր մասնակցութիւնը բերաւ արաբ արտաքին գործոց նախարարներու խորհրդաժողովին:

Այս շրջագիծին մէջ Պու Հապիպ հանդիպում մը ունեցաւ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ Մըքտատի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Պու Հապիպ եւ Մըքտատ շեշտեցին Լիբանան հասած սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձի կարեւորութիւնը:

Մըքտատ հաստատեց, որ տեղահանուածներու տունդարձը կարիքը ունի կարելիութիւններու` աւելցնելով, որ նոյնիսկ եթէ արեւմտեան երկիրները քաջալերեն կամ խոչընդոտեն այդ վերադարձը, Սուրիա կ՛ողջունէ իր բոլոր զաւակներն ու անոնց երկիր վերադարձը:

Մըքտատ ընդգծեց, որ Սուրիա կը փափաքի, որ իր բոլոր զաւակները տուն վերադառնան, որպէսզի անոնց բեռը հայրենիքը կրէ եւ ոչ ուրիշներ:

Ան նկատել տուաւ, որ Սուրիոյ եւ Լիբանանի միջեւ յարաբերութիւնները մտերմիկ են եւ ամրապնդուած` աւելցնելով, որ անոնց միջեւ համագործակցութիւնը ընթացքի մէջ է` տարբեր մարզերու պարագային:

Մըքտատ ըսաւ, որ Պու Հապիպի հետ հանդիպումը եղած է մտերմիկ, ինչ որ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններուն դրսեւորումը կը նկատուի:

Ան դիտել տուաւ, որ Արաբական վեհաժողովին մթնոլորտը դրական է, եւ տարակարծութիւններ չկան:

Իր կարգին, Պու Հապիպ յայտնեց, որ հանդիպումը եղած է դրական` աւելցնելով, որ տարբեր հարցերու շուրջ համաձայնութիւն գոյացած է, եւ այդ հարցերու շարքին են սուրիացի տեղահանուածներուն եւ թմրեցուցիչի մաքսանենգումի թղթածրարները:

Պու Հապիպ նշեց, որ ինք Մըքտատին յայտնած է իր պատրաստակամութիւնը` այցելելու Դամասկոս, ինչպէս նաեւ հաստատած է, որ Մըքտատի Պէյրութ այցելութիւնը ողջունելի է, երբ որ ան փափաքի այցելել Լիբանան:

Նշենք, որ արաբ արտաքին գործոց նախարարներու խորհրդաժողովին ընթացքին Ալճերիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Աթաֆ յոյս յայտնեց, որ լիբանանեան քաղաքական ուժերը համախոհութիւն կը գոյացնեն Լիբանանը դուրս բերելու իր ներքին տագնապէն:

Իր կարգին, Քաթարի վարչապետ, արտաքին գործոց նախարարի խորհրդական Մաժետ պըն Մոհամետ Անսարի յայտնեց, որ ներկայիս Տոհայի մէջ Լիբանանին վերաբերող յատուկ ժողով մը չկայ:

Ան աւելցուց, որ Քաթարի դերակատարութիւնը կեդրոնացած է լիբանանեան քաղաքական տարբեր ուժերուն միջեւ տեսակէտներու մերձեցում կատարելու վրայ:

Նախորդը

Միքաթի Այցելեց Պըրրիի Եւ Նախագահեց Բանտերուն Վերաբերող Նախարարական Նիստի Մը

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Ռայի Պատրիարքին Ներկայացուցիչը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.