ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը երէկ երեկոյեան հաղորդեց, որ ֆրանսացի դատաւոր Օտ Պորոզի Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի դէմ արձակած է ձերբակալման միջազգային հրամանագիր մը` նկատի ունենալով, որ Սալամէ բացակայած է Փարիզի մէջ իր հարցաքննութեան համար նշանակուած նիստէն:
Սալամէի պաշտպան իրաւաբան Փիեռ Օլիվիէ Սուր յայտնեց, որ Սալամէ բացակայած է այդ նիստէն, որովհետեւ այդ մասին տեղեակ չէ եղած:
Ռիատ Սալամէի գրասենեակը հրամանագիրի արձակումէն վայրկեաններ ետք հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ իր դէմ ձերբակալման հրամանագիր արձակելու ֆրանսական որոշումը երկու չափ երկու կշիռի վրայ հիմնուած արդարութիւն է:
Հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ Սալամէ վիճարկումի պիտի ենթարկէ այդ որոշումը, որ ֆրանսական օրէնքներու խախտում կը նկատուի:
Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ նաեւ, որ ֆրանսացի դատաւորը կանխատրամադրուած վիճակով եւ նախապաշարումներու հիման վրայ տուած է այդ որոշումը: