Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուի ընդունեց միջազգային Կարմիր Խաչի ներկայացուցիչ Սիմոն Քազապիանքան, որուն հետ քննարկեց մարդասիրական ընդհանուր հարցեր:
Մաուլաուիի այցելեց նաեւ Հզօր հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Մըլհեմ Ռիաշի: Քննարկուեցան ներքին լիբանանեան առումով տեղի ունեցող քաղաքական իրադարձութիւնները:
Մաուլաուի հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ երեսփոխան Ուալիտ Պաարինիի եւ հիւսիսային Լիբանանի ու Աքքարի պատուիրակութիւններու հետ:


