Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միքաթի Ֆրանսայի Եւ Իտալիոյ Դեսպաններուն Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

May 16, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիոն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Կրիօ բաւարարուեցաւ ըսելով, որ քննարկած են Լիբանանը յուզող հարցերը:

Միքաթիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Իտալիոյ դեսպան Նիքոլեթա Պոմպարտիերի: Քննարկուեցան երկրին իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Վարչապետին այցելեց նաեւ մարդկային իրաւունքներու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Միշել Մուսա, որ լուսարձակի տակ առաւ բանտերուն դիմագրաւած տագնապները, գերխճողուած ըլլալու, ինչպէս նաեւ սննդեղէնի տագնապ դիմագրաւելու եւ բժշկական խնամքի չգոյութենէ տառապելու իրականութիւնը:

Միքաթիի այցելեց նաեւ բնակարանային վարկերու յատուկ դրամատան ընդհանուր տնօրէն Անթուան Հապիպ` ընկերակցութեամբ դրամատան վարչական խորհուրդի անդամ Թուֆիք Նաժիի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան դրամատան դիմագրաւած դժուարութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Հապիպ յայտնեց, որ Վարկերու արաբական ֆոնտէն կրցած են 165 միլիոն տոլար ձեռք ձգել` աւելցնելով, որ այդ վարկը իրենց պիտի վճարուի երեք փուլերով:

Հապիպ շեշտեց, որ իրենց ստացած այդ վարկին հիման վրայ, դրամատուն դիմող քաղաքացիներուն պիտի տրամադրուի 40.000 տոլար, եթէ անոնց եկամուտը սահմանափակ է, իսկ 50.000 տոլար, եթէ անոնց եկամուտը միջակ կը նկատուի:

Հապիպ շեշտեց, որ դիմորդներուն տրամադրուելիք գումարը ամերիկեան տոլարով պիտի տրուի եւ ոչ թէ լիբանանեան դրամանիշով:

Վարչապետարանի այցելուներէն եղան նաեւ «Օժերօ»-ի ընդհանուր տնօրէն Իմատ Քրէյտիէ, «Իտալ»-ի ընդհանուր տնօրէն Մազեն Սուէյտ եւ նախկին երեսփոխան Խալետ Տահեր:

Միւս կողմէ, Միքաթի հրապարակեց պաշտօնական շրջաբերական մը, որ կը նշէ, թէ Դիմադրութեան եւ ազատագրումի ազգային տօնին առիթով հինգշաբթի, 25 մայիս 2023-ին պետական բոլոր հաստատութիւններն ու քաղաքապետարանները, ինչպէս նաեւ դպրոցներն ու համալսարանները փակ կը մնան:

 

 

Նախորդը

Պոհսալի. «Տուրքի Որեւէ Բարձրացում Իր Անդրադարձը Պիտի Ունենայ Սննդամթերքի Սակերուն Վրայ»

Յաջորդը

Պու Հապիպ Պուխարիի Հետ Քննարկեց Արաբական Վեհաժողովին Նախապատրաստութիւնները, Իսկ Նախագահական Ընտրութեան Թղթածրարը Կը Մնայ Անորոշ

RelatedPosts

Նախագահական Պալատը Լրատուամիջոցներուն  Կոչ Ուղղեց` Լիբանանի Բարեկամ Արտաքին  Որեւէ Կողմի Վրայ «Յարձակում» Չգործելու
Գլխաւոր լուրեր

Նախարարաց Խորհուրդը Այսօր Պաապտայի Պալատին Մէջ Պիտի Քննարկէ Տահր Պայտարի Պայթուցիկ Նիւթերուն Թղթածրարը

October 22, 2026
Նեթանիահու. «Սուրիան Հալէպի Մօտ Օդուժի  Ռազմակայանի Մը Մէջ Թրքական Տեղակայում  Արտօնելով Փոխըմբռնումները Խախտեց  Եւ Մեր Զգուշացումները Անտեսեց»
Լիբանանեան

Նեթանիահու. «Իրանի Հետ Ճակատումի Վճռումէն Առաջ Լիբանանի Մէջ Խաղաղութիւն Պիտի Չհաստատուի»

October 22, 2026
Էրտողան. «Կը Շնորհաւորեմ Սուրիական Եւ Թրքական  Հետախուզութեան Անծանօթ Հերոսները,  Որոնք Պանիասի, Սուրիոյ Եւ Ռեհանլիի Մէջ  Ջարդերու Պատասխանատու Ահաբեկիչը Ձերբակալեցին»
Լիբանանեան

Էրտողան. «Կը Շնորհաւորեմ Սուրիական Եւ Թրքական Հետախուզութեան Անծանօթ Հերոսները, Որոնք Պանիասի, Սուրիոյ Եւ Ռեհանլիի Մէջ Ջարդերու Պատասխանատու Ահաբեկիչը Ձերբակալեցին»

October 22, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.