Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ հասաւ Ժետտա, ուր պիտի նախագահէ 32-րդ Արաբական վեհաժողովին իր մասնակցութիւնը բերող լիբանանեան պաշտօնական պատուիրակութիւնը:
Միքաթի դիմաւորուեցաւ Մեքքայի իշխանի տեղակալ Պատըր պըն Սուլթանի, Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Ապուլ Ղէյթի, Սէուտական Արաբիոյ մէջ Լիբանանի դեսպան Ֆաուզի Քապպարայի եւ Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարիի կողմէ:
Միւս կողմէ, Միքաթի հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ լիբանանեան առումով Արաբական վեհաժողովը խիստ կարեւոր է, որովհետեւ Լիբանան կարիքը ունի օժանդակութեան` դուրս գալու համար իր դիմագրաւած տագնապէն ու մարտահրաւէրներէն:
Միքաթի հաստատեց, որ Սէուտական Արաբիան հիմնական դերակատարութիւն ունեցած է տագնապի լուծման սկզբունքներուն մէջ, յատկապէս նկատի ունենալով Թաէֆի համաձայնագիրը, որ տակաւին կը մնայ երկրին հարցերը տնօրինելու, ինչպէս նաեւ սահմանադրական հաստատութիւններու աշխատանքը համակարգելու լաւագոյն միջոցն ու շրջագիծը:
Միքաթի յոյս յայտնեց, որ Արաբական վեհաժողովը ըլլայ առիթ մը` Լիբանանի մէջ սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին լուծման, որովհետեւ անիկա լիբանանեան իրականութեան վրայ հսկայ ճնշում մը կը բանեցնէ, ինչպէս նաեւ լուրջ սպառնալիք է երկրին կայունութեան:
Միքաթի ըսաւ, որ այս թղթածրարին լուծումը նախ արաբական համագործակցութեան, ապա միջազգային ընտանիքին հետ համադրումի կարիք կը ստեղծէ` աւելցնելով, որ միջարաբական համաձայնութիւնները կրնան իրենց դրական ազդեցութիւնը ունենալ այս թղթածրարին լուծման առումով:
Անդրադառնալով Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ իշխան Մոհամետ Պըն Սալմանի հետ իր ունեցած հանդիպումին` Միքաթի յայտնեց, որ այդ հանդիպումը եղած է անկեղծ` շեշտելով, որ Պըն Սալման հաստատած է Լիբանանին օժանդակելու Սէուտական Արաբիոյ պատրաստակամութիւնը, պայմանով որ լիբանանեան իշխանութիւնները պէտք եղած բարեկարգումները գործադրեն եւ իրենց պարտականութիւնները կատարեն, ինչպէս նաեւ հանրապետութեան նոր նախագահ մը ընտրեն:
Լիբանանեան թղթածրարին առումով գահաժառանգ իշխանին մօտ շօշափելի էր անոր յանձնառութիւնը` Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պահպանելու:
Միքաթի նշեց, որ ինք վստահ է, թէ Սէուտական Արաբիա պիտի մնայ Լիբանանի մեծ եղբայրը:
Միքաթի ընդգծեց, որ Լիբանանի մակարդակին վրայ քաղաքական բոլոր օղակները ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին պէտք է ընտրեն հանրապետութեան նախագահը, որովհետեւ երկիրը առանց հանրապետութեան նախագահի կը տառապի էական լուրջ հարցերէ, որոնց կարելի չէ ժամանակաւոր լուծումներ տրամադրել:
Անդրադառնալով Սէուտական Արաբիոյ մէջ արձանագրուած զարգացումներուն` Միքաթի յայտնեց, որ հոն պատահածը իսկական եւ շինիչ յեղափոխութիւն մըն է, որ յառաջդիմութիւն բերած է երկրին եւ տեսակարար ոստում մը արձանագրած է` բոլորին վկայութեամբ:
Նշենք, որ Միքաթի նախարարները հրաւիրեց խորհրդակցական հանդիպումի մը, որ պիտի գումարուի վարչապետարանին մէջ,
երկուշաբթի, 22 մայիս 2023-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին:
Աւելցնենք, որ Միքաթի իրաքեան պետական պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին լիբանանցիները աւետեց ելեկտրականութեան հոսանքի յաւելեալ ժամերով օժտուելու լուրով` նկատի ունենալով, որ Իրաք համաձայն գտնուած է Լիբանանին տրամադրած նաւթի օժանդակութիւնը աւելցնել` առանց պայմաններ պարտադրելու Լիբանանին:


