Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարի Եարզէի մէջ ընդունեց զբօսաշրջութեան նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Նասսարը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւններն ու փոխադարձ շահերը հետաքրքրող կարգ մը հարցեր:
Պուխարիի այցելեց նաեւ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնի գործակատար գնդապետ-զօրավար Էլիաս Պայսարի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, Լիբանանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ ապահովական գործակցութիւնն ու զայն բարելաւելու միջոցները, ինչպէս նաեւ զոյգ երկիրներուն վերաբերող շարք մը հարցեր:
Նշենք, որ Պուխարի ընդունեց Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ Փաուլօ Պորճիան: