Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արաբական Վեհաժողովէն Լիբանանին Համար Յատուկ Որոշո՞ւմ

May 17, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուրբաթ, 19 մայիս 2023-ին, Ժետտայի մէջ գումարուելիք Արաբական վեհաժողովին ընթացքին լիբանանեան ակնկալութիւններն ու Լիբանանը յատուկ ուշադրութեան արժանացնելու տեղեկութիւնները հետզհետէ կը շեշտուին:

Օրըստօրէ աւելի յստակ կը դառնայ բոլորին համար, որ Արաբական վեհաժողովէն բխելիք եզրափակիչ հաղորդագրութիւնը պիտի բովանդակէ Լիբանանին վերաբերող յատուկ որոշում մը, որուն լոյսին տակ կարելի պիտի ըլլայ լուծել Լիբանանի դիմագրաւած տագնապները:

Կը նախատեսուի նաեւ, որ Արաբական վեհաժողովին ընթացքին վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի իր արտասանելիք խօսքին մէջ կոչ պիտի ուղղէ արաբ ղեկավարներուն օժանդակելու Լիբանանին, որուն դիմագրաւած տագնապները ահաւոր վիճակի հասած են:

Նշենք, որ այս շրջագիծին մէջ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպը, որուն հետ քննարկեց Արաբական լիկային կազմակերպած 32-րդ Արաբական վեհաժողովին նախապատրաստութիւնները:

Պու Հապիպ շեշտեց, որ ինք երէկ արդէն իսկ պիտի մեկնէր Սէուտական Արաբիա` իր մասնակցութիւնը բերելու համար Արաբական վեհաժողովի նախօրեակին գումարուելիք արաբ արտաքին գործոց նախարարներու ժողովին:

Միւս կողմէ, գաղթականներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Իսամ Շարաֆէտտին յայտնեց, որ Միքաթիի հետ իր ունեցած վերջին հանդիպումին ընթացքին վերջինս հաստատած է անձամբ Սուրիա մեկնելու իր պատրաստակամութիւնը` նախագահելով լիբանանեան նախարարական պատուիրակութեան:

Շարաֆէտտին նշեց, որ Միքաթի Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ պիտի հանդիպի Ժետտայի մէջ` Արաբական վեհաժողովին ընթացքին, իսկ 22 մայիսին կառավարութեան գումարելիք նիստին ընթացքին պիտի քննարկուի սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարը, որուն լոյսին տակ պիտի ճշդուի լիբանանեան պաշտօնական պատուիրակութեան Սուրիա կատարելիք այցելութեան թուականը:

 

 

Նախորդը

Ֆատի Ալամէ Եւ Յ. Բագրատունի Հանդիպում Մը Ունեցան Ինտոնեզիական Պատուիրակութեան Մը Հետ

Յաջորդը

Փաթել. «Ուաշինկթըն Կը Հաւատայ, Որ Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Տեւական Խաղաղութիւնը Կարելի Է»

RelatedPosts

Գլխաւոր լուրեր

October 15, 2026
Ակնարկ.  Սահմանի Բացման Վաղուան (Ան)Հաւանականութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սահմանի Բացման Վաղուան (Ան)Հաւանականութիւնը

October 15, 2026
Թրամփ. «Իրանցիներուն Ծանր Դաս Մը Պիտի Տանք,  Որովհետեւ Մեր Համբերութիւնը Վերջացաւ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանցիներուն Ծանր Դաս Մը Պիտի Տանք, Որովհետեւ Մեր Համբերութիւնը Վերջացաւ»

October 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.