Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարին, որուն հետ քննարկեց Արաբական վեհաժողովին նախապատրաստութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-սէուտական երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Միւս կողմէ, հակառակ վերջին 10 օրուան ընթացքին արձանագրուած շարժումին եւ այցելութիւններու շարքին, Լիբանանի մէջ նախագահական դատարկութեան փուլը դժբախտաբար կը շարունակուի, իսկ նախագահական ընտրութեան թղթածրարի ճակատագիրը կը մնայ անորոշ, որովհետեւ քաղաքական կողմերուն միջեւ երկխօսութիւն կատարելու նշոյլն իսկ չի նշմարուիր:
Այս շրջագիծին մէջ, երեսփոխան Նաամաթ Աֆրամ այցելեց Պուխարիի, որուն հետ քննարկեց նախագահական ընտրութեան կարեւորութիւնը:
Նախագահական ընտրութեան առումով լիբանանեան մամուլին մէջ վերլուծումները կը շարունակուին հրատարակուիլ եւ տարբեր դիտանկիւններէ դիտել կայանալիք սահմանադրական այդ գործընթացը:
Լիբանանեան մամուլին համաձայն, կը նախատեսուի, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի եւ Հըզպալլայի յարաբերականի պատասխանատու Ուաֆիք Սաֆայի միջեւ հանդիպում մը կայանայ մօտիկ եւ այդ հանդիպումը արդիւնաւորուի յստակ ուղղուածութեամբ, յատկապէս Պուխարիի կատարած այցելութիւններուն լոյսին տակ:
Միւս կողմէ, Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէի թեկնածութիւնը մերժող ընդդիմադիր քաղաքական ուժերը երէկ սկսան յայտարարել, թէ մօտիկ ապագային իրենց միջեւ պիտի գոյանայ համաձայնութիւն մը` Ֆրենժիէի դէմ թեկնածութիւն առաջադրող նախագահական այլ թեկնածուի մը անձին շուրջ:
Հակառակ երկրին մէջ տիրող այս մթնոլորտին, անորոշութեան, քարացած կեցուածքներուն եւ զիջումներ չկատարելու յանձնառութեան, Լիբանան կը մնայ անակնկալներու երկիրը, եւ շատ հաւանաբար նախագահական ընտրութիւն կարելի կ՛ըլլայ կատարել նախքան 15 յունիսը, յատկապէս` Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի նստաշրջանին աւարտէն ետք:


