ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 94.600 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի հարթակը` 86.300 լ. ոսկի:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն, 95 օքթան պենզինի սակը նուազած է 18.000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինը` 18.000 լ. ոսկիով, մազութը` 13.000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազը` 24.000 լ. ոսկիով:
Վառելանիւթի նոր սակացոյցին համաձայն, 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 1.617.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 1.659.000 լ. ոսկի, իսկ մազութը` 1.386.000 լ. ոսկի եւ պիւթակազը` 889.000 լ. ոսկի:
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ այցելեց հանրապետութեան նախկին միւֆթի շէյխ Հասան Խալետի դամբարանը` վերջինիս սպանութեան 34-րդ տարելիցին առիթով: Տըրիան յայտնեց, որ միւֆթի Հասան Խալետ պիտի մնայ օրինակելի տիպարը եւ այն ռահվիրան, որ իրաւունքը պիտի պաշտպանէր մինչեւ իր վերջին շունչը` առանց յանձնուելու հայրենիքին եւ քաղաքացիներուն դէմ գործուող անիրաւութիւններուն:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց նախագահական պալատի ընդհանուր տնօրէն Անթուան Շքէյրը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
ԱՌԵՒՏՈՒՐԻ եւ տնտեսութեան նախարարի պաշտօնակատար Ամին Սալամ շեշտեց, որ լիբանանեան թղթածրարին նկատմամբ արաբական մօտեցումին մէջ դրական նշոյլներ կարելի է շօշափել: Ան ընդգծեց, որ կայ բարի կամեցողութիւն, որուն արդիւնքները պիտի սկսին նշմարուիլ ամրան:
ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ յայտնեց, որ միայն Լիբանանի մէջ դատաւորը կը պաշտպանէ ամբաստանեալը, իսկ դատական իշխանութիւնը կը վտարէ այն դատաւորը որ կը հետապնդէ յանցագործը:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Հատի Ապուլ Հասան կոչ ուղղեց կարդալու Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի դրսեւորած նշանները եւ որդեգրելու ազգային յանդուգն որոշումը:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Միշել Մուսա յայտնեց, որ Արաբական վեհաժողովը պիտի անդրադառնայ արաբական աշխարհը յուզող շարք մը անլոյծ թղթածրարներու` աւելցնելով, որ Լիբանան պիտի ըլլայ արաբական աշխարհի հետաքրքրութեանց շրջագիծին մէջ:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ֆատի Քարամ յայտնեց, որ խորհրդակցութիւնները առկայ են` յանգելու համար նախագահական միացեալ թեկնածուի մը շուրջ համաձայնութեան մը:
ՀԱՍՊԱՅԱՅԻ եւ Մերժահիունի մէջ լսուեցան մեծ թիւով պայթումներ, որոնք արդիւնք էին իսրայէլեան ուժերուն կատարած սահմանային ռազմափորձերուն:
«ԱՄԱԼ» շարժումի քաղաքական խորհուրդը կոչ ուղղեց օգտուելու շրջանային մակարդակի վրայ արձանագրուած զարգացումներէն եւ համաձայնական դրական մթնոլորտէն, որպէսզի կարելի ըլլայ ընտրել հանրապետութեան նախագահ մը, որ իր կարգին պիտի վարէ հայրենիքի փրկութեան նաւը:


