Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՍԱՀՄԱՆԱԴՐԱԿԱՆ խորհուրդը նախանցեալ օր որոշեց հաստատել քաղաքապետական ընտրութեանց կայացման մէկ տարիով յետաձգման օրինագիծը, որ հրապարակուած էր անցնող 18 ապրիլ 2023-ին: Նշեալ խորհուրդի նախագահ դատաւոր Թաննուս Մըշլեպ մամլոյ ասուլիսով մը հիմնաւորեց խորհուրդի այս որոշումը` դիտել տալով, որ կարելի չէ երկիրը քաղաքապետական, վարչական դատարկութեան մղել` նկատի ունենալով քաղաքապետութեանց եւ թաղապետներու կարեւորութիւնը քաղաքացիներու օրէնսդրական հարցերու դասաւորման գծով: Նշենք, որ քաղաքապետութեանց ընտրութեան կայացման գծով...



















