Լիբանանեան

Պոհսալի. «Տուրքի Որեւէ Բարձրացում  Իր Անդրադարձը Պիտի Ունենայ  Սննդամթերքի Սակերուն Վրայ»

Պոհսալի. «Տուրքի Որեւէ Բարձրացում Իր Անդրադարձը Պիտի Ունենայ Սննդամթերքի Սակերուն Վրայ»

Սննդամթերք ներածողներու սենտիքայի նախագահ Հանի Պոհսալի շեշտեց, որ տուրքի որեւէ բարձրացում իր անդրադարձը պիտի ունենայ սննդամթերքի սակերուն վրայ, եւ ինքնաբերաբար սակերու բարձրացում պիտի արձանագրուի: Պոհսալի կոչ ուղղեց, որ պետութիւնը այլ միջոցներ օգտագործէ իր աշխատանքը ընթացքի մէջ պահելու, եւ անմիջապէս լիբանանցի քաղաքացիներու գրպանին չերկարէ իր ձեռքը, որովհետեւ այդպիսով ան վնաս կը հասցնէ քաղաքացիներուն գնելու կարողութեան: Ան շեշտեց, որ կարելի է հարկերու...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 94.400 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի հարթակը` 86.300 լ. ոսկի: ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարարի պաշտօնակատար Ամին Սալամ Ժետտայի մէջ տեղի ունեցող տնտեսական խորհուրդի նիստին ընթացքին հաստատեց, որ պէտք է մեղմացնել Լիբանանի բեռը` սուրիացի տեղահանուածներու անմիջական եւ ապահով տունդարձ կազմակերպելով: Ան կոչ ուղղեց արաբական երկիրներուն զօրակցելու Լիբանանին` զայն տնտեսական իր տագնապէն փրկելու նպատակով: ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ եւ...

Զօր. Աուն Այցելեց Աքքար Եւ Բացումը  Կատարեց Կարգ Մը Փողոցներու

Զօր. Աուն Այցելեց Աքքար Եւ Բացումը Կատարեց Կարգ Մը Փողոցներու

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն անցեալ շաբաթավերջին այցելեց Աքքար, ուր կատարեց կարգ մը փողոցներու բացումը. այդ փողոցներն են` Պըրժ Տպեպիէ, Սայիտաթ Քալաա, Խըրպեթ Ռըմման, Պըրժ Շատրա, Հնայտեր, Քֆարնուն: Այս արարողութեան ներկայ գտնուեցան հիւսիսային Լիբանանի կարգ մը քաղաքապետներ, թաղապետներ, ինչպէս նաեւ հոգեւորականներ: Այս փողոցները, որոնք կը դիւրացնեն քաղաքացիներու երթեւեկը, իրարու կը կապեն նաեւ սահմանային զինուորական կեդրոններ, որոնք ուղղակիօրէն կապուած են...

Տէյր Ահմարի Մէջ.   Անծանօթներ Սրբապղծած Են  Գերեզմանատունը

Տէյր Ահմարի Մէջ. Անծանօթներ Սրբապղծած Են Գերեզմանատունը

Անցեալ շաբաթավերջին անծանօթներ Տէյր Ահմարի մէջ սրբապղծեցին գերեզմանատունը եւ քանդեցին անոր խաչերը: Շրջանի քաղաքական ուժերը, հոգեւոր հեղինակութիւնները, քաղաքապետութիւնը, թաղապետներն ու Պաալպեք-Հերմելի մէջ գործող ընկերային բոլոր կազմակերպութիւնները խստիւ դատապարտեցին Տէյր Ահմարի գերեզմանատան սրբապղծումը: Պաալպեքի նահանգապետ Պաշիր Խտըր կոչ ուղղեց շրջանի բնակչութեան բարձր աստիճանի ինքնազսպումի ենթարկուելու եւ սպասելու այդ դէպքին վերաբերեալ բացուած հետաքննութեան արդիւնքներուն: Խտըր հաստատեց, որ ինք ապահովական կառոյցներուն հետ կը...

«Ձեր Գլուխներուն Եւ Խիղճերուն Վրայ  Կ՛իյնայ Լիբանանի Քանդումը»  Ըսաւ Ռայի Պատրիարքը` Լիբանանցի  Պատասխանատուներուն

«Ձեր Գլուխներուն Եւ Խիղճերուն Վրայ Կ՛իյնայ Լիբանանի Քանդումը» Ըսաւ Ռայի Պատրիարքը` Լիբանանցի Պատասխանատուներուն

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան Ս. պատարագին, որուն ընթացքին իր արտասանած քարոզին մէջ յայտնեց, որ Լիբանանի երեսփոխանները եւ քաղաքական գործիչները չեն կրնար իրենց ականջները փակ պահել Աստուծոյ խօսքերուն դիմաց եւ անսալ միայն իրենց անձնական շահերու ձայնին, քինախնդրութեան, ատելութեան եւ ոխի ձայնին, եւ շարունակել երկրին կառավարումը` նախագահական դատարկութեան փուլին ընթացքին, քանդել խորհրդարանին օրէնսդրական իրաւասութիւնը, ինչպէս...

Ապպաս Հաժ Հասան Եւ Ալի Համիէ  Շնորհակալութիւն Կը Յայտնեն Իրաքին

Ապպաս Հաժ Հասան Եւ Ալի Համիէ Շնորհակալութիւն Կը Յայտնեն Իրաքին

Երկրագործութեան նախարարի պաշտօնակատար Ապպաս Հաժ Հասան շաբաթավերջին շնորհակալութիւն յայտնեց Իրաքի երկրագործութեան եւ փոխադրութեան նախարարներուն, մաքսատան, սահմանային ուժերուն, ինչպէս նաեւ ներքին գործոց նախարարութեան, որոնք դիւրութիւններ տրամադրեցին, որ լիբանանեան բեռնատարները Իրաքի ճամբով մուտք գործեն Քուէյթ: Հաժ Հասան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Իրաքի մէջ Լիբանանի դեսպանին` բարձր գնահատելով անոր ի գործ դրած ջանքերը: Հաժ Հասան մաղթեց, որ միջարաբական յարաբերութիւնները վերահաստատուին եւ արաբական երկիրներուն փոխադարձ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 94.400 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի հարթակը` 86.300 լ. ոսկի: ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Ուաէլ Ապու Ֆաուր այցելեց Ռաշայայի Լիբանանեան համալսարանի առողջապահական բաժանմունքը, ուր յայտնեց, թէ իրենք պիտի չարտօնեն կրթական կառոյցներուն փակումը: ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Այուպ Հըմայէտ կոչ ուղղեց ընտրելու հանրապետութեան նախագահ մը, որպէսզի կարելի ըլլայ երկիրը բարգաւաճեցնել: ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ուալիտ Պաարինի հարցազրոյցի...

Նախագահական Ընտրութեան Գծով Վերապահ Ու  Խանդավառ Մթնոլորտին Մէջ.  Սերտ Ճիգեր` Երկրի Հրատապ  Հարցերու Լուծման Գծով

Նախագահական Ընտրութեան Գծով Վերապահ Ու Խանդավառ Մթնոլորտին Մէջ. Սերտ Ճիգեր` Երկրի Հրատապ Հարցերու Լուծման Գծով

Վերջին օրերու քաղաքական իրադարձութիւնները նոր հորիզոններ բանալու միտող ջանքերու տպաւորութիւն ձգեցին լիբանանեան քաղաքական, կուսակցական թէ պաշտօնական շրջանակներուն, եւ առհասարակ` հանրային կարծիքին մօտ:  Դիւանագիտական աշխուժ եռուզեռը խոստմնալից քայլերու տպաւորութիւն ձգեց: Արդարեւ, Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարի երէկ շարունակեց իր հանդիպումները Լիբանանի նախագահական ընտրութեան առնչակից անձնաւորութիւններու թէ մարմիններու հետ: Այս ծիրին մէջ, երէկ ուշագրաւ էր դեսպան Պուխարիի այցելութիւնը նախագահական թեկնածու երեսփոխան Միշել...

Նասրալլա. «Նախագահական  Ընտրութեան Գծով Դրական Քայլեր Կան»

Նասրալլա. «Նախագահական Ընտրութեան Գծով Դրական Քայլեր Կան»

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ` ուրբաթ, 12 մայիսի երեկոյեան իր արտասանած ճառին մէջ վերահաստատեց իր կուսակցութեան պատրաստակամութիւնը Լիբանանի կայունութեան ամրապնդման գծով: Տեղական թէ շրջանային նորագոյն իրադարձութիւններուն եւ իսրայէլեան յարձակումներու ծալքերուն անդրադառնալով  Հըզպալլայի ղեկավարը հաստատեց, որ հաղորդակցութեան մէջ են (ինք եւ իր ընկերակիցները) պաղեստինցի ղեկավարներուն հետ: Ան դատապարտեց Իսրայէլի կողմէ պաղեստինցի ղեկավարներու եւ անոնց ընտանիքներու ահաբեկման գործողութիւնները: Նասրալլա վերահաստատեց...

Նախագահական Ընտրութեան Ընդառաջ.  Քաղաքական Մագոգային Ճիգերը  Թափ Կ՛առնեն Զանազան Ուղղութիւններով

Նախագահական Ընտրութեան Ընդառաջ. Քաղաքական Մագոգային Ճիգերը Թափ Կ՛առնեն Զանազան Ուղղութիւններով

Աւելի քան վեց ամիսներէ ի վեր նախագահական ընտրութեան ընդառաջ պատկան կողմերու միջեւ կայացած քուլիսային թէ բացայայտ ճիգերը ստեղծած էին «սպասման» վիճակ: Վերջերս ուշագրաւ աշխուժութիւն նկատուեցաւ մակընթացութեան նշեալ մթնոլորտին մէջ, երբ ներքին թէ արտաքին առնչակից կողմերու ներկայացուցիչներ ձեռնարկեցին մագոգային սերտ շփումներու: Քաղաքական, հոգեւորական, դիւանագիտական թէ կուսակցական անձնաւորութիւններու նախաձեռնած  այդ քայլերէն կարելի է յիշել, օրինակ` խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապի տեսակցութիւնները պատկան...

Նախկին Նախարար Սըժաան  Քազզէ Ոչ Եւս Է

Նախկին Նախարար Սըժաան Քազզէ Ոչ Եւս Է

Երկարատեւ հիւանդութենէ ետք երէկ` հինգշաբթի, 11 մայիս 2023-ին իր մահկանացուն կնքեց նախկին նախարար Սըժաան Քազզէ: Մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ առաւօտ այցելեց հիւանդանոց, ուր անմիջական խնամքի կ՛ենթարկուէր հանգուցեալը: Ֆթուհ Քեսրուանի Ըքէյպէ շրջանի ծնունդ, 71-ամեայ  Սըժաան Քազզէ եղած էր Լիբանանեան ուժերու եւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան պատասխանատու դէմքերէն մէկը: Ան հեղինակած ու հրատարակած է չորս գիրքեր Լիբանանի կացութեան մասին: Վարած է պատասխանատու պաշտօններ:...

Կառավարութիւնը 22 Մայիսին  Պիտի Գումարէ Նիստ Մը

Կառավարութիւնը 22 Մայիսին Պիտի Գումարէ Նիստ Մը

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի վարչապետարանին մէջ ընդունեց կարգ մը նախարարներ, որոնց հետ քննարկեց երկրին եւ իւրաքանչիւր նախարարութեան հետ կապուած շարք մը հարցեր: Վարչապետարանի այցելուներէն եղաւ տեղեկատուութեան նախարարի պաշտօնակատար Զիատ Մքերի, որուն հետ քննարկեց նախարարութեան կապուած հարցերը, յատկապէս պատկերասփիւռի պետական կայանին վերաբերող: Միքաթիի այցելեց նաեւ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ, որուն հետ քննարկեց Ժետտայի մէջ...

Պու Հապիպ. «Լիբանանի Մէջ Սուրիական  Որեւէ Այցելութիւն Ողջունելի Է»

Պու Հապիպ. «Լիբանանի Մէջ Սուրիական Որեւէ Այցելութիւն Ողջունելի Է»

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ սուրիական որեւէ այցելութիւն ողջունելի է` աւելցնելով, որ իրենք իրենց կարգին Սուրիա այցելած են զայն հարուածած երկրաշարժէն ետք ու հանդիպում մը ունեցած Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ: Պու Հապիպ նկատել տուաւ նաեւ, որ Սէուտական Արաբիոյ կողմէ Ասատ պիտի հրաւիրուի Ռիատի մէջ տեղի ունենալիք...

Պու Սաապ. «Կառավարութիւնը Պէտք Չէ  Ուշանայ Սուրիական Պետութեան Հետ  Վերահաստատելու Իր Յարաբերութիւնները»

Պու Սաապ. «Կառավարութիւնը Պէտք Չէ Ուշանայ Սուրիական Պետութեան Հետ Վերահաստատելու Իր Յարաբերութիւնները»

Խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ երէկ խորհրդարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Եասեր Ալաուին, որուն հետ քննարկեց տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները: Հանդիպումին ընթացքին լուսարձակի տակ առնուեցան Արաբական լիկային կողմէ տրուած որոշումները, որոնց շրջագիծին մէջ Պու Սաապ շեշտեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը պէտք չէ ուշանայ սուրիական պետութեան հետ վերահաստատելու իր յարաբերութիւնները, որոնք սառած էին լիբանանեան ներքին տարակարծութիւններուն պատճառով,...

Քըրըմ. «Նորոգութիւն Կատարելու Համար  Գումարներ Չենք Ստացած, Իսկ Ելեկտրածին  Շարժակները Սկսած Են Խանգարուիլ»

Քըրըմ. «Նորոգութիւն Կատարելու Համար Գումարներ Չենք Ստացած, Իսկ Ելեկտրածին Շարժակները Սկսած Են Խանգարուիլ»

Հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարի պաշտօնակատար Ճոնի Քըրըմ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ «Օժերօ»-ի մէջ նորոգութիւններ կատարելու իմաստով կայ կապալառուներու խմբակ մը, որ կը կատարէ նորոգութիւնները` այդ կապալառուներուն հետ մեր ստորագրած աշխատանքի պայմանագիրին հիման վրայ: «Եթէ մենք կապալառուին չվճարենք, ապա ան նորոգութիւն պիտի չկարենայ կատարել», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ նախարարութիւնը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ, սակայն հիմնական դժուարութիւնը այն է, որ...

Ֆրենժիէ Ռիզայի Հետ Քննարկեց Սուրիացի Տեղահանուածներուն Թղթածրարը

Ֆրենժիէ Ռիզայի Հետ Քննարկեց Սուրիացի Տեղահանուածներուն Թղթածրարը

Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ Պնաշյիի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի մարդասիրական հարցերու ներկայացուցիչ Օմրան Ռիզան, որուն հետ քննարկեց սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարը եւ յատկապէս Լիբանանի մէջ տիրող իրադարձութիւնները: Ֆրենժիէ ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ Աւստրալիոյ դեսպան Էնտրիւ Պառնզը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:  

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 94.600 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի հարթակը` 86.300 լ. ոսկի: ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարութիւնը դատապարտեց Կազայի դէմ գործուած իսրայէլեան յարձակումները եւ զգուշացուց իսրայէլեան մագլցումներու վտանգէն, ինչպէս նաեւ իսլամական եւ քրիստոնէական սրբավայրերուն դէմ Իսրայէլի գործած ոտնձգութիւններէն: Արտաքին գործոց նախարարութիւնը կոչ ուղղեց զինադուլ յայտարարելու իմաստով որդեգրուելիք միջազգային արագ միջամտութեան: ՎԱՐՉԱԿԱՆ եւ արդարութեան հարցերու...

Ֆատի Ալամէ Եւ Յ. Բագրատունի Հանդիպում Մը  Ունեցան Յորդանանի Դեսպանին Հետ

Ֆատի Ալամէ Եւ Յ. Բագրատունի Հանդիպում Մը Ունեցան Յորդանանի Դեսպանին Հետ

Արտաքին գործերու եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ֆատի Ալամէ եւ յանձնախումբի զեկուցաբեր, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ խորհրդարանին մէջ հանդիպում մը ունեցան Լիբանանի մէջ Յորդանանի դեսպան Ուալիտ Հատիտի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-յորդանանեան փոխադարձ գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները` տարբեր մարզերու մէջ` նկատի ունենալով փոխադարձ կարիքներն ու...

Պըրրի Պու Սաապի Հետ Քննարկեց Նախագահական  Ընտրութեան Վերաբերող Հարցեր

Պըրրի Պու Սաապի Հետ Քննարկեց Նախագահական Ընտրութեան Վերաբերող Հարցեր

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապը, որուն հետ քննարկեց նախագահական ընտրութեան վերաբերող հարցեր, որոնց շրջագիծին մէջ հաստատեց, որ Պըրրի կառչած կը մնայ իր կեցուածքին: Պու Սաապ նկատել տուաւ, որ քաղաքական ուժերուն միջեւ երկխօսութիւնը մերժելէ ետք, իրենք կը փորձեն նոր ձեւ մը կամ միջոց մը որդեգրել` քաղաքական ուժերը համախմբելու նպատակով: Պու Սաապ յայտնեց, որ...

Դրամատուներուն Մէջ Հաշիւ Ունեցող  Քաղաքացիները Փողոց Կ՛իջնեն

Դրամատուներուն Մէջ Հաշիւ Ունեցող Քաղաքացիները Փողոց Կ՛իջնեն

Դրամատուներուն մէջ հաշիւ ունեցող քաղաքացիները ներկայացնող միութիւններէն «Սարխաթ մուտիհին»-ը երէկ կազմակերպեց բողոքի ցոյց մը, որ սկսաւ առաւօտեան ժամը 10:00-ին, «Աուտէ» դրամատան գլխաւոր կեդրոնին դիմաց, Կեդրոնական Պէյրութ: Փողոց իջած տասնեակներով քաղաքացիներ փորձեցին «Աուտէ» դրամատուն ներխուժել: Անոնք փողոցը անիւներ հրկիզեցին եւ քանդեցին ելեկտրոնային դրամարկղը: Այդ պատճառով ալ արձանագրուեցան բախումներ եւ քարկոծում` ցուցարարներուն եւ դրամատան պահակներուն միջեւ, որոնց պատճառով արձանագրուեցան վիրաւորներ: Ապա ցուցարարները...

Page 271 of 987 1 … 270 271 272 … 987

Արխիւներ