Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տար Ֆաթուայի Մէջ. «Կը Մերժենք Հըզպալլայի Խմբակի Յաղթանակին Համար Օրինաթիւ Ապահովել» Շեշտեց Ժեմայէլ

May 18, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Ժեմայէլ յայտնեց, որ միւֆթիին այցելած են դատապարտելու համար հանրապետութեան նախկին միւֆթի Հասան Խալետի սպանութիւնը, որուն պատճառ հանդիսացան Լիբանանի անկախութեան եւ գերիշխանութեան կառչած մնալու անոր կեցուածքները:

Ժեմայէլ ողջունեց բոլոր նահատակներուն յիշատակը` հաստատելով, որ իրենք կառչած կը մնան 10.452 քառ. քմ Լիբանանին, ազատ ու անկախ եւ գերիշխան Լիբանանին, որ այսօր կը գտնուի վտանգի դիմաց:

Ժեմայէլ ընդգծեց հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը արագացնելու կարեւորութիւնը` հաստատելով, որ իրենք պատրաստ են ուղղուելու խորհրդարան եւ ընտրելու թեկնածու մը` այն թեկնածուներէն, որոնց ինքնութիւնը ընդունելի է իրենց համար:

«Կը մերժենք Հըզպալլայի խմբակի յաղթանակին համար օրինաթիւ ապահովել եւ չենք փափաքիր, որ Լիբանանի մէջ նոր Ղազի Քանաան մը ըլլայ», շեշտեց Ժեմայէլ:

Միւս կողմէ, Ժեմայէլ նախանցեալ գիշեր հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ինք Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի միջեւ միջնորդութիւն չի կատարեր, ինչպէս նաեւ նախկին նախարար Ժիհատ Ազուրի շուկայադրումը չի կատարեր` իբրեւ նախագահական թեկնածու, եւ Պասիլին չէ այցելած, հակառակ անոր որ իրենց միջեւ հաղորդակցութեան միջոցները առկայ են:

Պասիլ նկատել տուաւ, որ իրենք պիտի խանգարեն խորհրդարանի օրինաթիւը, որպէսզի Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ նախագահ չընտրուի: «Մենք ընդդիմութիւն ենք եւ Հըզպալլային անձնատուր պիտի չըլլանք», հաստատեց ան:

Նշենք, որ միւֆթի Տըրիան ընդունեց նաեւ լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութեան ընդհանուր տնօրէն գնդապետ Թոնի Քահուաժին:

Տըրիան բարձր գնահատեց լիբանանեան բանակին ջանքերը` երկրին ապահովական կայունութիւնը պաշտպանելու համար, ինչպէս նաեւ կոչ ուղղեց յանձնառու մնալու լիբանանեան բանակի ցուցմունքներուն` հրամանատարութեամբ զօր. Ժոզեֆ Աունի:

Միւֆթի Տըրիանի այցելեց նաեւ Պետական անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէնի տեղակալ գնդապետ Հասան Շքէյր:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձի թղթածրարը:

 

 

Նախորդը

Ժոմպլաթ. «Նախագահական Ընտրութեան Մարտահրաւէրի Թեկնածուն Մերժեցինք, Սակայն Կարգ Մը Ղեկավարներ Համաձայնութեան Սկզբունքին Չեն Հաւատար»

Յաջորդը

Միքաթի Այցելեց Պըրրիի Եւ Նախագահեց Բանտերուն Վերաբերող Նախարարական Նիստի Մը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.