Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 85.500 լ. ոսկի: ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ հինգշաբթի, 7 սեպտեմբեր 2023-ին պիտի գումարէ զոյգ նիստեր` նախագահութեամբ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի: Պիտի քննարկուի 2024-ի պետական ամավարկը: ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի սակը նուազած է 7000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինը`...

Լիբանանի Մէջ Իրանի Դեսպանին Համաձայն.  Սէուտական Արաբիոյ Մէջ Իրանի Դեսպանը Այսօր Պիտի Ուղղուի Ռիատ

Լիբանանի Մէջ Իրանի Դեսպանին Համաձայն. Սէուտական Արաբիոյ Մէջ Իրանի Դեսպանը Այսօր Պիտի Ուղղուի Ռիատ

Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մուժթապա Ամանի ընկերային ցանցերու ճամբով յայտարարութիւն մը կատարելով նշեց. «Սէուտական Արաբիոյ մէջ Իրանի նոր դեսպան Ալի Ռիտա Անայաթին յայտարարեց, որ երեքշաբթի օր պիտի ուղղուի Ռիատ»: «Ըստ տեղեկութիւններու, Թեհրանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանը եւս նոյն ժամանակամիջոցին պիտի հասնի Իրան», աւելցուց դեսպանը:  

Պըրրի Ընդունեց Ֆրանսայի Եւ Քաթարի Դեսպանները

Պըրրի Ընդունեց Ֆրանսայի Եւ Քաթարի Դեսպանները

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի նոր նշանակուած դեսպան Հերվէ Մակրոն, որուն հետ հանդիպումը ունեցաւ ծանօթացման արարողակարգային բնոյթ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-ֆրանսական յարաբերութիւնները: Պըրրիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Քաթարի նոր նշանակուած դեսպան Սէուտ պըն Ապտել Ռահման պըն Ֆայսալ Թանի Ալ Թանին, որուն հետ հանդիպումը դարձեալ ծանօթացման արարողակարգային բնոյթ ստացաւ: Քննարկուեցան...

Տիմանի Մէջ.   «Սէուտական Արաբիա Կը Յարգէ Լիբանանցիներուն Կամքը»   Շեշտեց Պուխարի

Տիմանի Մէջ. «Սէուտական Արաբիա Կը Յարգէ Լիբանանցիներուն Կամքը» Շեշտեց Պուխարի

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Տիմանի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Սէուտական Արաբիոյ դեսպանատան հրապարակած հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ Ռայի պատրիարքին հետ Պուխարիի հանդիպումը եղաւ առիթ մը` քննարկելու երկկողմանի յարաբերութիւններն ու զանոնք ամրապնդելու հեռանկարները, ինչպէս նաեւ քննարկելու լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս նախագահական ընտրութեան վերաբերող հարցերն ու ընտրութիւնը անյապաղ կատարելու անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի...

Քանաան. «Պետութեան Եւ Դրամատուներուն Հաշիւներուն Չենք Վստահիր»

Քանաան. «Պետութեան Եւ Դրամատուներուն Հաշիւներուն Չենք Վստահիր»

Ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան նախագահելէ ետք յանձնախումբին գումարած ժողովին, յայտնեց, թէ արձանագրուած փլուզումէն ետք իրենք պետութեան ու դրամատուներուն հաշիւներուն չեն վստահիր, բացի երբ չէզոք հաշուեքննութիւն կատարուի: «Մենք սպիտակ չեքի վրայ կը մերժենք ստորագրել` ընթացիկ հարցերու կառավարութեան համար: Մենք մեր խիղճերուն վրայ պարտք չենք ուզեր դնել այն խոստումը, թէ դրամատուները պիտի վերադարձնեն լիբանանցի քաղաքացիներուն իրաւունքները»,...

Մորիս Սլիմ Բանակի Հրամանատարին Հետ Քննարկեց Ապահովական Իրավիճակը

Մորիս Սլիմ Բանակի Հրամանատարին Հետ Քննարկեց Ապահովական Իրավիճակը

Պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմ երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան բանակին կարիքներն ու երկրին ապահովական իրավիճակը: Հանդիպումին ընթացքին մանրամասնութեամբ քննարկուեցան այն միջոցառումները, որոնց կը դիմէ բանակը` զսպելու համար դէպի Լիբանան ապօրինի գաղթը, զօրացնելու համար սահմաններու հսկողութիւնը, աշխուժացնելու համար մաքսանենգումի դէմ պայքարը, ինչպէս նաեւ արգիլելու համար սուրիացի տեղահանուածներուն ապօրինի մուտքը երկիր: Քննարկումի...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.500 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 85.500 լ. ոսկի: ՏԻՒՐԶԻ համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Սամի Ապի Մունա այցելեց Հասպայայի գիւղաքաղաքները, ուր հաստատեց, որ նախագահական դատարկութեան փուլը պատճառ կրնայ դառնալ լիբանանեան պետութեան նկատմամբ վստահութիւնը կորսնցնելու: ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան նոր...

«Մտահոգիչ Է Այն, Որ Արտաքին Կողմեր Լիբանանի Իրավիճակը Չարաշահեն Եւ Ստեղծեն Ամբողջական Փլուզում Պատճառող Անբնական Կացութիւն Մը»   Շեշտեց Յ. Բագրատունի

«Մտահոգիչ Է Այն, Որ Արտաքին Կողմեր Լիբանանի Իրավիճակը Չարաշահեն Եւ Ստեղծեն Ամբողջական Փլուզում Պատճառող Անբնական Կացութիւն Մը» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Ժումհուրիա» օրաթերթին հետ կատարած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ երկրին մէջ կան որոշ քայլեր, որոնք կրնան դրական ըլլալ, եթէ յետին նպատակները վերանան եւ քաղաքական տարբեր ուժերուն միջեւ երկխօսութեան դռները բացուին: «Մնայուն կերպով կը շեշտենք հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան կարեւորութիւնը, եւ յոյսով ենք, որ սեպտեմբեր ամսուան ընթացքին կրնան պատահիլ որոշ...

Պըրրիի Երկխօսութեան Կոչին Մասին Թեր Եւ Դէմ Կարծիքներ

Պըրրիի Երկխօսութեան Կոչին Մասին Թեր Եւ Դէմ Կարծիքներ

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի կողմէ եօթնօրեայ ազգային երկխօսութիւն կատարելու կոչին մասին Լիբանանի մէջ արձանագրուեցան թեր եւ դէմ կեցուածքներ: Այս շրջագիծին մէջ Պըրրիի նպատակն էր քաղաքական բոլոր ուժերը զետեղել իրենց պատասխանատուութեան դիմաց եւ վերջ տալ նախագահական դատարկութեան փուլին: Պըրրիի երկխօսութեան կոչին յաջորդեց մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին կողմէ երէկ արձանագրուած կեցուածքը, որուն համաձայն ան նշեց, որ խորհրդարանին մէջ քաղաքական պատասխանատուները կարիքը...

Մանսուրի Մեկնեցաւ Ռիատ

Մանսուրի Մեկնեցաւ Ռիատ

Կեդրոնական դրամատան կառավարիչի գործակատար Ուասիմ Մանսուրի երէկ մեկնեցաւ Ռիատ` ընդառաջելով Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարիի կողմէ օրեր առաջ իրեն փոխանցուած հրաւէրին: Մանսուրի ներկայ գտնուեցաւ Արաբական դրամատուներու համադաշնակցութեան խորհրդաժողովին: Համադաշնակցութիւնը ողջունեց Մանսուրիի ներկայութիւնը եւ իր յանձնառութիւնը յայտնեց օժանդակելու Լիբանանի Կեդրոնական դրամատան, ինչպէս նաեւ իր կարողութիւնները զետեղելու` Լիբանանը ելեւմտական իր տագնապէն փրկելու ի խնդիր: Կը նախատեսուի, որ Մանսուրի Ռիատի մէջ...

Լիբանանեան Ուժերու Նահատակներու Յիշատակին Նուիրուած Տարեկան Հոգեհանգիստ

Լիբանանեան Ուժերու Նահատակներու Յիշատակին Նուիրուած Տարեկան Հոգեհանգիստ

Կազմակերպութեամբ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան, երէկ երեկոյեան ժամը 5:30-ին, Մեհրապի մէջ կատարուեցաւ Լիբանանեան դիմադրութեան նահատակներու յիշատակին նուիրուած հոգեհանգիստ մը, որուն ընթացքին Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ կատարեց քաղաքական յայտարարութիւններ: Ժահժահ կտրականապէս մերժեց երկխօսութեան հրաւէրը` հաստատելով, որ իրենք պատրաստ են նախագահական դատարկութեան փուլը ամիսներով եւ տարիներով հանդուրժելու, «սակայն բնաւ չեն հանդուրժեր հակառակորդ քաղաքական ուժերուն աւազակութիւնը, փտածութիւնն ու «անոնց պետութեան» կողմէ լիբանանեան...

Ապտոլլահեան. «Մաքրոն Լաւ Չ՛ըմբռներ Լիբանանի Իրականութիւնները»

Ապտոլլահեան. «Մաքրոն Լաւ Չ՛ըմբռներ Լիբանանի Իրականութիւնները»

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Էմիր Ապտոլլահեան հարցազրոյցի մը ընթացքին հաստատեց, որ Թեհրան վստահութիւն ունի Լիբանանի ղեկավարներուն կարողութեան, փորձառութեան եւ կամքին վրայ` նախագահական ընտրութիւն կատարելու եւ նոր կառավարութեան մը կազմութեան առումով: «Հակառակ իրանեան-սէուտական մերձեցումին ունեցած դրական ազդեցութեան, լիբանանցիներն ու Լիբանանի քաղաքական պատասխանատուները պէտք է որոշեն եւ համաձայնութիւն գոյացնեն հանրապետութեան նախագահին շուրջ», ըսաւ ան: Ապտոլլահեան ընդգծեց, որ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի...

Սէյիտ Նասրալլա Նախալէի Եւ Արուրիի Հետ Քննարկեց Դիմադրութեան Վերջին Զարգացումները

Սէյիտ Նասրալլա Նախալէի Եւ Արուրիի Հետ Քննարկեց Դիմադրութեան Վերջին Զարգացումները

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա անցեալ շաբաթավերջին ընդունեց Պաղեստինի մէջ Իսլամական ժիհատի ընդհանուր քարտուղար Զիատ Նախալէն եւ Համասի քաղաքական խորհուրդի նախագահ շէյխ Սալեհ Արուրին, որոնց հետ քննարկեց Դիմադրութեան վերաբերող վերջին զարգացումները: Հըզպալլայի տեղեկատուական գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ հանդիպումին ընթացքին Այսրյորդանանի մէջ տիրող կացութեան ընդհանուր արժեւորում մը կատարուած է, ինչպէս նաեւ քննարկուած են իսրայէլեան նորագոյն սպառնալիքները:...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.500 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը`  85.500 լ. ոսկի: ՅՈՅՆ ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսը կոչ ուղղեց արգիլելու տարբեր առիթներու ընթացքին կրակելու սովորութիւնը, ինչպէս նաեւ պատժելու կրակողները: ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Հանրի Խուրի յայտնեց, որ դատական տարեշրջանին գծով վախ չկայ` աւելցնելով, որ կը ջանան լուծել այն հարցերը, որոնք կը խոչընդոտեն դատաւորներուն...

Հոքշթայն Լաւատեսութեամբ Մեկնեցաւ Լիբանանէն

Հոքշթայն Լաւատեսութեամբ Մեկնեցաւ Լիբանանէն

Հարաւային Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ծովային սահմանագծումի անուղղակի բանակցութիւններուն հսկող ամերիկացի բանագնաց Էյմըս Հոքշթայն`  ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիայի, նախանցեալ երեկոյեան հանդիպում մը ունեցաւ խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապի հետ: Հանդիպումին ընթացքին ընդգծուեցաւ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը: Միւս կողմէ, Լիբանանէն մեկնելէ առաջ Հոքշթայն Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ կատարած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին հաստատեց, որ ինք լաւատեսութեամբ կը...

Ապտոլլահեան. «Նախագահական Ընտրութիւնը Ներքին Լիբանանեան Հարց Է. Իրան Կը Մերժէ Օտար Երկիրներու Միջամտութիւնը` Այլ Պետութիւններու Ներքին Հարցերուն»

Ապտոլլահեան. «Նախագահական Ընտրութիւնը Ներքին Լիբանանեան Հարց Է. Իրան Կը Մերժէ Օտար Երկիրներու Միջամտութիւնը` Այլ Պետութիւններու Ներքին Հարցերուն»

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Էմիր Ապտոլլահեան շարունակեց Լիբանան կատարած իր պաշտօնական այցելութիւնը, որուն շրջագիծին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մուժթապա Ամանիի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, յատկապէս տեղական եւ միջինարեւելեան քաղաքական զարգացումները: Ապտոլլահեան այցելեց նաեւ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպի: Հանդիպումին ընթացքին...

Միքաթի Ողջունեց ՖԻՆԻՒԼ-ի Ուժերուն Խաղաղապահ Առաքելութիւնը Մէկ Տարիով Երկարաձգելու Որոշումը

Միքաթի Ողջունեց ՖԻՆԻՒԼ-ի Ուժերուն Խաղաղապահ Առաքելութիւնը Մէկ Տարիով Երկարաձգելու Որոշումը

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային ուժերուն խաղաղապահ առաքելութիւնը մէկ տարիով երկարաձգելէ ետք, ՖԻՆԻՒԼ-ի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Ապահովութեան խորհուրդը որդեգրած է թիւ 2695 որոշումը, որուն շրջագիծին մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն խաղաղապահ առաքելութիւնը մէկ տարիով երկարաձգուած է: «Թիւ 2695 որոշումի գործադրութեան շրջագիծին մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը իրաւասութիւն ստացած են անկախ կերպով կատարելու իրենց գործողութիւնները`  միաժամանակ...

Իմամ Մուսա Սատըրի Անյայտ Կորսուելուն 45-րդ Տարելիցին Առիթով`   Պըրրի Կը Վերահաստատէ Ազգային Երկխօսութեան Իր Կոչը

Իմամ Մուսա Սատըրի Անյայտ Կորսուելուն 45-րդ Տարելիցին Առիթով` Պըրրի Կը Վերահաստատէ Ազգային Երկխօսութեան Իր Կոչը

Իմամ Մուսա Սատըրի եւ անոր ընկերակիցներուն` շէյխ Մոհամետ Եաագուպի եւ լրագրող Ապպաս Պատրէտտինի անյայտ կորսուելուն 45-րդ տարելիցին առիթով, երէկ երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Ամալ շարժումը Ժնահի մէջ կազմակերպեց ժողովրդային հաւաք մը, որուն ընթացքին խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի ուղղեց օրուան պատգամը: Ան շեշտեց, որ իմամ Մուսա Սատըրի եւ անոր ընկերակիցներուն թղթածրարը պատգամ երկիր Լիբանանի անյայտ կորսուելուն հարցն է` ընդգծելով, որ իրենք կառչած...

Հոքշթայն Պուհապիպի Հետ Քննարկեց Հարաւային Լիբանանի Ցամաքային Սահմանները Ամրացնելու Կարելիութիւնները

Հոքշթայն Պուհապիպի Հետ Քննարկեց Հարաւային Լիբանանի Ցամաքային Սահմանները Ամրացնելու Կարելիութիւնները

Հարաւային Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ծովային սահմանագծումի անուղղակի բանակցութիւններուն հսկող ամերիկացի բանագնաց Էյմըս Հոքշթայն` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիայի, երէկ այցելեց արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու առաքելութիւնը երկարաձգելու որոշումին վերաբերող մանրամասնութիւններ, որոնց շրջագիծին մէջ Հոքշթայն հաստատեց, որ Միացեալ Նահանգներ յանձնառու կը մնան հարաւային Լիբանանի...

«Կը Շարունակենք Զօրակցիլ Լիբանանին Եւ Տարբեր Ուժերը Պիտի Մղենք Համաձայնութիւն Գոյացնելու»  Շեշտեց Ապտոլլահեան

«Կը Շարունակենք Զօրակցիլ Լիբանանին Եւ Տարբեր Ուժերը Պիտի Մղենք Համաձայնութիւն Գոյացնելու» Շեշտեց Ապտոլլահեան

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Էմիր Ապտոլլահեան, աւարտելէ ետք Սուրիա կատարած իր պաշտօնական այցելութիւնը, երէկ յետմիջօրէին Դամասկոսէն ժամանեց Պէյրութի միջազգային օդակայան, ուր  դիմաւորուեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Այուպ Հըմայէտի, երեսփոխաններ Ալի Ամմարի եւ Իպրահիմ Մուսաուիի, արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարութեան արարողակարգային հարցերու տնօրէն Ապիր Ալիի եւ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մուժթապա Ամանիի կողմէ: Օդակայանէն կատարած իր...

Page 249 of 987 1 … 248 249 250 … 987

Արխիւներ