Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Սեպտեմբեր 6, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 85.500 լ. ոսկի:

ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ հինգշաբթի, 7 սեպտեմբեր 2023-ին պիտի գումարէ զոյգ նիստեր` նախագահութեամբ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի: Պիտի քննարկուի 2024-ի պետական ամավարկը:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի սակը նուազած է 7000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինը` 8000 լ. ոսկիով, մազութը` 7000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազը` 6000 լ. ոսկիով: Հետեւաբար 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 1.809.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 1.846.000 լ. ոսկի, իսկ մազութը` 1.666.000 լ. ոսկի եւ պիւթակազը` 914.000 լ. ոսկի:

ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Մուրթատա ընդունեց նախկին փոխվարչապետ Զէյնա Աքըրը, որուն հետ քննարկեց   լիբանանեան իրադարձութիւնները: Մուրթատա եւ Աքըր հաստատեցին, որ Պըրրիի հրաւիրած երկխօսութիւնը առիթ մըն է, որ կրնայ չկրկնուիլ, հետեւաբար պէտք է ընդառաջել անոր` ապահովելու համար Լիբանանի ու լիբանանցիներուն շահերը եւ վերջ տալու համար նախագահական դատարկութեան փուլին:

ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Մորիս Սլիմ երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Սլիմ շնորհակալութիւն յայտնեց Ուաշինկթընի` լիբանանեան բանակին տրամադրած անոր օժանդակութիւններուն համար: Հանդիպումին ընթացքին ընդգծուեցաւ լիբանանեան բանակին դերակատարութեան կարեւորութիւնը` երկրին ապահովական կայունութիւնը ամրապնդելու իմաստով:

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ մեկնեցաւ Գահիրէ` Լիբանանը ներկայացնելու այդտեղ կայանալիք Արաբական լիկայի 60-րդ խորհրդաժողովին, որ պիտի գումարուի 6-7 սեպտեմբեր 2023-ին:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Հերվէ Մակրոն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան-ֆրանսական երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան իրադարձութիւնները: Նշենք, որ Ռայի պատրիարքը հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահէն: Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւններն ու նախագահական ընտրութեան թղթածրարին վերաբերող մանրամասնութիւններ:

ՇԷՅԽ Ահմետ Քապալան երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքան, որուն հետ քննարկեց տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Քապալան հաստատեց, որ ՄԱԿ պէտք է օժանդակէ Լիբանանի եւ Սուրիոյ տագնապներուն ելք մը ապահովելու հիմնական լուծումներուն շուրջ: Ան շեշտեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հրաւիրած երկխօսութեան նիստին կարեւորութիւնը` աւելցնելով, որ Լիբանանը մասնատելու եւ դաշնակցային պետութեան վերածելու մասին յայտարարութիւնները պատերազմի եւ քաոսի կայծեր արձակելու համազօր են:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Ալի Հասան Խալիլ յայտնեց, որ երկխօսութեան մասին երեսփոխանական պլոքներուն յայտարարելիք վերջնական կեցուածքէն կախեալ պիտի ըլլայ անոր կայացումը: Ան նշեց, որ ընդդիմադիր քաղաքական ուժերէն պահանջուած է դրական կեցուածք ցուցաբերել:

ԱՆԿԱԽՈՒԹԻՒՆ շարժումի նախագահ, երեսփոխան Միշել Մուաուատ մերժեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի երկխօսութեան հրաւէրը` հաստատելով, որ իրենց մերժումը հիմնաւորուած է երկրին սահմանադրութեան իրենց կառչածութեամբ:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ճիմի Ժապպուր հաստատեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի կողմէ յղուած երկխօսութեան հրաւէրին առումով Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան պատասխանը դրական է, յատկապէս նկատի ունենալով այն իրականութիւնը, որ անոր պիտի յաջորդեն նախագահական ընտրութեան իրերայաջորդ նիստերը:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ երկխօսութեան հրաւէրը պնդելու կեցուածքը կը միտի հովանաւորել «Նախագահական ի՛մ թեկնածուս կա՛մ դատարկութիւնը» տարազը:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Միշել Տահեր յայտնեց, որ Լիբանան կարիքը ունի անմիջական համաձայնութեան, այլապէս` երկիրը ենթակայ պիտի ըլլայ «երկրաշարժ»-ի մը, որ ամբողջութեամբ պիտի քանդէ Լիբանանը:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլիաս Հանքաշ յայտնեց, որ իրենք պիտի մերժեն պարտադրուած նախագահական թեկնածուն` ամէն իմաստով, այսինքն` երկխօսութեան թատրոնով թէ օտար հովանաւորութեամբ:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ատիպ Ապտել Մեսիհ անհրաժեշտ նկատեց, որ Լիբանանի մէջ քաղաքական համայնքայնացումը ջնջուի:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ֆատի Քարամ յայտնեց, որ Դիմադրութեան առանցքը կը շարունակէ խաբեբայութեան ֆիլմաշարը` աւելցնելով, որ անոր նպատակն է ամբողջացնել իր սկսած ջնջելու ծրագիրը եւ ամբողջութեամբ վերջ տալ Լիբանան հայրենիքին գոյութեան:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն ընդունեց Հզօր Լիբանան համախմբումի երեսփոխաններ Սիմոն Ապի Ռամիան եւ Ասաատ Տըրղամը, որոնք բարձր գնահատեցին լիբանանեան բանակին ջանքերը` երկրին կայունութիւնն ու սահմանային անվտանգութիւնը պաշտպանելու իմաստով:

Նախորդը

Պորել 7-8 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Վրաստան

Յաջորդը

Թինընթի. «Հարաւային Լիբանանի Սահմանամերձ Շրջանին Մէջ Լարուած Վրանները Թիւ 1701 Բանաձեւի Խախտում Կը Նկատուին»

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?