Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կը Շարունակենք Զօրակցիլ Լիբանանին Եւ Տարբեր Ուժերը Պիտի Մղենք Համաձայնութիւն Գոյացնելու» Շեշտեց Ապտոլլահեան

September 1, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Էմիր Ապտոլլահեան, աւարտելէ ետք Սուրիա կատարած իր պաշտօնական այցելութիւնը, երէկ յետմիջօրէին Դամասկոսէն ժամանեց Պէյրութի միջազգային օդակայան, ուր  դիմաւորուեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Այուպ Հըմայէտի, երեսփոխաններ Ալի Ամմարի եւ Իպրահիմ Մուսաուիի, արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարութեան արարողակարգային հարցերու տնօրէն Ապիր Ալիի եւ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մուժթապա Ամանիի կողմէ:

Օդակայանէն կատարած իր յայտարարութեան մէջ Ապտոլլահեան  յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ կատարելիք իրենց քննարկումներուն ընթացքին տարբեր ուժերը պիտի մղեն համաձայնութիւն գոյացնելու, որպէսզի կարելի ըլլայ նախագահական ընտրութիւն կատարել:

Ան հաստատեց, որ լիբանանցի ղեկավարներն են, որոնք պիտի որոշեն հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը:

Ապտոլլահեան Լիբանանին բարիք, բարեկարգում եւ բարգաւաճում մաղթեց` նկատել տալով, որ շրջանային եւ միջազգային տարբեր կողմեր կ՛ակնկալեն Լիբանանին տնտեսապէս եւ առեւտրական առումով օժանդակել, որպէսզի կարելի ըլլայ երկրին տնտեսական կացութիւնը բարելաւել:

«Մենք վստահ ենք, որ Լիբանանի պատասխանատուներն ու լիբանանցիները կարողութիւն ունին քաղաքական ճիշդ որոշում տալու` նախագահական ընտրութեան առումով», ըսաւ ան:

Ապտոլլահեան Լիբանանի կառավարութեան, ժողովուրդին, բանակին եւ Դիմադրութեան բարիք մաղթեց` բացայայտելով, որ սէուտցի պատասխանատուներու հետ իրենց ունեցած քննարկումներուն ընթացքին դրական եւ շինիչ յայտարարութիւններ լսած են` Լիբանանին օժանդակելու իմաստով:

Ան կոչ ուղղեց բոլոր երկիրներուն գործակցելու եւ օժանդակելու Լիբանանին` հաստատելով, որ Իրան մնայուն կերպով կը շարունակէ զօրակցիլ Լիբանանին:

 

Նախորդը

Միքաթի Այցելեց Լիբանանեան Օդուժի Պէյրութի Խարիսխը

Յաջորդը

Հոքշթայն Պուհապիպի Հետ Քննարկեց Հարաւային Լիբանանի Ցամաքային Սահմանները Ամրացնելու Կարելիութիւնները

RelatedPosts

Թրամփ Պաշտօնապէս Ջնջեց Դէպի Պէյրութ  Թռիչքներու Նկատմամբ Հաստատուած Արգելքը
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Պաշտօնապէս Ջնջեց Դէպի Պէյրութ Թռիչքներու Նկատմամբ Հաստատուած Արգելքը

October 12, 2026
«Հըզպալլան Իրանէն  200 Միլիոն Տոլար Չստացաւ»  Կ՛ըսէ Փիկըթ
Լիբանանեան

«Հըզպալլան Իրանէն 200 Միլիոն Տոլար Չստացաւ» Կ՛ըսէ Փիկըթ

October 12, 2026
«Երիտասարդութեան Ու Մարմնակրթութեան  Նախարարութիւնը Պիտի Շարունակէ Աշխատիլ,  Որ Երիտասարդները Ազգային Կեանքի Մէջ  Իսկական Տեղ Ունենան»  Կ՛ըսէ Պայրագտարեան
Լիբանանեան

«Երիտասարդութեան Ու Մարմնակրթութեան Նախարարութիւնը Պիտի Շարունակէ Աշխատիլ, Որ Երիտասարդները Ազգային Կեանքի Մէջ Իսկական Տեղ Ունենան» Կ՛ըսէ Պայրագտարեան

October 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.