Իմամ Մուսա Սատըրի եւ անոր ընկերակիցներուն` շէյխ Մոհամետ Եաագուպի եւ լրագրող Ապպաս Պատրէտտինի անյայտ կորսուելուն 45-րդ տարելիցին առիթով, երէկ երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Ամալ շարժումը Ժնահի մէջ կազմակերպեց ժողովրդային հաւաք մը, որուն ընթացքին խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի ուղղեց օրուան պատգամը:
Ան շեշտեց, որ իմամ Մուսա Սատըրի եւ անոր ընկերակիցներուն թղթածրարը պատգամ երկիր Լիբանանի անյայտ կորսուելուն հարցն է` ընդգծելով, որ իրենք կառչած կը մնան այդ թղթածրարին եւ պիտի շարունակեն այս հարցին հետապնդումը:
Պըրրի հաստատեց, որ այս թղթածրարին վերաբերեալ շրջանառութեան մէջ դրուած անճիշդ յայտարարութիւններն ու հեքիաթները կը միտին շեղել հետաքննութիւնը եւ չբացայայտել ճշմարտութիւնը:
Անդրադառնալով Լիբանանի նախագահական ընտրութեան թղթածրարին` Պըրրի շեշտեց, որ իրենք աշխատած են այդ ընտրութիւնը կատարելու նպատակով, եւ աւելցուց, որ նախագահի ընտրութիւնը պէտք է արդէն իսկ կատարուած ըլլար: «Սակայն հանրապետութեան նախագահը պէտք է ընտրել առանց ուշանալու: Նաեւ պէտք է սրտբաց խօսակցութիւն ունենալ, որպէսզի կարելի ըլլայ լիբանանեան կարգ մը քաղաքական ուժերուն, մասնաւորաբար բամբասողներուն ընթացքը ճշդել: Անոնց կ՛ըսեմ, թէ սխալ հասցէ կ՛այցելէք, զիս չէք ճանչնար, եւ այլ տեղեր թափեցէ՛ք ձեր ջանքերը», ըսաւ ան:
Պըրրի հաստատեց, որ նախագահական ընտրութիւնը կարելի չէ այսպէս կատարել` աւելցնելով, որ կարելի չէ թեկնածու պարտադրել կամ սահմանադրական, օրէնսդրական ու գործադիր իշխանութեանց հաստատութիւնները անդամալուծել: Այս շրջագիծին մէջ ան հարց տուաւ. «Արդեօք խորհրդարանի նախագահը խորհրդարանի օրէնսդրական նիստին ընթացքին պէ՞տք էր միասեռականութիւնը օրինականացնելու օրինագիծը օրակարգի վրայ նկատի ունենար»:
Պըրրի վերահաստատեց ազգային երկխօսութեան իր կոչը: «Սեպտեմբեր ամսուան ընթացքին խորհրդարանին մէջ երկխօսութեան հրամեցէք: Երկխօսութիւն մը` երեսփոխանական պլոքներու նախագահներուն եւ քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներուն միջեւ: Թող այդ երկխօսութիւնը առաւելագոյնը եօթնօրեայ երկխօսութիւն մը ըլլայ, եւ ապա ուղղուինք նախագահական ընտրութեան խորհրդարանի իրերայաջորդ բաց նիստերու` տօնելու համար հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը», ըսաւ ան:
Պըրրի հարց տուաւ, որ նախագահի ընտրութիւնը կամք պարտադրելով կամ սահմանադրական հաստատութիւնները անդամալուծելով կարելի չէ իրականացնել եւ հարց տուաւ, որ արդեօք երկխօսութեան եւ համախոհութեան հրաւիրելը ոճի՞ր է, եւ ի՞նչ արժէք կը ներկայացնէ Լիբանանը` առանց երկխօսութեան:
Պըրրի շեշտեց, որ թշնամի Իսրայէլին կողմէ սպառնալիքներու թափի հզօրացման զուգահեռ Ամալ շարժումը ժիհատական իր մակարդակով պիտի ըլլայ Հըզպալլայի կողքին` պաշտպանելու համար Լիբանանի սուրբ սահմանները: