Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի նոր նշանակուած դեսպան Հերվէ Մակրոն, որուն հետ հանդիպումը ունեցաւ ծանօթացման արարողակարգային բնոյթ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-ֆրանսական յարաբերութիւնները:
Պըրրիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Քաթարի նոր նշանակուած դեսպան Սէուտ պըն Ապտել Ռահման պըն Ֆայսալ Թանի Ալ Թանին, որուն հետ հանդիպումը դարձեալ ծանօթացման արարողակարգային բնոյթ ստացաւ: Քննարկուեցան տեղական եւ շրջանային զարգացումներն ու Լիբանանի ու Քաթարի միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Պըրրիի այցելեց նաեւ նախկին նախարար Ղազի Արիտի: Քննարկուեցան լիբանանեան քաղաքական նորագոյն զարգացումները:
Միւս կողմէ, Պըրրի հարցազրոյցի մը ընթացքին անդրադառնալով նախագահական ընտրութեան հարցով լուծման մը յանգելու համար առաջադրած երկխօսութեան նախաձեռնութիւններուն, վերյիշեցուց լիբանանցիներուն յիշողութեան մէջ իր կատարած մէկ յայտարարութիւնը, որ կ՛ըսէ. «Թող խորհրդարանին մէջ միակամ ըլլանք` ի խնդիր Լիբանանին»:
Ան շեշտեց, որ այս խորհրդարանն է, որ Լիբանանի փրկութեան պատասխանատուութիւնը ստանձնած է, «սակայն մեծամտութիւնը փակած է ոմանց ականջները եւ արգելք հանդիսացած, որ արձակուած այս ճիչը հասնի լիբանանեան քաղաքականութեան խորքին», նշեց ան:
Պըրրի շեշտեց, որ եթէ իրարու հետ նստած եւ երկխօսութիւն կատարած ըլլային, ապա ամիսներ առաջ հանրապետութեան նախագահ մը ընտրած կ՛ըլլային: «Եթէ երկխօսութիւն կատարէինք, նախագահական դատարկութեան փուլին սկսելէն երկու ամիս ետք արդէն իսկ հանրապետութեան նոր նախագահ մը ընտրած կ՛ըլլայինք, եւ երկրին տագնապը աւելի չէր խորանար, իսկ Լիբանանն ու լիբանանցիները այս վիճակին չէին հասներ», յայտնեց ան:
Պըրրի հաստատեց, որ երկխօսութեան իր նախաձեռնութիւնը վերջին առիթն է, որ պէտք է օգտագործել, եթէ իսկապէս կը փափաքին երկիրին խնայել եւ վերջ տալ նախագահական ընտրութեան տագնապին, այլ խօսքով` ունենալ հանրապետութեան նոր նախագահ մը:
Պըրրի նկատել տուաւ, որ իր հրաւիրած երկխօսութիւնը կը ներառէ բոլորը, առանց խտրութեան: Ան աւելցուց, որ այդ հրաւէրը հիմնուած է երկու պլոքներու փափաքին հիման վրայ: «Ինչպէս գիտենք` կայ պլոք մը, որ կը փափաքի երկխօսութիւն կատարել եւ ապա նախագահ ընտրել, իսկ կայ երկրորդ պլոք մը, որ կը փափաքի նախագահ ընտրել եւ ապա երկխօսութիւն կատարել: Հետեւաբար երկու պլոքները գոհացնելու փոխարէն հրաւէրը կը բովանդակէ եօթնօրեայ երկխօսութիւն եւ ապա նախագահական ընտրութիւն: Եթէ երկխօսութեան ընթացքին նախագահական մէկ թեկնածուի շուրջ համաձայնինք` շատ լաւ, իսկ եթէ երկու կամ աւելի թեկնածուներու շուրջ համաձայնինք, ապա կ՛ուղղուինք դահլիճ եւ նախագահական ընտրութիւն կը կատարենք», շեշտեց ան:
Պըրրի հաստատեց, որ երկխօսութեան արդիւնքը ի՛նչ որ ալ ըլլայ, այսինքն` յաջողի կամ ձախողի, ինք պիտի ուղղուի խորհրդարան` նախագահելու համար նախագահական ընտրութեան իրերայաջորդ նիստերուն, մինչեւ սպիտակ մուխի բարձրանալը, այնպէս ինչպէս է կարգը Վատիկանի մէջ:
Խորհրդարանի նախագահը շեշտեց, որ սեպտեմբեր ամսուան ընթացքին պէտք է Լիբանանի տագնապին աւարտը ընդգծել: «Բոլորին պարտականութիւնն է այս ամսուան ընթացքին հանրապետութեան նախագահ մը ընտրել: Կը մաղթեմ, որ երկխօսութիւնը կայանայ եւ անիկա լիբանանցիներուն ցանկութիւնները իրականացնէ, եւ բոլորս միասին տօնակատարենք այս ընտրութիւնը` սեպտեմբերի աւարտէն առաջ: Ապա ուղղուինք կարգաւորելու երկրին քաղաքական կեանքը, կազմելու նոր կառավարութիւնը, որպէսզի սկսինք թօթափել տնտեսական եւ ընկերային տագնապները եւ նոր զարթօնք մը պարգեւենք Լիբանանին», յայտնեց ան:


