Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Ուժերու Նահատակներու Յիշատակին Նուիրուած Տարեկան Հոգեհանգիստ

September 4, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան, երէկ երեկոյեան ժամը 5:30-ին, Մեհրապի մէջ կատարուեցաւ Լիբանանեան դիմադրութեան նահատակներու յիշատակին նուիրուած հոգեհանգիստ մը, որուն ընթացքին Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ կատարեց քաղաքական յայտարարութիւններ:

Ժահժահ կտրականապէս մերժեց երկխօսութեան հրաւէրը` հաստատելով, որ իրենք պատրաստ են նախագահական դատարկութեան փուլը ամիսներով եւ տարիներով հանդուրժելու, «սակայն բնաւ չեն հանդուրժեր հակառակորդ քաղաքական ուժերուն աւազակութիւնը, փտածութիւնն ու «անոնց պետութեան» կողմէ լիբանանեան իսկական պետութիւնը հակակշիռի տակ պահելու իրավիճակը», ըսաւ ան:

Ժահժահ ընդգծեց, որ իրենք կը մերժեն, որ երկրին հանրապետութեան նախագահը ըլլայ հակառակորդ քաղաքական ուժերուն կողմէ պարտադրուելիք անձնաւորութիւն մը` աւելցնելով, որ ան նուազագոյնը պէտք է մարմնաւորէ իրենց համոզումները եւ երկիրը փրկելու համապատասխան կարողութիւններ ունենայ:

Ժահժահ ընդարձակ կերպով անդրադարձաւ Այն Իպըլի բնակիչներէն Էլիաս Հասրունիի սպանութեան` շեշտելով, որ Դիմադրութիւնն ու անոր շուրջ գտնուող քաղաքական ուժերը ոճրագործներու խմբաւորում մը կը նկատուին:

Ան շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ ամէն բան փոխելու եւ զայն Սուրիոյ ու Իրանի նմանակին վերածելու ճիգեր կան` աւելցնելով, որ իրենք կառչած կը մնան այդ ճիգերուն դէմ պայքարելու, որպէսզի երկիրը դուրս բերեն այսօրուան դժոխային մթնոլորտէն:

Ժահժահ հաստատեց, որ Լիբանանեան ուժերը կարող են երկիրը փրկել` աւելցնելով, որ իրենք իրենց խօսքին տէր կը մնան: «Այսինքն` այնպէս ինչպէս երեսփոխանական ընտրութիւններուն մեր կարգախօսներուն ընդմէջէն շեշտած էինք. «Մենք կ՛ուզենք, եւ կարողութիւն ունինք», սակայն այսօր իշխանութեան վրայ չենք գտնուիր, այլ` ընդդիմութիւնն ենք», նշեց ան:

Նախորդը

Ապտոլլահեան. «Մաքրոն Լաւ Չ՛ըմբռներ Լիբանանի Իրականութիւնները»

Յաջորդը

Մանսուրի Մեկնեցաւ Ռիատ

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.