Հարաւային Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ծովային սահմանագծումի անուղղակի բանակցութիւններուն հսկող ամերիկացի բանագնաց Էյմըս Հոքշթայն` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիայի, երէկ այցելեց արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու առաքելութիւնը երկարաձգելու որոշումին վերաբերող մանրամասնութիւններ, որոնց շրջագիծին մէջ Հոքշթայն հաստատեց, որ Միացեալ Նահանգներ յանձնառու կը մնան հարաւային Լիբանանի ապահովական կայունութեան:
Պու Հապիպ յայտնեց, որ Նիւ Եորքի մէջ յայտնած իր կեցուածքը Լիբանանի կառավարութեան տեսակէտն է, որ ամփոփումն է լիբանանեան քաղաքական տարբեր ուժերուն հետ կատարուած իր խորհրդակցութիւններուն:
Պու Հապիպ ընդգծեց, որ Լիբանանի կառավարութեան կեցուածքը կը բխի լիբանանեան շահերն ու գերիշխանութիւնը, ինչպէս նաեւ հարաւային Լիբանանի կայունութիւնը պահպանելու նախանձախնդրութենէն:
Հոքշթայն անդրադարձաւ նաեւ լիբանանեան ջուրերուն մէջ բնական կազի հորատման աշխատանքներուն` աւելցնելով, որ այդ աշխատանքին իմաստով համաշխարհային հետաքրքրութիւն կայ: Ան լաւատեսութիւն յայտնեց այն առումով, որ համաշխարհային այս հետաքրքրութեան լոյսին տակ, եթէ Լիբանան անհրաժեշտ բարեկարգումները կատարէ եւ սահմանադրական գործընթացները իրականացնէ, ապա երկիրը պիտի զետեղուի տնտեսական բարգաւաճման եւ կայունութեան ամրապնդման ուղիին վրայ:
Հարաւային Լիբանանի ցամաքային սահմանները ամրացնելու առումով, Հոքշթայն յայտնեց, որ Հարաւային Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ծովային սահմանագծում կատարելու միջնորդական պարտականութեան յաջողութենէն ետք, ինք կը փափաքի արժեւորել այդ հոլովոյթը սկսելու կողմերուն պատրաստակամութիւնը, ինչպէս նաեւ սերտել նման միջնորդութեան մը ունենալիք արդիւնքը` այս կացութեան ընթացքին, լուծել կարենալու հարաւային Լիբանանի ցամաքային սահմաններուն իմաստով տիրող տարակարծութիւնները:
Պու Հապիպ շեշտեց այս հոլովոյթը սկսելու Լիբանանի պատրաստակամութիւնը` պայմանով որ Լիբանանի բոլոր իրաւունքները յարգուին:
Հոքշթայն եւ Շիա առաւօտեան այցելեցին հարաւային Լիբանան: Նաքուրայի մէջ Հոքշթայն հանդիպում մը ունեցաւ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Արոլտօ Լասարոյի հետ, ինչպէս նաեւ ստուգեց սահմանային Կապոյտ գիծը:
Հոքշթայն նախանցեալ օր հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Ֆայեատի հետ: Ներկայ գտնուեցաւ նաեւ դեսպան Շիա:
ՖԻՆԻՒԼ–ի Միջազգային Խաղաղապահ Ուժերու
Գործունէութիւնը Մէկ Տարիով Երկարաձգուեցաւ
Միւս կողմէ, ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային ուժերուն խաղաղապահ առաքելութիւնը մէկ տարիով երկարաձգեց:
Խորհուրդի նիստը այս որոշումը տուաւ 13 երկիրներու թեր քուէներով: Քուէարկութեան ընթացքին Ռուսիա եւ Չինաստան մնացին ձեռնպահ:
«Էլ. Պի. Սի.» պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը պիտի գործեն երկու սկզբունքներով, թէ՛ լիբանանեան բանակին հետ աշխատանքը համադրելով, եւ թէ՛ ինքնուրոյն հսկողութիւն կատարելով, առանց որեւէ կողմի հետ համադրելու:
Նշենք, որ Ապահովութեան խորհուրդը նախանցեալ օր ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն խաղաղապահ առաքելութիւնը երկարաձգելու որոշումը յետաձգեց` այդ որոշումին շուրջ գոյացած անհամաձայնութեան պատճառով:
Այդ որոշումին մասին տարակարծութիւններ արձանագրուեցան Ֆրանսայի, Միացեալ Նահանգներու եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն միջեւ:
Այս շրջագիծին մէջ դիւանագիտական ջանքերը շարունակուեցան Պէյրութի, Փարիզի, Ուաշինկթընի եւ Ապու Տապիի միջեւ` ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն առաքելութիւնը երկարաձգելու բարեփոխուած որոշումի մը յանգելու նպատակով:
Նշեալ երկիրներուն միջեւ դիւանագիտական ջանքերը կը կեդրոնանան նոր որոշումով գոհացում տալու երկու տեսակէտներուն, որոնցմէ մէկը կը պահանջէ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային ուժերուն գործունէութիւնը մնայուն կերպով համադրել լիբանանեան բանակին հետ, իսկ միւսը կը պահանջէ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային ուժերուն գործունէութեան ազատութիւն տալ, այսինքն` գործել առանց իրենց քայլերը լիբանանեան պետութեան հետ համադրելու:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ հաստատեց, որ նախընտրելի է ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային ուժերուն գործունէութեան եղանակը չփոխել, այլ խօսքով` զայն պահել լիբանանեան բանակի գործակից` լիբանանեան պետութեան գերիշխանութիւնը պարտադրելու:


