Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միքաթի Ողջունեց ՖԻՆԻՒԼ-ի Ուժերուն Խաղաղապահ Առաքելութիւնը Մէկ Տարիով Երկարաձգելու Որոշումը

September 2, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային ուժերուն խաղաղապահ առաքելութիւնը մէկ տարիով երկարաձգելէ ետք, ՖԻՆԻՒԼ-ի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Ապահովութեան խորհուրդը որդեգրած է թիւ 2695 որոշումը, որուն շրջագիծին մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն խաղաղապահ առաքելութիւնը մէկ տարիով երկարաձգուած է:

«Թիւ 2695 որոշումի գործադրութեան շրջագիծին մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը իրաւասութիւն ստացած են անկախ կերպով կատարելու իրենց գործողութիւնները`  միաժամանակ իրենց աշխատանքը համադրելով Լիբանանի կառավարութեան հետ: Թիւ 2695 որոշումին հիմնական նպատակը, նաեւ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին նպատակն է` վերջնական զինադուլ հաստատել եւ տագնապին վերջնական լուծում ապահովել», կը նշէ ՖԻՆԻՒԼ-ի հրամանատարութեան հաղորդագրութիւնը:

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի ողջունեց ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային ուժերուն խաղաղապահ առաքելութիւնը մէկ տարիով երկարաձգելու որոշումը` զայն նկատելով օգտակար գործօն` հարաւային Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը ամրապնդելու:

Միքաթի նկատել տուաւ, որ Լիբանան պահանջած էր հիմնական յօդուած մը, որ ուղղակիօրէն կապուած է ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն աշխատանքը Լիբանանի կառավարութեան հետ համադրելու իմաստով, «եւ ասիկա ինքնին հանգստութիւն պատճառող ազդակ է», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ իրենք շնորհակալ են մեծ թիւով երկիրներու ցուցաբերած ըմբռնումին ու հասկացողութեան համար:

Միքաթի հաստատեց նաեւ, որ այս առիթով Լիբանան կը վերահաստատէ թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան կառչած մնալու իր յանձնառութիւնը, ինչպէս նաեւ միջազգային բոլոր բանաձեւերուն հանդէպ իր յարգանքը, եւ վերստին կը պահանջէ իսրայէլեան ուժերու նահանջը` լիբանանեան բռնագրաւուած հողերէն, ինչպէս` Մազարեհ Շեպաայէն, Քֆարշուպայի բարձունքներէն, Մարիի շրջանէն, ինչպէս նաեւ սահմանային բոլոր այն կէտերէն, որոնք լիբանանեան հողեր կը նկատուին:

«Կը պահանջենք միջազգային ընտանիքէն` ճնշում բանեցնել Իսրայէլի վրայ, որպէսզի ան կասեցնէ Լիբանանի գերիշխանութեան դէմ իր գործած ցամաքային, ծովային եւ օդային ոտնձգութիւնները», յայտնեց ան:

Միքաթի ողջունեց արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպի դիւանագիտական ճիգերը, ինչպէս նաեւ Ապահովութեան խորհուրդի նիստին ընթացքին լիբանանեան պատուիրակութեան ժրաջան եւ հետեւողական աշխատանքը:

Միքաթի հաստատեց, որ տրուած որոշումը հիմնական է` Լիբանանի իրաւունքներն ու գերիշխանութիւնը պահպանելու իմաստով, եւ աւելցուց, որ այս շրջագիծին մէջ իրենցմէ պահանջուած ամբողջ աշխատանքին պատրաստ են ընդառաջելու:

 

 

Նախորդը

Քրեմլին Պաշտօնապէս Հաստատեց. Փութին-Էրտողան Հանդիպումը 4 Սեպտեմբերին Սոչիի Մէջ

Յաջորդը

Ապտոլլահեան. «Նախագահական Ընտրութիւնը Ներքին Լիբանանեան Հարց Է. Իրան Կը Մերժէ Օտար Երկիրներու Միջամտութիւնը` Այլ Պետութիւններու Ներքին Հարցերուն»

RelatedPosts

Լիբանանեան Նախարարական  Պատուիրակութիւն Մը  Դամասկոս Այցելեց
Լիբանանեան

Լիբանանեան Նախարարական Պատուիրակութիւն Մը Դամասկոս Այցելեց

November 3, 2026
Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ  Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական  Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան  Մատակարարումը Ընդհատել
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան Մատակարարումը Ընդհատել

November 3, 2026
Ժողովրդավարական Հանդիպում  Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Ժողովրդավարական Հանդիպում Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.