Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ապտոլլահեան. «Նախագահական Ընտրութիւնը Ներքին Լիբանանեան Հարց Է. Իրան Կը Մերժէ Օտար Երկիրներու Միջամտութիւնը` Այլ Պետութիւններու Ներքին Հարցերուն»

Սեպտեմբեր 2, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Էմիր Ապտոլլահեան շարունակեց Լիբանան կատարած իր պաշտօնական այցելութիւնը, որուն շրջագիծին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մուժթապա Ամանիի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, յատկապէս տեղական եւ միջինարեւելեան քաղաքական զարգացումները:

Ապտոլլահեան այցելեց նաեւ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան ներքին լիբանանեան եւ շրջանային շարք մը հարցեր:

Հանդիպումէն ետք մամլոյ միացեալ ասուլիսի մը ընթացքին Ապտոլլահեան յայտնեց, որ Պու Հապիպի հետ կարեւոր քննարկումներ կատարած է` լիբանանեան-իրանեան երկկողմանի յարաբերութիւններուն կապուած թղթածրարները աշխուժացնելու իմաստով:

Ան վերահաստատեց Իրանի պատրաստակամութիւնը Լիբանանին հետ տնտեսական յարաբերութիւնները ամրապնդելու, ինչպէս նաեւ վերահաստատեց, որ Իրան պատրաստ է Լիբանանի ելեկտրականութեան տագնապը լուծելու:

«Այս շրջանին մէջ Լիբանան կարեւոր դերակատարութիւն եւ կշիռ ունի, հետեւաբար Լիբանանի հետ գործակցութիւն ցանկացող որեւէ պետութեան առաջարկը պիտի նպաստէ տուեալ պետութեան, Լիբանանի եւ ամբողջ շրջանի շահերուն», շեշտեց ան:

Ապտոլլահեան հաստատեց, որ Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնը ներքին հարց է` աւելցնելով, որ Իրան կը մերժէ օտար երկիրներու միջամտութիւնը` այլ պետութիւններու ներքին հարցերուն:

«Մենք վստահ ենք, որ լիբանանցի պատասխանատուները բաւարարաչափ իմաստուն են նախագահական ընտրութեան իմաստով յանգելու վերջնական համաձայնութեան, անշուշտ արտաքին ուժեր եւ ազդակներ կրնան նպաստել լիբանանեան քաղաքական ուժերուն միջեւ խորհրդակցութիւններ ծաւալելու աշխատանքին: Այս առումով մենք այսօր Պէյրութ կը գտնուինք բարձրաձայնելու համար, թէ Իրան կը շարունակէ ամուր կերպով զօրակցիլ Լիբանանին` ժողովուրդին, բանակին եւ Դիմադրութեան, եւ Թեհրան միայն բարիք կը ցանկայ Լիբանանին», ընդգծեց Ապտոլլահեան:

Ապտոլլահեան իր յայտարարութիւնները եզրափակեց կոչ ուղղելով լիբանանցի ղեկավարներուն արագացնելու հանրապետութեան նախագահ մը ընտրելու եւ նոր կառավարութիւն մը կազմելու գծով համաձայնելու թափը:

Իր կարգին, Պու Հապիպ յայտնեց, որ ՄԱԿ-ի որոշումներուն գործադրութիւնը Լիբանանի համար անխուսափելի է` աւելցնելով, որ Լիբանան կ՛ընդունի Ապահովութեան խորհուրդէն բխած վերջին որոշումը:

Ան շեշտեց, որ Լիբանանի համար կարեւորը հարաւային Լիբանանի խաղաղութիւնն ու ապահովական կայունութիւնը պահպանելն է:

Պու Հապիպ նկատել տուաւ, որ Ապահովութեան խորհուրդի անցեալ տարուան որոշումը քողարկուած 7-րդ յօդուածի հիման վրայ տրուած որոշում էր, «եւ այդ պատճառով ալ այս տարի ուզեցինք այդ որոշումը 6-րդ յօդուածին վերադարձնել ու այդ նպատակով ալ ներկայացուցինք ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն աշխատանքը Լիբանանի կառավարութեան հետ համադրաբար կատարելու մօտեցումը», յայտնեց ան:

Պու Հապիպ նշեց, որ Լիբանան իր փափաքածը չկրցաւ ստանալ, որովհետեւ շարք մը երկիրներ համաձայն չգտնուեցան անոր պահանջին, բացի Չինաստանէն եւ Ռուսիայէն, որոնք ընդունեցին Լիբանանի ներկայացուցած բանաձեւը:

«Անցեալ տարուան որոշումը այն էր, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը բացարձակ ազատութեամբ կը գործեն, սակայն այս տարուան թիւ 2695 որոշումը կ՛ընդգրկէ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն ե՛ւ բացարձակ ազատութեամբ գործունէութիւնը, ե՛ւ կը պարտաւորեցնէ զանոնք գործադրելու վաւերացուած համաձայնագիրը, որուն հիման վրայ այդ ուժերը պէտք է հիւրընկալ պետութեան հետ գործակցաբար կատարեն իրենց գործողութիւնները», ըսաւ ան:

Լրագրողներուն կողմէ տրուած հարցումի մը պատասխանելով` Պու Հապիպ յայտնեց, որ Սուրիայէն Լիբանան մեծաթիւ տեղահանուածներու ժամանումին իմաստով մտահոգութիւն կայ` նկատի ունենալով Սուրիոյ մէջ տիրող տնտեսական ահաւոր պայմանները:

Ապտոլլահեան նախանցեալ գիշեր հանդիպում մը ունեցաւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի հետ: Քննարկուեցան Լիբանանն ու շրջանը յուզող իրադարձութիւնները:

Ապտոլլահեան հանդիպում մը ունեցած էր նաեւ Պէյրութի պաղեստինեան խմբաւորումներուն, յատկապէս Համասի եւ Իսլամական ժիհատի ղեկավարութեան հետ:

Հանդիպումին ընթացքին Իրանի դիւանագիտութեան պետը հաստատեց, որ Թեհրան կառչած կը մնայ պաղեստինցի ժողովուրդին, անոր դիմադրութեան ու դատին զօրակցելու ռազմավարութեան:

Ան ընդգծեց Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէիի թելադրանքը, որ կը շեշտէ Այսրյորդանանին զօրակցելու անհրաժեշտութիւնը:

Ապտոլլահեան հաստատեց, որ Իրան պիտի չհրաժարի պաղեստինեան դատին եւ դիմադրութեան զօրակցելու իր կեցուածքէն եւ յանձնառութենէն:

Իրենց կարգին, պաղեստինեան ղեկավարութիւնները շեշտեցին, որ իրենք անշեղ կը մնան դիմադրութենէն` իբրեւ պաղեստինցի ժողովուրդին ռազմավարական ընտրանքը:

Անոնք նշեցին, որ այս փուլին իրենց համար առաջնահերթութիւն է Այսրյորդանանի մէջ դիմադրութեան գործողութիւններէն չհրաժարիլը:

Լիբանանէն մեկնումի պահուն Ապտոլլահեան Պէյրութի միջազգային օդակայանէն յայտարարեց, որ Իրանի եւ Լիբանանի միջեւ յարաբերութիւնները պատմական են, ռազմավարական եւ հոյակապ:

«Մենք բծախնդրութեամբ կը հետեւինք Լիբանանի մէջ արձանագրուող զարգացումներուն եւ կը շարունակենք մեր զօրակցութիւնն ու օժանդակութիւնը Դիմադրութեան` պաշտպանելու համար Լիբանանի ազգային շահերը` ամբողջ շրջանին սպառնացող իսրայէլեան եւ սիոնական ախորժակներուն դէմ», ըսաւ ան:

Ապտոլլահեան շեշտեց, որ իրենք կտրականապէս կը մերժեն լիբանանեան ներքին քաղաքական որոշումներուն վրայ արտաքին որեւէ ճնշում` աւելցնելով, որ եթէ քաղաքական կեանքին վրայ ազդող արտաքին ճնշումներուն ընթացքը շարունակուի, ապա երկրին կացութիւնը աւելի եւս պիտի բարդանայ:

Ապտոլլահեան ընդգծեց, որ Իրան եւ Սէուտական Արաբիա լիբանանեան ներքին քաղաքական որոշումներուն միջամուխ դառնալու նպատակ չունին, «իսկ եթէ Լիբանան համաձայնութիւն յայտնէ, ապա Իրան պատրաստ է Պէյրութ գործուղելու իրանեան արհեստավարժ պատուիրակութիւններ, որոնք 2000 մեկաուաթ ելեկտրականութիւն արտադրող ելեկտրակայաններ պիտի կառուցեն Լիբանանի մէջ», եզրափակեց ան:

 

 

Նախորդը

Միքաթի Ողջունեց ՖԻՆԻՒԼ-ի Ուժերուն Խաղաղապահ Առաքելութիւնը Մէկ Տարիով Երկարաձգելու Որոշումը

Յաջորդը

Հոքշթայն Լաւատեսութեամբ Մեկնեցաւ Լիբանանէն

RelatedPosts

Ռիաշի. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Ուղղակի Բանակցութիւնները Կ՛ընթանան Պըրրիի Հովանաւորութեամբ Եւ Սալամի Համաձայնութեամբ»
Լիբանանեան

Ռիաշի. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Ուղղակի Բանակցութիւնները Կ՛ընթանան Պըրրիի Հովանաւորութեամբ Եւ Սալամի Համաձայնութեամբ»

Հոկտեմբեր 16, 2025
Ժապեր. «Կեդրոնական Դրամատան Նոր Կառավարիչը  Մարտի Աւարտէն Առաջ Պիտի Նշանակուի»
Լիբանանեան

Ժապեր. «Պատերազմին Գինը Անցաւ 11 Միլիառ Տոլարը»

Հոկտեմբեր 16, 2025
Պայրագտարեան Ընդունեց Հնդկաստանի Դեսպանը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց Հնդկաստանի Դեսպանը

Հոկտեմբեր 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?