Մուխթարայի Մէջ. «Միասնաբար Պիտի Գործենք Ի Խնդիր Հայրենիքի Միասնականութեան Եւ Հաշտութիւնը Ընդարձակելու Ամբողջ Լիբանանի Տարածքին» Շեշտեց Ռայի Պատրիարքը
Լեռնալիբանանի հաշտութեան 22-ամեակին առիթով մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ այցելեց Լեռնալիբանան, ուր դիմաւորուեցաւ տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Սամի Ապի Մունայի, ինչպէս նաեւ Լեռնալիբանանի տարբեր գիւղաքաղաքներու քաղաքական հեղինակութիւններուն կողմէ: Այս շրջագիծին մէջ Ռայի պատրիարքը Մուխթարայի մէջ դիմաւորուեցաւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար եւ 2001-ին Լեռնալիբանանի հաշտութիւնը յայտարարած ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Թէյմուր Ժոմպլաթի եւ մեծ...




















