Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Տիմանի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Սէուտական Արաբիոյ դեսպանատան հրապարակած հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ Ռայի պատրիարքին հետ Պուխարիի հանդիպումը եղաւ առիթ մը` քննարկելու երկկողմանի յարաբերութիւններն ու զանոնք ամրապնդելու հեռանկարները, ինչպէս նաեւ քննարկելու լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս նախագահական ընտրութեան վերաբերող հարցերն ու ընտրութիւնը անյապաղ կատարելու անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի նոր նախագահը կարենայ փրկել Լիբանանը, ի մի բերել լիբանանցիները եւ ամրապնդել արաբական հարեւան երկիրներուն հետ Լիբանանի յարաբերութիւնները:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ Լիբանանն ու Սէուտական Արաբիան հետաքրքրող շարք մը միացեալ հարցեր:
Իր կարգին, մարոնի պատրիարքութեան տեղեկատուութեան բաժանմունքի պատասխանատու Ուալիտ Ղայեատ յայտնեց, որ Ռայի պատրիարքին եւ Պուխարիի միջեւ տեղի ունեցած մէկ ժամուան հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նախագահական ընտրութեան թղթածրարը, ինչպէս նաեւ այդ շրջագիծին մէջ Սէուտական Արաբիոյ ի գործ դրած ներքին եւ միջազգային ճիգերը, յատկապէս` ֆրանսական կողմին հետ, արագացնել կարենալու համար նախագահական ընտրութիւնը:
«Պուխարի Սէուտական Արաբիոյ անունով Լիբանանին փոխանցեց լաւագոյն բարեմաղթութիւնները, ինչպէս նաեւ հաստատեց, որ Ռիատ յանձնառու կը մնայ Լիբանանի կայունութեան, ինչպէս նաեւ անոր սահմանադրութեան ու Թաէֆի համաձայնագիրի պահպանումին: Ան նշեց նաեւ, որ Լիբանանի վրայ ոչ ոք նախապայման պէտք է պարտադրէ` աւելցնելով, որ Սէուտական Արաբիա կը յարգէ լիբանանցիներուն կամքը եւ կը գործակցի անոնց հետ` անոնց տուած որոշումներուն համապատասխան», ըսաւ Ղայեատ:
Նշենք, որ հանդիպումէն ետք Պուխարի մեկնումի պահուն յայտնած էր, թէ Ռայի պատրիարքին հետ իր հանդիպումը մնայուն խորհրդակցութիւններ կատարելու շրջագիծին մէջ կ՛իյնայ:


