Լիբանանեան

Միքաթի Այցելեց Լիբանանեան Օդուժի Պէյրութի Խարիսխը

Միքաթի Այցելեց Լիբանանեան Օդուժի Պէյրութի Խարիսխը

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ այցելեց լիբանանեան օդուժի Պէյրութի խարիսխը, ուր հաստատեց, որ լիբանանեան բանակը լիբանանցի երիտասարդութեան այն օրինակն է, որ տեղայնական եւ համայնքային խտրութեան հետ ոչ մէկ առնչութիւն ունի, այլ` կը ներկայացնէ լիբանանեան ազգային շերտերը` իր բոլոր մանրամասնութիւններով: «Լիբանանեան բանակին ներկայութեամբ հայրենիքը ապահով կը մնայ», ըսաւ ան: Միքաթիի այցելութեան ընթացքին խարիսխին մէջ ներկայ գտնուեցաւ նաեւ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ...

Դատախազ Նասսար Փոքրիկն Լին Թալեպը Բռնաբարողն ու Երեք Ուրիշներ Մահապատիժի Կը Դատապարտէ

Դատախազ Նասսար Փոքրիկն Լին Թալեպը Բռնաբարողն ու Երեք Ուրիշներ Մահապատիժի Կը Դատապարտէ

Հիւսիսային Լիբանանի Աւագ քննիչ դատախազ Սամարանտա Նասսար, հնգամեայ Լին Թալեպի բռնաբարումի թղթածրարին առումով աւարտելէ ետք դատավարութիւնները, պատժական օրէնքի թիւ 503 եւ թիւ 504 յօդուածներուն հիման վրայ որոշեց զայն բռնաբարողը, որ մօրեղբայրն է` մահապատիժի դատապարտել: Իսկ պատժական օրէնքի թիւ 549 յօդուածին հիման վրայ, դատախազ Նասսար մահապատիժի դատապարտեց փոքրիկն Լին Թալեպի մայրը, ինչպէս նաեւ մօրենական մեծ հայրն ու մեծ մայրը, որոնք տեղեակ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.600 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 85.500 լ. ոսկի: ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ տեղեկատուական գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Էմիր Ապտոլլահեանի միջեւ հանդիպումը յետաձգուած է այսօրուան: Հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ այսօր` ուրբաթ, 1 սեպտեմբեր 2023-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Այն Թինէի մէջ:...

Պէյրութի Մէջ.   Հոքշթայն Պըրրիի Եւ Միքաթիի Հետ Քննարկեց Հարաւային Լիբանանի Իրադարձութիւնները

Պէյրութի Մէջ. Հոքշթայն Պըրրիի Եւ Միքաթիի Հետ Քննարկեց Հարաւային Լիբանանի Իրադարձութիւնները

Հարաւային Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ծովային սահմանագծումի անուղղակի բանակցութիւններուն հսկող ամերիկացի բանագնաց Էյմըս Հոքշթայն երէկ երկօրեայ այցելութեամբ մը հասաւ Պէյրութ: Հոքշթայն, ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիայի, այցելեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, որուն հետ քննարկեց թիւ 9 նաւթահորի հորատման աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ հարաւային Լիբանանի իրադարձութիւններուն մասին հարցեր: Հանդիպումին ընթացքին Պըրրի շնորհակալութիւն յայտնեց Հոքշթայնի, որուն ջանքերով կարելի եղաւ լիբանանեան...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.650 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 85.500 լ. ոսկի: ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ առաջնահերթութիւն կը նկատուի նախագահական ընտրութիւնը` աւելցնելով, որ այդ ընտրութիւնը իրականացնելու միակ ձեւը ազգային լիբանանեան երկխօսութիւնն է, որպէսզի կարելի ըլլայ տիրող թնճուկներուն հանգուցալուծումը ապահովել եւ հանրապետութեան նոր նախագահին շուրջ համախոհութիւն գոյացնել: Պըրրի ընդունեց Լիբանանի մէջ Քանատայի...

Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի Այցելեց Խորհրդարանի Նախագահ Նեպիհ Պըրրիի

Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի Այցելեց Խորհրդարանի Նախագահ Նեպիհ Պըրրիի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, երէկ` երեքշաբթի, 29 օգոստոսին այցելեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի` անոր Այն Թինէի գրասենեակին մէջ: Խորհրդակցութիւնները կեդրոնացան երկրի ընդհանուր իրավիճակին, քաղաքական նորագոյն զարգացումներուն, ինչպէս նաեւ` օրէնսդրական հարցերու վրայ:

Լիբանանի Այլազան Տագնապներու Մթնոլորտին Մէջ Նախագահական Ընտրութեան Հարցը Դարձեալ Օրակարգի Վրայ

Լիբանանի Այլազան Տագնապներու Մթնոլորտին Մէջ Նախագահական Ընտրութեան Հարցը Դարձեալ Օրակարգի Վրայ

Այն միջոցին, երբ զբօսաշրջութեան նախարարը կ՛աւետէ յաւելեալ երկու միլիոն զբօսաշրջիկներու մօտալուտ Լիբանան ժամանման հաւաստիացումները, անդին լիբանանցիք կը շարունակեն «տապլտկիլ» իրենց օրապահիկի ապահովման հեւքին մէջ: Փաստօրէն, հակառակ պատկան մարմիններու նախաձեռնած բարեփոխման թէ լուծման անդուլ ճիգերուն, երկրի հրատապ հարցերը կը շարունակեն մտահոգել միաժամանակ պատկան պատասխանատուներն ու քաղաքացիները: Այս ծիրին մէջ, երէկ ուշագրաւ էր առողջապահական մէկ պատասխանատուի զգուշացումը, թէ Լիբանանի մէջ քաղցկեղի հիւանդութեան...

Պըրրի. «Նախագահական Ընտրութեան Խորհրդարանական Նիստը Կախեալ Է Նախագահի Անձին Շուրջ Գոյանալիք Համախոհութենէն»

Պըրրի. «Նախագահական Ընտրութեան Խորհրդարանական Նիստը Կախեալ Է Նախագահի Անձին Շուրջ Գոյանալիք Համախոհութենէն»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Պաաս կուսակցութեան նախագահ Ալի Հիժազին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան ընդհանուր իրադարձութիւններն ու քաղաքական բեմը յուզող հարցերը: Հանդիպումէն ետք Հիժազի յայտնեց, որ անդրադարձած է իմամ Մուսա Սատըրի անյայտ կորսուելուն` աւելցնելով, որ այսօր աւելի քան երբեք կարիքը կը զգացուի Մուսա Սատըրին: Միւս կողմէ, Հիժազի ընդգծեց նախագահական ընտրութիւն կատարելու անհրաժեշտութիւնը` հաստատելով, որ միայն երկխօսութեամբ...

Միքաթի Ընդունեց Շարաֆէտտինը Եւ Փտածութեան Դէմ Պայքարելու Ազգային Խորհուրդի Նախագահը

Միքաթի Ընդունեց Շարաֆէտտինը Եւ Փտածութեան Դէմ Պայքարելու Ազգային Խորհուրդի Նախագահը

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի վարչապետարանին մէջ ընդունեց գաղթականներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Իսամ Շարաֆէտտինը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձը կազմակերպելու թղթածրարը: Միքաթիի այցելեց Փտածութեան դէմ պայքարելու ազգային խորհուրդի նախագահ, դատաւոր Քլոտ Քարամը, որ յայտնեց, թէ Միքաթիի յանձնած է խորհուրդին պատրաստած տարեկան առաջին տեղեկագիրը: Քարամ նշեց նաեւ, որ քննարկուած են խորհուրդի աշխատանքներուն վերաբերող շարք մը հարցեր եւ...

Թոնի Ֆրենժիէ. «Թաէֆով Ճշդուած Ապակեդրոնացեալ Դրութիւնն Է, Որ Կ՛առաջնորդէ Դէպի Հաւասարակշռուած Բարգաւաճում»

Թոնի Ֆրենժիէ. «Թաէֆով Ճշդուած Ապակեդրոնացեալ Դրութիւնն Է, Որ Կ՛առաջնորդէ Դէպի Հաւասարակշռուած Բարգաւաճում»

Երեսփոխան Թոնի Ֆրենժիէ այցելեց Մարատայի երիտասարդական եւ ուսանողական բանակավայրը, ուր  հաստատեց, որ Մարատա հոսանքը միշտ կ՛առաջնորդուի քաղաքական իրապաշտութեամբ, ինչպէս նաեւ բազմազան Լիբանանի գոյութեամբ: Ան հաստատեց, որ բազմազանութեամբ ապրող եւ քաղաքակրթութիւններով հարուստ երկիր մը կարիքը ունի շրջաններուն եւ քաղաքացիներուն միջեւ հաւասարակշռուած բարգաւաճումի, որ կ՛ամրապնդէ նաեւ լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը: Այս դիտանկիւնէն մեկնելով` Ֆրենժիէ անհրաժեշտ նկատեց Թաէֆի համաձայնագիրին գործադրութիւնը, մանաւանդ նկատի ունենալով այն,...

Սամի Ժեմայէլ. «Հայրենիքը Առեւանգուած Է Եւ Պիտի Չազատագրուի, Բացի Լիբանանեան Ազգային Ըմբոստութեամբ»

Սամի Ժեմայէլ. «Հայրենիքը Առեւանգուած Է Եւ Պիտի Չազատագրուի, Բացի Լիբանանեան Ազգային Ըմբոստութեամբ»

Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Սամի Ժեմայէլ այցելեց Պաքիշ եւ հանդիպում մը ունեցաւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան ուսանողական բանակումին մասնակիցներուն հետ: Բանակողներուն ուղղած իր խօսքին մէջ Ժեմայէլ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ կ՛ապրին անտառի օրէնքով` զինեալ կուսակցութեան մը տիրապետութեան ներքեւ: «Կուսակցութիւն մը, որ պետութիւնը եւ առկայ բոլոր միջոցները կ՛օգտագործէ` տիրապետելու համար մեր կեանքին, ապագային եւ զաւակներու ապագային», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ Քահհալէի զինեալ միջադէպը յորդեցուց...

Անծանօթներ Պղծած Են Ժիէի Մար Ժըրժոս Եկեղեցին

Անծանօթներ Պղծած Են Ժիէի Մար Ժըրժոս Եկեղեցին

Կիրակիէն երկուշաբթի լուսցող գիշերուան ընթացքին, անծանօթներ մուտք գործեցին Ժիէի Մար Ժըրժոս եկեղեցին, ուր անոնք քանդեցին կարգ մը փոքր արձաններ: Ապահովութեան ուժերը անմիջապէս ուղղուեցան դէպքին վայրը եւ անոր շուրջ բացին հետաքննութիւն: Աւելի ուշ յայտնուեցաւ, որ անծանօթները եկեղեցի մուտք գործած են գողութեան նպատակով: Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա յայտնեց, որ Ժիէն պիտի մնայ ծովեզերեայ Շուֆի հարսը, ազգային համերաշխութեան, խաղաղութեան եւ սիրոյ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.550 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 85.500 լ. ոսկի: ԵՐԷԿ կէսօրին Պէյրութի միջազգային օդակայան հասաւ Լիբանանի մէջ Քաթարի նոր դեսպան շէյխ Սէուտ պըն Ապտել Ռահման պըն Ֆայսալ Ալ Թանի: ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան շեշտեց, որ Կեդրոնական դրամատան հաշիւները իրաւական հաշուեքննութեան ենթարկելու հոլովոյթը պէտք է շարունակուի` աւելցնելով,...

Ընդհանուր Ապահովութեան Ուժերու Հիմնադրութեան Տօնին Առիթով Երեսփոխան Յ. Բագրատունիի Համացանցային Գրառումը

Ընդհանուր Ապահովութեան Ուժերու Հիմնադրութեան Տօնին Առիթով Երեսփոխան Յ. Բագրատունիի Համացանցային Գրառումը

Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու հիմնադրութեան 78-ամեակին առիթով, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի ընկերային ցանցերուն վրայ տեղադրեց հետեւեալ գրառումը. «78 տարի հայրենիքի ծառայութեան ուղիին վրայ: Ողջոյն` ձեր արհեստավարժութեան եւ ի խնդիր Լիբանանի` ձեր տրամադրած բազում զոհողութիւններուն»: Երեսփոխան Բագրատունի իր գրառումին կցեց Ընդհանուր ապահովութեան ուժերէն լուսանկար մը, որուն վրայ նշուեցաւ «78 տարի հայրենիքի ծառայութեան ուղիին վրայ»...

Պու Հապիպ. «Լիբանանի Ծովային  Սահմանագծումին Իմաստով Վերջնական  Համաձայնութիւն Չկայ Տակաւին»

Նիւ Եորքի Մէջ. «Լիբանան Կը Մերժէ ՖԻՆԻՒԼ-ի Ուժերուն Առաքելութիւնը Երկարաձգելու Որոշումի Նախագիծը» Շեշտեց Պու Հապիպ

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ, սերտելէ ետք այն որոշումը, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ կը քննարկուի` երկարաձգելու համար հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն առաքելութիւնը, հաստատեց, որ Լիբանան կը մերժէ զայն: Պու Հապիպ նշեց, որ որոշումը մերժելի է, որովհետեւ ան չի նշեր ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն եւ լիբանանեան բանակով ներկայացուած Լիբանանի կառավարութեան...

Թալալ Սալման Կնքեց Իր Մահկանացուն

Թալալ Սալման Կնքեց Իր Մահկանացուն

Ուրբաթ, 25 օգոստոս 2023-ին, 85-ամեայ Թալալ Սալման կնքեց իր մահկանացուն:   «Սաֆիր» օրաթերթի հիմնադիր Թալալ Սալման փոքր հասակէն կլանուած եղած է տեղեկատուական աշխատանքով եւ մամուլով: Տակաւին երիտասարդ Թալալ Սալման Պեքաայէն փոխադրուած է Պէյրութ, ուր ան սկզբնական շրջանին իբրեւ սրբագրիչ եւ ապա լրագրող աշխատակցած է «Շարք», «Հաուատես», «Սայեատ», «Մուհարրեր» եւ «Ահատ» թերթերուն: Թալալ Սալման իր կարծիքներուն եւ տեսակէտներուն համար քանի մը անգամ...

Պասիլ. «Կառավարութիւնը Լիբանանի  Եւ Լիբանանցիներուն Դէմ Մեծագոյն Մեղսակիցն Է`  Սուրիացի Տեղահանուածներուն Հարցով»

Պասիլ` Դարձեալ Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութեան Ղեկավար

Հզօր Լիբանան համախմբումի նախագահ, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ անցեալ շաբաթավերջին վերընտրուեցաւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար: Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ընտրական խորհուրդի նախագահ, կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Ժիհատ Սալամէ յայտնեց, որ ուրբաթ, 25 օգոստոս 2023-ին, երեկոյեան ժամը 9:00-ին, ընտրական խորհուրդը գումարեց իր նիստը, որուն ընթացքին սերտեց ներկայացուած թեկնածութիւնները, որոնք էին` Ժըպրան Պասիլ` նախագահ, Մաթին Նաժըմ Քթայլի` քաղաքական հարցերով փոխնախագահ եւ Ղասսան Խուրի`...

Ուաֆիք Սաֆա. «Ձերբակալուած Են Լիբանանի Մէջ Պայթումներ Կազմակերպել Միտող Առանձին Խմբաւորումներ»

Ուաֆիք Սաֆա. «Ձերբակալուած Են Լիբանանի Մէջ Պայթումներ Կազմակերպել Միտող Առանձին Խմբաւորումներ»

Հըզպալլայի յարաբերական հարցերու պատասխանատու Ուաֆիք Սաֆա հարցազրոյցի մը ընթացքին յաւելեալ տեղեկութիւններ բացայայտեց Հարաւային արուարձաններու մէջ անձնասպան եղած Ուիսամ Մազեն Տալլայի մասին: Նշենք, որ շաբաթ մը առաջ` ուրբաթ, 18 օգոստոս 2023-էն շաբաթ, 19 օգոստոս լուսցող գիշերուան ընթացքին Հայէլ Սըլլոմի մէջ Տալլա անձնասպան եղաւ, երբ ան իմացաւ, որ Հըզպալլայէն խմբաւորում մը ներխուժում մը պիտի կատարէ իր բնակած շէնքը: Իսկ Հըզպալլա ուղղուած էր...

Ռայի Պատրիարք. «Կ՛աղօթենք, Որ Լիբանանցի Պատասխանատուները Իրենց Անձնական Շահերէն Զերծ Կացուցուին»

Ռայի Պատրիարք. «Կ՛աղօթենք, Որ Լիբանանցի Պատասխանատուները Իրենց Անձնական Շահերէն Զերծ Կացուցուին»

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Տիմանի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան առիթով մատուցուած Ս. պատարագին, որուն ընթացքին իր արտասանած քարոզին մէջ մաղթեց, որ Լիբանանի քաղաքական անձնաւորութիւնները, յատկապէս անոնք, որոնք կը փափաքին Լիբանանի խորհրդարանը բաց պահել, իրենք իրենց լսեն եւ գումարեն հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան իրերայաջորդ նիստեր` երկրին սահմանադրութեան 49-րդ յօդուածին համաձայն: «Լիբանանը հանրապետութեան նախագահ մը ունենալէ զրկելը որո՞ւն շահերուն կը ծառայէ», հարց...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.600 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 85.500 լ. ոսկի: ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա այսօր` երկուշաբթի, 28 օգոստոս 2023-ին պիտի արտասանէ պատկերասփռուած ճառ մը` նուիրուած Բ. ազատագրումի տօնին: ՊԱԱԼՊԵՔ-Հերմել համախմբումի նախագահ, երեսփոխան Հիւսէյն Հաժ Հասան հարց տուաւ, թէ ինչպէ՞ս կարելի է լիբանանեան բանակը հզօրացնել, երբ Միացեալ Նահանգներ կ՛արգիլեն բանակին զինումը: ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ...

Page 250 of 987 1 … 249 250 251 … 987

Արխիւներ