Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մուժթապա Ամանի ընկերային ցանցերու ճամբով յայտարարութիւն մը կատարելով նշեց. «Սէուտական Արաբիոյ մէջ Իրանի նոր դեսպան Ալի Ռիտա Անայաթին յայտարարեց, որ երեքշաբթի օր պիտի ուղղուի Ռիատ»:
«Ըստ տեղեկութիւններու, Թեհրանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանը եւս նոյն ժամանակամիջոցին պիտի հասնի Իրան», աւելցուց դեսպանը:


