Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քանաան. «Պետութեան Եւ Դրամատուներուն Հաշիւներուն Չենք Վստահիր»

September 5, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան նախագահելէ ետք յանձնախումբին գումարած ժողովին, յայտնեց, թէ արձանագրուած փլուզումէն ետք իրենք պետութեան ու դրամատուներուն հաշիւներուն չեն վստահիր, բացի երբ չէզոք հաշուեքննութիւն կատարուի:

«Մենք սպիտակ չեքի վրայ կը մերժենք ստորագրել` ընթացիկ հարցերու կառավարութեան համար: Մենք մեր խիղճերուն վրայ պարտք չենք ուզեր դնել այն խոստումը, թէ դրամատուները պիտի վերադարձնեն լիբանանցի քաղաքացիներուն իրաւունքները», ըսաւ ան:

Այս շրջագիծին մէջ Քանաան յայտնեց, որ դրամատուներուն մէջ գտնուող լիբանանցի քաղաքացիներուն գումարները վերադարձնելու մասին օրինագիծը կ՛անդրադառնայ նաեւ հարիւր հազար տոլար վերադարձնելու կարելիութեան, այն դրամատուներէն, որոնք կարելիութիւն ունին: «Ո՞վ կը ճշդէ, թէ ո՛ր դրամատուներն են, որոնք այդ գումարները փոխանցելու կարողութիւնները ունին, երբ հաշուեքննութիւն չկայ եւ երբ դրամատուներուն գումարներուն մասին տեղեկութիւն չկայ», ըսաւ ան:

Քանաան պահանջեց լիբանանցի քաղաքացիներուն համար լուրջ լուծումներ առաջարկել, այլապէս կառավարութիւնը թող դուրս գայ եւ անկեղծանայ ժողովուրդին հետ, ինչպէս նաեւ պատասխանատուութիւն ստանձնէ` պատասխանատուութենէ փախուստ տալու եւ զայն այլոց վրայ բեռցնելու փոխարէն:

Միւս կողմէ, Քանաան անդրադարձաւ, թէ կառավարութեան կողմէ 2023-ի պետական ամավարկը ոչ թէ իրենց յանձնախումբին չէ հասած, որպէսզի քննարկուի, այլ` խորհրդարան չէ հասած:

Մինչդեռ ելեւմուտքի նախարարութեան տեղեկատուական գրասենեակը հաստատեց, որ 2023-ի պետական ամավարկը իր վերջնական տարբերակով հասած է խորհրդարանի ընդհանուր քարտուղարութեան:

Նախորդը

Մորիս Սլիմ Բանակի Հրամանատարին Հետ Քննարկեց Ապահովական Իրավիճակը

Յաջորդը

Տիմանի Մէջ. «Սէուտական Արաբիա Կը Յարգէ Լիբանանցիներուն Կամքը» Շեշտեց Պուխարի

RelatedPosts

Ռուպիօ Նախագահ Աունը Յորդորած Է Լիբանանի  Եւ Իսրայէլի Բանակներուն Միջեւ Ուղղակի  Հաղորդակցութիւնները Սկսելու
Լիբանանեան

Ռուպիօ Նախագահ Աունը Յորդորած Է Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Բանակներուն Միջեւ Ուղղակի Հաղորդակցութիւնները Սկսելու

October 17, 2026
«Քաթարը Կը Փորձէ Լիբանանի Մէջ Ուժանիւթի Հարցի  Համապարփակ Լուծումներ Ներկայացնել»  Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը
Գլխաւոր լուրեր

«Քաթարը Կը Փորձէ Լիբանանի Մէջ Ուժանիւթի Հարցի Համապարփակ Լուծումներ Ներկայացնել» Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը

October 17, 2026
Խաթիպզատէ. «Լիբանանի Մէջ Իրանի  Դեսպանի Հարցը Պէտք Չէր Այսչափի Հասնէր»
Լիբանանեան

Խաթիպզատէ. «Լիբանանի Մէջ Իրանի Դեսպանի Հարցը Պէտք Չէր Այսչափի Հասնէր»

October 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.