Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

September 4, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.500 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը`  85.500 լ. ոսկի:

ՅՈՅՆ ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսը կոչ ուղղեց արգիլելու տարբեր առիթներու ընթացքին կրակելու սովորութիւնը, ինչպէս նաեւ պատժելու կրակողները:

ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Հանրի Խուրի յայտնեց, որ դատական տարեշրջանին գծով վախ չկայ` աւելցնելով, որ կը ջանան լուծել այն հարցերը, որոնք կը խոչընդոտեն դատաւորներուն աշխատանքը:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հասան Իզզէտտին յայտնեց, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Էմիր Ապտոլլահեանի Լիբանան այցելութիւնը մաս կը կազմէ Լիբանան-Իրան երկկողմանի ամուր յարաբերութեան:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ժամիլ Սէյիտ անդրադարձաւ պետական եւ սեփական դպրոցներուն կացութեան` հարց տալով, թէ կրթութեան նախարարը ինչո՞ւ լուռ է Լիբանանի համեստ ընտանիքներու զաւակներուն առանց կրթութեան մնալու հաւանականութեան աղէտին մասին:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ հաստատեց, որ ազգային շահերը կ՛ենթադրեն, որ լիբանանցիները վերակառուցեն պետականութիւնը եւ ապահովեն երկրին զարթօնքը:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Մըլհեմ Ռիաշի հաստատեց, որ այս ամսուան ընթացքին միջազգային ընտանիքին կողմէ լուրջ ճնշում պիտի բանեցուի` նախագահական ընտրութիւն կատարելու իմաստով, «եւ հաւանական է, որ այդ ճնշումը յաջողութեամբ պսակուի», յայտնեց Ռիաշի:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ Հըզպալլայի եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան միջեւ համաձայնութիւնը զիրենք` իբրեւ Ամալ շարժում, չի պարտաւորեցներ, եթէ այդ համաձայնութեամբ համոզուած չեն զգար: Հաշեմ ընդգծեց, որ Ամալ շարժումը ելեւմտական ապակեդրոնացեալ դրութեան համաձայն պիտի չըլլայ, բացի երբ անոր օրինական սահմաններ ճշդուին:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ֆարես Պուէյզ յայտնեց, որ Լիբանանի ամբողջ պատմութեան ընթացքին կարելի չէ եղած նախագահական ընտրութիւն կատարել առանց երկխօսութեան, նոյնիսկ երբ այդ երկխօսութեան մասին չէ յայտարարուած:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիա հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանան Ուաշինկթընի համար կարեւոր երկիր է` աւելցնելով, որ ինք հպարտ կը զգայ, որ վկայած է Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ծովային սահմանագծումի պատմական իրագործումին:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի նախագահ սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտին անդրադառնալով Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի աւագ խորհրդական Էյմըս Հոքշթայնի կատարած յայտարարութիւններուն, յայտնեց, թէ իրենք ամերիկացիներու խօսքերուն վստահութիւն չեն ընծայեր, որովհետեւ Միացեալ Նահանգները Լիբանանին իսկական թշնամի կը նկատեն:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ հարցազրոյցի մը ընթացքին հաստատեց, որ ինք առաջին իսկ օրէն մերժած է Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւը` աւելցնելով, որ ինք ունի տեղեկութիւններ, թէ Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարի Իրանի դեսպան Մուժթապա Ամանիին յայտնած է, թէ իր երկիրը Հըզպալլայի հետ երկխօսութեան մը սկսելու սեմին կը գտնուի:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն ընդունեց հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարի պաշտօնակատար Ալի Համիէն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ նախարարութեան եւ բանակին միջեւ ստորագրուեցաւ փոխըմբռնումի համաձայնագիր մը, որուն հիման վրայ կարելի պիտի ըլլայ երկրին ծովային կալուածները ստուգել եւ ցանկագրել:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը ուրբաթ, 1 սեպտեմբեր 2023-ին, առաւօտեան ժամը 10:25-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 13:50 թռիչքներ գործեց Տամուրի, Նաամէի, Պէյրութի, Պաապտայի եւ Ալէյի վերեւ: Լիբանանեան բանակը այս հարցին հետապնդումը կատարեց ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն հետ:

 

Նախորդը

Թեհրանի Մէջ Ֆիտանի Հետ Հանդիպումէն Ետք. Ապտոլլահեան. «Կը Յայտնենք, Որ Կովկասի Տարանցման Շրջանին Մէջ Աշխարհագրական Սահմաններու Որեւէ Փոփոխութիւն Պիտի Չընդունինք»

Յաջորդը

Սէյիտ Նասրալլա Նախալէի Եւ Արուրիի Հետ Քննարկեց Դիմադրութեան Վերջին Զարգացումները

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.