Կեդրոնական դրամատան կառավարիչի գործակատար Ուասիմ Մանսուրի երէկ մեկնեցաւ Ռիատ` ընդառաջելով Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարիի կողմէ օրեր առաջ իրեն փոխանցուած հրաւէրին:
Մանսուրի ներկայ գտնուեցաւ Արաբական դրամատուներու համադաշնակցութեան խորհրդաժողովին:
Համադաշնակցութիւնը ողջունեց Մանսուրիի ներկայութիւնը եւ իր յանձնառութիւնը յայտնեց օժանդակելու Լիբանանի Կեդրոնական դրամատան, ինչպէս նաեւ իր կարողութիւնները զետեղելու` Լիբանանը ելեւմտական իր տագնապէն փրկելու ի խնդիր:
Կը նախատեսուի, որ Մանսուրի Ռիատի մէջ քանի մը օրուան կեցութեան ընթացքին հանդիպումներ ունենայ սէուտցի բարձրաստիճան պաշտօնատարներու եւ պատասխանատու անձնաւորութիւններու, յատկապէս ելեւմտական մարզի ներկայացուցիչներուն հետ:
Դրամատնային աղբիւրներ հաստատեցին, որ Մանսուրիի Ռիատ կատարած այցելութիւնը խիստ կարեւոր է, եւ կրնայ դրական ըլլալ Լիբանանի համար:
Նոյն աղբիւրները ընդգծեցին, որ Սէուտական Արաբիա Լիբանանը իր հետաքրքրութեան եւ առաջնահերթութեան օղակէն զերծ չէ կացուցած, այլ` անոր համար կարեւոր է, որ Լիբանանի քաղաքական տագնապը լուծուի, որպէսզի կարելի ըլլայ երկրին դիմագրաւած ելեւմտական եւ տնտեսական տագնապներուն առումով իսկական լուծում ապահովել:
Նշենք, որ Մանսուրի հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ գործադրուող ելեւմտական տնտեսութիւնը պէտք չէ շարունակուի` աւելցնելով, որ Լիբանան կարիքը ունի օժանդակութեան, սակայն նախ եւ առաջ պէտք է ինքնիրեն օգտակար հանդիսանայ եւ ապա օժանդակութիւն խնդրէ:
Ան նշեց, որ Լիբանան կարիքը ունի բարեկարգումներու գործադրութեան, քեփիթըլ քոնթրոլի հաստատումին, դրամատնային մարզի վերակառուցման, ինչպէս նաեւ ելեւմտական հաւասարակշռութեան:
Մանսուրի նկատել տուաւ, որ իր իրաւասութիւնները կ՛արտօնեն, որ ինք ժողովուրդին պատկանող գումարները Լիբանանի պետութեան փոխ տայ, սակայն ինք կտրականապէս կը մերժէ այդ քայլին դիմել:


