Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի կողմէ եօթնօրեայ ազգային երկխօսութիւն կատարելու կոչին մասին Լիբանանի մէջ արձանագրուեցան թեր եւ դէմ կեցուածքներ:
Այս շրջագիծին մէջ Պըրրիի նպատակն էր քաղաքական բոլոր ուժերը զետեղել իրենց պատասխանատուութեան դիմաց եւ վերջ տալ նախագահական դատարկութեան փուլին:
Պըրրիի երկխօսութեան կոչին յաջորդեց մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին կողմէ երէկ արձանագրուած կեցուածքը, որուն համաձայն ան նշեց, որ խորհրդարանին մէջ քաղաքական պատասխանատուները կարիքը ունին սրտով գործելու: «Հետեւաբար եթէ խորհրդարանի տարակարծիք անդամներուն միջեւ այդ երկխօսութիւնը կատարուի, ապա պէտք է կատարուի առանց տեսակէտներ ու ծրագիրներ պարտադրելու եւ նախապէս արձակուած վճիռներով ներկայանալու: Այդ երկխօսութիւնը պէտք է կատարել շրջանցելով անձնական եւ յարանուանական շահերը, ինչպէս նաեւ կառչած մնալ սահմանադրութեան` զայն նկատելով պարտականութիւնները կատարելու միակ ուղին: Պէտք է նաեւ ըլլալ բաւարարաչափ անկեղծ եւ ընդունիլ անձնական սխալները, ինչպէս նաեւ որոնել առարկայական ճշմարտութիւնը, որ կը պահպանէ բոլորին ազատութիւնը եւ կը միասնականացնէ զանոնք», ըսաւ ան:
Խորհրդարանին մէջ Պըրրիի երկխօսութեան կոչին ընդառաջողները մեծամասնութիւն կազմեցին, իսկ այդ մասին արտայայտուող երեսփոխաններու տեսակէտներուն կ՛անդրադառնանք ստորեւ նշուած տողերուն մէջ:
Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ պատասխանելով Պըրրիի նախաձեռնութեան ըսաւ. «Խորհրդարանը սեփականութիւնդ չէ, այլ` լիբանանցիներուն սեփականութիւնը: Հետեւաբար այն առաջարկը, որ երկխօսութեան ներկայանանք, ապա նախագահական ընտրութեան իրերայաջորդ նիստերու հրաւիրես, շանթաժի փորձ մըն է»:
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թէյմուր Ժոմպլաթ յայտնեց, որ իրենք միշտ ալ կոչ ուղղած են երկխօսութեան` յոյս յայտնելով, որ բոլոր հարցերուն պարագային երկխօսութիւնը, համաձայնութիւնն ու հաշտութիւնը ըլլայ ելքը:
Հզօր հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ժորժ Օքէյս հաստատեց, որ իրենք կը մերժեն երկխօսութիւնը, որովհետեւ անիկա ապարդիւն է եւ կը նկատուի երկրին սահմանադրութիւնը խախտելու յաւելեալ փորձ:
Մարատա հոսանքի երեսփոխան Թոնի Ֆրենժիէ յայտնեց, որ ազգային երկխօսութիւն կատարելու Պըրրիի հրաւէրը իմաստուն քայլ է եւ պէտք է ընդառաջել անոր, որպէսզի կարելի ըլլայ նախագահական ընտրութեան առանցքը փակող արգելքները վերացնել:
Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա շեշտեց, որ Պըրրիի երկխօսութեան հրաւէրը դրական է` աւելցնելով, որ նախապէս իրենք եւս շեշտած են լիբանանեան քաղաքական ուժերուն միջեւ առանց նախապայմանի երկխօսութիւն կատարելու անհրաժեշտութիւնը:
Փոփոխութեան երեսփոխան Էլիաս Ժրատէ յայտնեց, որ Պըրրիի հրաւէրը տեղին է եւ արժանապատիւ ելք մը կ՛ապահովէ բոլորին:
Ազատագրում եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ երկխօսութեան հրաւէրը սահմանադրական հաստատութիւններուն հասնելիք հարուած մը չէ եւ անոր աւարտէն ետք կարելի պիտի ըլլայ ապաւինիլ քուէատուփի արդիւնքին:
Հզօր հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ղասսան Հասպանի նշեց, որ Հըզպալլայի եւ անոր դաշնակիցներուն հետ երկխօսութեան որեւէ ձեւ ապարդիւն է` աւելցնելով, որ Պըրրիի պարտականութիւնն է երկրին սահմանադրութիւնը գործադրել:
Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի երեսփոխան Աքրամ Շեհայէպ յայտնեց, որ միայն երկխօսութեամբ եւ իւրաքանչիւր քաղաքական ուժի կողմէ զիջումներով է, որ կարելի պիտի ըլլայ երկրին քաղաքական տագնապը լուծել:
Ան աւելցուց նաեւ, որ ոչ ոք կրնայ իր թեկնածուն պարտադրել այլոց վրայ:
Փոփոխութեան երեսփոխան Ուատտահ Սատեք յայտնեց, որ երբ երկխօսութեան պաշտօնական հրաւէր ստանայ, յստակ գործիքակազմերով, ապա ինք իր կեցուածքը կը յայտարարէ:
Փոփոխութեան երեսփոխան Մըլհեմ Խալաֆ պահանջեց սահմանադրութիւնը գործադրել եւ խորհրդարանը նախագահական ընտրութեան նիստի հրաւիրել` շեշտելով, որ երկխօսութեան հրաւէրը անյստակ է եւ անոր մասին կարելի չէ կեցուածք արտայայտել:
Միւս կողմէ, Կեդրոնական դրամատան կառավարիչի գործակատար Ուասիմ Մանսուրի երէկ մեկնեցաւ Ռիատ` ընդառաջելով Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարիի կողմէ օրեր առաջ իրեն փոխանցուած հրաւէրին:
Կը նախատեսուի, որ Մանսուրի քանի մը օրուան կեցութեան ընթացքին հանդիպումներ ունենայ սէուտցի բարձրաստիճան պաշտօնատարներու եւ պատասխանատու անձնաւորութիւններու, յատկապէս ելեւմտական մարզի ներկայացուցիչներուն հետ:
Դրամատնային աղբիւրներ հաստատեցին, որ Մանսուրիի Ռիատ կատարած այցելութիւնը խիստ կարեւոր է եւ կրնայ դրական ըլլալ Լիբանանի համար:
Նոյն աղբիւրները ընդգծեցին, որ Սէուտական Արաբիա Լիբանանը իր հետաքրքրութեան եւ առաջնահերթութեան օղակէն զերծ չէ կացուցած, այլ` անոր համար կարեւոր է, որ Լիբանանի քաղաքական տագնապը լուծուի, որպէսզի կարելի ըլլայ երկրին դիմագրաւած ելեւմտական եւ տնտեսական տագնապներուն առումով իսկական լուծում ապահովել: