Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ապտոլլահեան Պիտի Այցելէ Լիբանան. Միքաթի Ազդեցիկ Քաղաքական Ուժերուն Ինքնազսպումի Կոչ Կ՛ուղղէ

October 13, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մուժթապա Ամանի երէկ յայտարարեց, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Էմիր Ապտոլլահեան երէկ սկսաւ շրջանային երկիրներու շրջապտոյտի մը, որ պիտի ընդգրկէ նաեւ Լիբանանը:

Նշենք, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ Իրանի իր պաշտօնակից Մոհամետ Պաքեր Քալիպաֆէն:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Կազայի դէմ շարունակուող իսրայէլեան բռնարարքները:

Անոնք քննարկեցին նաեւ Իսլամական երկիրներու համագործակցութեան կազմակերպութեան կողմէ Կազայի դէմ իսրայէլեան բռնարարքները կազմակերպութեան գումարելիք արտակարգ նիստի մը ընթացքին քննարկելու անհրաժեշտութիւնը:

Միւս կողմէ, կառավարութիւնը երէկ յետմիջօրէին գումարեց նիստ մը` նախագահութեամբ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի:

Քննարկուեցան հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող ապահովական կացութիւնը եւ Կազայի մէջ արձանագրուած զարգացումները:

Նիստէն ետք Միքաթի խստիւ դատապարտեց Կազայի դէմ իսրայէլեան բռնարարքները` հաստատելով, որ Կազայի դէմ իսրայէլեան պատերազմին պատճառները յստակ են, անոնք կը կայանան Պաղեստինեան հարցին լուծման բացակայութեան մէջ:

«Գիտնալով եւ համոզուած ըլլալով հանդերձ, որ Պաղեստինեան դատը արդար դատ է, սակայն այս փուլին Լիբանան կը հաստատէ լիբանանեան բանակին դերակատարութիւնը` երկրին ապահովական կայունութեան պաշտպանութեան առումով», ըսաւ ան:

Միքաթի նկատել տուաւ, որ հարաւային Լիբանանի մէջ արձանագրուած իրադարձութիւնները մտահոգիչ են` աւելցնելով, որ անոնց մեծամասնութիւնը կ՛արձանագրուի իսրայէլեան գրգռութիւններու եւ Իսրայէլի կողմէ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութիւնը անտեսելու պատճառով:

Միքաթի շեշտեց, որ իրենք կը համագործակցին ազդեցիկ քաղաքական բոլոր ուժերուն հետ եւ ինքնազսպումի կոչ կ՛ուղղեն անոնց:

Միքաթի նշեց նաեւ, որ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ 23 հոկտեմբերին պիտի այցելէ Սուրիա` աւելցնելով, որ քաղաքական բոլոր գործընկերները պէտք է հասկնան իրավիճակին նրբութիւնը եւ այն, որ պոյքոթի ենթարկելը ապարդիւն է:

 

 

 

Նախորդը

Հարաւային Լիբանանի Սահմանային Կապոյտ Գիծը Գրեթէ Ամբողջ Օրուան Ընթացքին Մնաց Հանդարտ

Յաջորդը

Ռուսական Խաղաղապահ Զօրակազմը 19 Սեպտեմբերէն Ի Վեր Արցախի Մէջ 21 Դիտակէտ Փակած Է

RelatedPosts

Լիբանանեան Նախարարական  Պատուիրակութիւն Մը  Դամասկոս Այցելեց
Լիբանանեան

Լիբանանեան Նախարարական Պատուիրակութիւն Մը Դամասկոս Այցելեց

November 3, 2026
Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ  Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական  Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան  Մատակարարումը Ընդհատել
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան Մատակարարումը Ընդհատել

November 3, 2026
Ժողովրդավարական Հանդիպում  Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Ժողովրդավարական Հանդիպում Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.