Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կութիերես. «Տնտեսական Եւ Ապրուստի Ծանր Պայմանները Ապահովական Վտանգ Կը Սպառնան Լիբանանին»

October 14, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին յղեց թիւ 1559 բանաձեւին մասին իր կիսամեայ տեղեկագիրը, որ 2004-էն ի վեր 38-րդ տեղեկագիրն է, որուն մէջ կը ներկայացուի Լիբանանի մէջ տիրող կացութիւնը:

Կութիերես յայտնեց, որ ՄԱԿ-ի թիւ 1559 բանաձեւին առումով ոչ մէկ զարգացում արձանագրուած է` աւելցնելով, որ տակաւին կան որոշումներ, որոնք չեն գործադրուած` նկատի ունենալով, որ լիբանանեան եւ ոչ լիբանանեան զինեալ խմբաւորումներ կը շարունակեն գործել Լիբանանի մէջ:

Կութիերեսի տեղեկագիրին մէջ կը հաստատուի, որ Ապահովութեան խորհուրդը կը ջանայ ամրապնդել Լիբանանի գերիշխանութիւնն ու անկախութիւնը, սակայն ցաւալի է այն իրողութիւնը, որ երկիրը շուրջ տարիէ մը ի վեր կը տառապի նախագահական դատարկութեան փուլէ մը: «Երկրին դիմագրաւած տագնապներուն մեծ մասը կարելի է լուծել հանրապետութեան նախագահին ընտրութեամբ, ինչպէս նաեւ ամբողջական իրաւասութիւններով օժտուած կառավարութեան կազմութեամբ եւ բարեկարգումներու գործադրութեամբ», նշեց Կութիերես:

Ան կոչ ուղղեց լիբանանցի պատասխանատուներուն առաջնահերթութիւն ընծայելու ազգային շահերուն իրականացման, ինչպէս նաեւ միասնաբար գործելու` վերջ տալու համար երկրին դիմագրաւած քաղաքական այս տագնապին, որ երկարատեւ էր` Լիբանանը բաղկացնող բոլոր համայնքներուն եւ բոլոր լիբանանցիներուն համար:

«Կոչ կ՛ուղղեմ երեսփոխաններուն անյապաղ կատարելու սահմանադրական իրենց պարտականութիւնը եւ ընտրելու հանրապետութեան նախագահը», նշեց Կութիերես:

Ան նկատել տուաւ նաեւ, որ տնտեսական եւ ապրուստի ծանր պայմանները ապահովական վտանգ կը սպառնան Լիբանանին:

Կութիերես հաստատեց նաեւ, որ Քահհալէի եւ Այն Հելուէի մէջ զինեալ միջադէպերն ու կրակոցները լուսարձակի տակ կ՛առնեն լիբանանեան ապահովական կայունութեան սպառնացող վտանգները:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Ապտոլլահեան. «Մեզի Համար Կարեւորը Լիբանանի Ապահովական Կայունութեան Պահպանումն Է. Այս Է Այցելութեանս Նպատակը»

RelatedPosts

Լիբանանեան Նախարարական  Պատուիրակութիւն Մը  Դամասկոս Այցելեց
Լիբանանեան

Լիբանանեան Նախարարական Պատուիրակութիւն Մը Դամասկոս Այցելեց

November 3, 2026
Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ  Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական  Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան  Մատակարարումը Ընդհատել
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան Մատակարարումը Ընդհատել

November 3, 2026
Ժողովրդավարական Հանդիպում  Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Ժողովրդավարական Հանդիպում Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.