Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Էմիր Ապտոլլահեան շաբաթ կէսօրէ առաջ
Պէյրութի իրանեան դեսպանատան մէջ հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին անդրադարձաւ օր մը առաջ Լիբանանի իշխանութեան պետերուն, ինչպէս նաեւ լիբանանցի պետական անձնաւորութիւններուն եւ քաղաքական ղեկավարներուն հետ ունեցած իր հանդիպումներուն արդիւնքներուն:
Ապտոլլահեան շեշտեց, որ իսրայէլեան բռնարարքներուն շարունակուելուն պարագային զերօ ժամի յայտարարութիւնը Դիմադրութեան վերապահուած է եւ անոր հայեցողութեան ձգուած:
Ան դիտել տուաւ, որ սիոնական գոյացութիւնը իր վատագոյն պայմաններուն մէջ կ՛ապրի` աւելցնելով, որ «Աքսայի ջրհեղեղ» գործողութիւնը փաստած է այդ իրականութիւնը:
«Կարեւորագոյնը սիոնական գոյացութեան կողմէ Կազայի բնակչութեան դէմ գործուող պատերազմական ոճիրներուն վերջ տալն է: Պէյրութի մէջ Դիմադրութեան կարգ մը ղեկավարներուն հետ ունեցած հանդիպումներուս ընթացքին շօշափելի դարձաւ, թէ Դիմադրութիւնը բացառիկ վիճակի մէջ կը գտնուի եւ ամբողջական կերպով պատրաստ է պատասխանելու թշնամի գոյացութեան գործած ոճրային բոլոր արարքներուն», ըսաւ ան:
Ապտոլլահեան նկատել տուաւ նաեւ, որ Իրան առաջարկած է, որ սիոնական թշնամիին գործած պատերազմական ոճիրներուն վերաբերող արտակարգ նիստ մը գումարուի Իսլամական երկիրներու համագործակցութեան կազմակերպութեան անդամներուն արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ: Ան աւելցուց, որ Թեհրան պատրաստ է հիւրընկալելու այդ ժողովը:
Իրանի դիւանագիտութեան պետը ընդգծեց, որ Լիբանանի ապահովութիւնը շատ կարեւոր է բոլորին համար, յատկապէս` Իրանի համար, «եւ կարելի է նոր ճակատ մը բանալու հաւանականութիւնը պատկերացնել` պայմաններուն համաձայն», յայտնեց ան:
Ապտոլլահեան շեշտեց, որ Թել Աւիւի նկատմամբ ցուցաբերուած ամերիկեան զօրակցութիւնը այլ պատճառ մըն է, որ կը բացայայտէ, թէ սիոնական գոյացութիւնը իր ամէնէն վատ կացութեան մէջ է եւ կը գտնուի ապահովական ու զինուորական ամբողջական քանդումի սեմին:
«Միւս կողմէ, Դիմադրութեան ղեկավարները միասնական են եւ անոնց միջեւ բարձր մակարդակի ու հոյակապ համագործակցութիւն գոյութիւն ունի: Անոնք բոլոր բեմագրութիւնները ճշդած են, կազմ ու պատրաստ են եւ մատները բլթակներուն կը սպասեն», հաստատեց ան:
Ապտոլլահեան յայտնեց, որ իսրայէլեան պատերազմներուն բռնկեցումին զօրակցող միջազգային հասարակութեան, ՄԱԿ-ին եւ աշխարհին ու շրջանային առումով դերակատարութիւն ստանձնած ղեկավարներուն կողմէ արձանագրուելիք յապաղումին պարագային պիտի ստացուի Դիմադրութեան տալիք պատասխանը` համապատասխան վայրին մէջ, «իսկ այդ պատասխանը պիտի մղէ, որ սիոնական գոյացութիւնն ու բոլորը զղջան, ինչպէս նաեւ անիկա պիտի կերպարանափոխէ բռնագրաւուած հողերուն քարտէսը», ըսաւ ան:
Ապտոլլահեան յայտնեց, որ Դիմադրութիւնը ուղղակիօրէն ունի ներուժ եւ բարձր կարողականութիւն` պատասխանելու համար սիոնական գոյացութեան պատերազմական ոճիրներուն եւ Կազան շրջափակուած պահելուն:
«Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի հետ ունեցած հանդիպումիս ընթացքին անկէ իմացայ Կազայի, Պաղեստինեան հողերուն եւ հարաւային Լիբանանի մէջ գետնի վրայ արձանագրուող Դիմադրութեան գործողութիւններուն մասին: Ամբողջ աշխարհը գիտէ, որ սէյիտ Նասրալլա պատերազմի դաշտի ղեկավար է եւ Լիբանանի ու շրջանի ապահովութիւնը իրականացնելու իմաստով ան հիմնական դերակատարութիւն ունի», շեշտեց Ապտոլլահեան:
Ան նկատել տուաւ, որ Սէուտական Արաբիոյ եւ սիոնական կեղծ գոյացութեան միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացման քայլերը ամբողջութեամբ սեղանէն վերցուած պէտք է ըլլան` շրջանին ապրած այս նոր պայմաններուն ներքեւ:
Ապտոլլահեան նշեց, որ օրեր առաջ առաջին անգամ ըլլալով հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը կատարուած է Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի եւ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ իշխան
Մոհամետ պըն Սալմանի միջեւ: «Այդ խորհրդակցութիւնները կատարուեցան նոր եւ Թեհրանի ու Ռիատի միջեւ դրական պայմաններու լոյսին տակ», յայտնեց ան:
Ապտոլլահեան նկատել տուաւ, որ երկու երկիրները համաձայն են զօրակցելու Պաղեստինին, ինչպէս նաեւ դատապարտելու սիոնական գոյացութեան գործած պատերազմական ոճիրները: «Արաբական երկիրներու ղեկավարներուն մեծամասնութիւնը համաձայն է, որ «Աքսայի ջրհեղեղ»-ը ինքնաբուխ պատասխան է Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի գործած ոճիրներուն եւ ծայրայեղութեան», ընդգծեց Իրանի արտաքին գործոց նախարարը:
Ապտոլլահեան հաստատեց, որ ո՛չ Սէուտական Արաբիան եւ ո՛չ ալ արաբաան աշխարհի ղեկավարները պաղեստինեան դատը դուրս բերած են իրենց օրակարգէն եւ այդ մէկը պիտի չկատարեն նաեւ ապագային:
Ապտոլլահեան Պէյրութի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Միջին Արեւելքի մէջ ՄԱԿ-ի յատուկ խաղաղութեան բանագնաց Թոր Ուենիսլենտի հետ:
Քննարկուեցան պաղեստինեան հողերուն վրայ արձանագրուած իրադարձութիւններն ու Կազայի բնակչութեան օժանդակելու կարելիութիւնները:
Ապտոլլահեան ըսաւ. «Այսօր քաղաքական լուծման հասնելու առիթ կայ, սակայն վաղը կրնայ ուշ ըլլալ»:
Ապտոլլահեան շաբաթ, 14 հոկտեմբեր 2023-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, Պէյրութէն Տոհա մեկնեցաւ:


