ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 85.500 լ. ոսկի:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ խորհրդարանը հրաւիրեց նիստի մը, որ պիտի գումարուի երեքշաբթի, 17 հոկտեմբեր 2023-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, որպէսզի սահմանադրութեան թիւ 44 յօդուածին եւ խորհրդարանի ներքին կանոնագիրին թիւ 3 յօդուածին հիման վրայ ընտրուին խորհրդարանի ընդհանուր քարտուղարներն ու երեք խորհրդականներ, ինչպէս նաեւ խորհրդարանի ներքին կանոնագիրին թիւ 19 յօդուածին հիման վրայ ընտրուին խորհրդարանական յանձնախումբերը:
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ յայտնեց, որ Կազայի դէմ գործուած ցեղասպանութիւնը աշխարհի ազատականներուն դէմ մղուած պատերազմ է: Ան յորդորեց իսլամական կալուածներուն հսկող բոլոր իմամներուն` այսօրուան նամազին խորհուրդը յատկացնել Կազայի դէմ սանձազերծուած իսրայէլեան բռնարարքներուն:
ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ եւ պետական ամավարկի երեսփոխանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտարարեց, որ յանձնախումբը այս շաբթուան ընթացքին երեք նիստեր պիտի գումարէ երկուշաբթի, 16, չորեքշաբթի, 18 եւ հինգշաբթի,19 հոկտեմբերին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, քննարկելու համար 2024-ի պետական ամավարկի նախագիծը:
ԸՆԴԴԻՄԱԴԻՐ երեսփոխանները երէկ հրապարակեցին հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Լիբանանի գերիշխանութիւնը կարմիր գիծ է: Անոնք հաստատեցին, որ կառավարութիւնը կը ստանձնէ երկիրը պատերազմի ենթարկելու պատասխանատուութիւնը:
ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Մուրթատա երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Լեհաստանի դեսպան Փրծեմիսլաու Նյիսեոլովսքին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Հանդիպումին կարեւոր նկատուեցաւ մշակութային մարզին պարագային փոխադարձ գործակցութեան ամրապնդումը:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիա երէկ այցելեց նախկին վարչապետ Թամմամ Սալամի, որուն հետ քննարկեց երկրին իրադարձութիւնները: Շիա այցելեց նաեւ Եարզէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանը յուզող հարցեր:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ուատիհ Խազեն կոչ ուղղեց միջազգային հասարակութեան ճնշում բանեցնելու Իսրայէլի վրայ, որպէսզի անիկա վերջ տայ Լիբանանի դէմ իր հրահրած գրգռութիւններուն:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ կարելի չէ լուռ մնալ Կազայի մէջ պաղեստինցիներուն դէմ գործուած ոճիրներուն համար: Ան հաստատեց, որ խիղճ ունեցողներէն պահանջուած է այս իմաստով արագ քայլերու դիմել:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ յայտնեց, որ իրենք կը փափաքին, որ պատերազմ չբռնկի` աւելցնելով սակայն, որ ոչ ոք կրնայ գիտնալ իսրայէլեան ծրագիրներուն մասին: Մենք պէտք է կազմ ու պատրաստ ըլլանք` դէմ դնելու համար որեւէ բռնարարքի: «Մենք կը զօրակցինք Իսրայէլի դէմ պայքարող իւրաքանչիւր մարտիկի», հաստատեց ան:


