Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

13 Հոկտեմբերի Զոհերու Յիշատակին Նուիրուած Ս. Պատարագ. «Անոնք, Որոնք Կը Կարծեն, Թէ Գործարքները Կամ Արտաքին Դէպքերը Կրնան Մեր Վրայ Հանրապետութեան Նախագահ Պարտադրել, Ապա Անոնք Կ՛երազեն» Շեշտեց Պասիլ

October 17, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան կազմակերպութեամբ, նախանցեալ յետմիջօրէին Անթիլիասի Մար Էլիաս եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ մը` 13 հոկտեմբերի զոհերու յիշատակին:

Ներկայ գտնուեցան հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Միշել Աուն, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ, ինչպէս նաեւ կուսակցական պատասխանատուներ եւ մեծ թիւով համակիրներ:

Ս. պատարագին նախագահեց մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքի ներկայացուցիչ, Ժիպէյլի առաջնորդ Միշել Աուն եպիսկոպոսը, որ Ռայի պատրիարքին ողջոյնները փոխանցեց ներկաներուն, ինչպէս նաեւ խոնարհումը` 13 հոկտեմբեր 1990-ին ազգային արժանապատուութեան պաշտպանութեան ճանապարհին ինկած զոհերու յիշատակին:

Միշել Աուն եպիսկոպոսը հաստատեց, որ հայրենիքը կը կերտուի զոհողութեամբ, նահատակութեամբ եւ ազգային համերաշխութեամբ` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է պետական հաստատութիւններուն մէջ գործել խղճով, որպէսզի կարելի ըլլայ հայրենիքը վտանգներէ պաշտպանել:

Իր կարգին, Պասիլ արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ շեշտեց, թէ փտածութիւնը իր իմաստով եւ հասկացողութեամբ կը հակադրուի օրէնքին եւ կը քանդէ պետական հաստատութիւնները, ինչպէս նաեւ կը մսխէ պետական պաշարները, եւ երկրին հարստութիւնները կը փոխանցէ այս կամ այն անհատին գրպանը` պետութիւնը իր կարողութիւններէն պարպելով, «իսկ Լիբանանի պարագային, երկիրը զետեղելով արտաքին պետութեանց գրպանը եւ պատճառ դառնալով, որ քաղաքացին կորսնցնէ իր անհատական ազատութիւնը», յայտնեց ան:

«Մենք ազատութեան, գերիշխանութեան եւ անկախութեան սերունդն ենք, եւ 1989-2005 աշխատեցանք իրականացնելու համար մեր երազը:

Անդրադառնալով սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին` Պասիլ հաստատեց, որ այդ հարցին լուծումը Լիբանանի կարողութիւններէն վեր է` շեշտելով, որ ապօրինի կերպով Լիբանանի մէջ գործող սուրիացի տեղահանուածը կը հարուածէ երկրին գերիշխանութիւնը, ինչպէս նաեւ պատճառ կը դառնայ լիբանանցի քաղաքացիին կրած զրկանքներուն:

Միւս կողմէ, ան հարց տուաւ, որ եթէ երկրին վրայ հանրապետութեան նախագահ պարտադրուի, Լիբանան ինչպէ՞ս գերիշխան կը նկատուի: Այս շրջագիծին մէջ Պասիլ հաստատեց. «Անոնք, որոնք կը կարծեն, թէ գործարքները կամ արտաքին իրադարձութիւնները, ինչպէս Կազայի դէպքերը, կրնան մեր վրայ հանրապետութեան նախագահ պարտադրել, ապա անոնք կ՛երազեն»:

Պասիլ կոչ ուղղեց նաեւ չաճապարելու եւ եզրակացութիւններու չյանգելու` Կանայի ջուրերուն մէջ բնական կազի չգոյութեան մասին:

Պասիլ ընդգծեց, որ չարաչար կը սխալի ո՛վ որ կը մտածէ, թէ Լիբանանը տեղահանուածներով խեղդելը մեզի համար մոռացութեան կ՛ենթարկէ կէս միլիոն պաղեստինցի գաղթականներու տունդարձ կատարելու իրաւունքը:

Այս շրջագիծին մէջ ան նշեց, որ կարգ մը ուժերու կողմէ Պաղեստինի յաղթանակին նպաստելը բնական է, սակայն անհասկնալի է երկիրը վերածել չերաշխաւորուած պատերազմի դաշտի մը:

 

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Մանսուրիէի Մէջ Շէնք Մը Փուլ Եկաւ. Կարելի Եղաւ Փրկել Երեք Քաղաքացիներ

RelatedPosts

Լիբանանեան Նախարարական  Պատուիրակութիւն Մը  Դամասկոս Այցելեց
Լիբանանեան

Լիբանանեան Նախարարական Պատուիրակութիւն Մը Դամասկոս Այցելեց

November 3, 2026
Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ  Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական  Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան  Մատակարարումը Ընդհատել
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան Մատակարարումը Ընդհատել

November 3, 2026
Ժողովրդավարական Հանդիպում  Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Ժողովրդավարական Հանդիպում Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.