Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մանսուրիէի Մէջ Շէնք Մը Փուլ Եկաւ. Կարելի Եղաւ Փրկել Երեք Քաղաքացիներ

October 17, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մանսուրիէի Պատրան թաղամասին մէջ գտնուող եօթը յարկանի «Եազպեք 10» շէնքը երէկ կէսօրէ ետք ժամը 1:45-ին փուլ եկաւ տեղացող տեղատարափ անձրեւներուն պատճառով:

Ըստ նախնական տեղեկութիւններուն, շէնքին բնակիչները երէկ առաւօտեան շուրջ ժամը 10:00-ին լսած էին ճաքճքելու ձայներ:

Դէպքին վայրը փութացին Ներքին ապահովութեան ուժերը, Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերն ու լիբանանեան Կարմիր խաչը, որոնք անմիջապէս սկսան փրկարար աշխատանքներուն:

Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերը կրցան փլատակներուն տակէն փրկել երեք կիներ: Մինչեւ երեկոյեան ժամը 8:00, փլատակներուն տակ այլ քաղաքացիներու գոյութեան մասին ստոյգ տեղեկութիւններ չկային:

Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն գնդապետ Ռեմոն Խաթթար յայտնեց, որ շէնքը ունի ճեղքուած երկու սիւներ եւ տեղատարափ անձրեւներուն պատճառով փուլ եկած է:

Խաթթար նկատել տուաւ, որ անմիջապէս իր բնակչութենէն դատարկած են նաեւ անոր կողքին գտնուող շէնքը:

Ան հաստատեց, որ իրենք մնայուն կապի մէջ են ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Պասսամ Մաուլաուիի հետ` աւելցնելով, որ քաղաքացիական պաշտպանութեան յաւելեալ ուժեր պիտի ուղարկեն դէպքին վայրը` փորձել հասնելու համար փլատակներուն տակ գտնուող քաղաքայիններուն եւ փրկելու զանոնք:

Մաուլաուի իր կարգին փութաց դէպքին վայրը, ուր յայտարարեց, թէ ինք պատկան մարմիններուն հետ խօսած է եւ անհրաժեշտ բոլոր քայլերուն դիմած` փրկելու համար շէնքին բնակիչները, ինչպէս նաեւ իրենց բնակիչներէն դատարկելու համար շրջակայ շէնքերը` աւելի մեծ աղէտ մը արգիլելու նպատակով:

Մաուլաուի շեշտեց, որ իր աշխատանքին մէջ թերացած իւրաքանչիւր անհատ հաշուետուութեան պիտի կանչուի եւ պատասխանատուութիւն պիտի ստանձնէ:

Հզօր հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ռազի Հաժ եւս հասաւ Մանսուրիէ եւ հաստատեց, որ փրկարար աշխատանքները ընթացքի մէջ են` աւելցնելով, որ իր տեղեկութիւններուն համաձայն, փուլ եկած շէնքին տակ կը գտնուին 7 քաղաքացիներ:

Աւելի ուշ դէպքին վայրը այցելեց եւ ստուգումներ կատարեց նաեւ Հզօր Լիբանան համախմբումի անդամ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան:

Երեկոյեան ժամը 6:00-ին Մանսուրիէ ուղղուեցաւ նաեւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխան Էլիաս Հանքաշ, որ յայտնեց, թէ փլատակներուն տակ կը գտնուին 9 քաղաքացիներ, որոնց փրկութիւնը առաջնահերթութիւն է: Ան աւելցուց նաեւ, որ ջանքեր ի գործ կը դրուին դատարկուած շէնքի բնակիչներէն 20 ընտանիքներու համար բնակարաններ ապահովելու ուղղութեամբ:

 

Նախորդը

13 Հոկտեմբերի Զոհերու Յիշատակին Նուիրուած Ս. Պատարագ. «Անոնք, Որոնք Կը Կարծեն, Թէ Գործարքները Կամ Արտաքին Դէպքերը Կրնան Մեր Վրայ Հանրապետութեան Նախագահ Պարտադրել, Ապա Անոնք Կ՛երազեն» Շեշտեց Պասիլ

Յաջորդը

Պըրրի Պիտի Նախագահէ Խորհրդարանի Դիւանին Եւ Յանձնախումբերուն Ընտրութեան Նիստին

RelatedPosts

Լիբանանեան Նախարարական  Պատուիրակութիւն Մը  Դամասկոս Այցելեց
Լիբանանեան

Լիբանանեան Նախարարական Պատուիրակութիւն Մը Դամասկոս Այցելեց

November 3, 2026
Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ  Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական  Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան  Մատակարարումը Ընդհատել
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան Մատակարարումը Ընդհատել

November 3, 2026
Ժողովրդավարական Հանդիպում  Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Ժողովրդավարական Հանդիպում Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.