Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պու Հապիպ. «Լիբանան Պատերազմ Չի Ցանկար Այլ` Հարցերու Լուծման Կը Ձգտի»

October 13, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ  Գահիրէի մէջ տեղի ունեցած Արաբական լիկայի անդամ երկիրներու արաբ արտաքին գործոց նախարարներու արտակարգ նիստին ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանան միշտ կը զօրակցի պաղեստինցի իր եղբայրներուն, որոնք Կազայի մէջ են այսօր եւ շրջափակուած ու ծանր պայմաններու տակ կը գտնուին:

Ան կոչ ուղղեց մարդասիրական բոլոր կազմակերպութիւններուն եւ բոլոր երկիրներուն երաշխաւորելու այն միջոցները, որոնց շնորհիւ` մարդասիրական օժանդակութիւնները պիտի հասնին Կազայի բնակիչներուն, որոնք շրջափակումի մէջ կը գտնուին եւ ռմբակոծումի ենթակայ են:

Պու Հապիպ հաստատեց, որ Կազայի դէմ իսրայէլեան ուժերուն կողմէ գործուող մնայուն յարձակումները զինուորական գործողութենէ մը աւելի են:

«Այդ բռնարարքները` քաղաքայիններուն եւ քաղաքին ենթակառոյցին դէմ, ուղղակի յարձակում կը նկատուին: Իսկ նման արարքներ կարելի չէ վրէժխնդրութեան, աղէտի ու աւերի պրիսմակէն դուրս դիտել», շեշտեց Պու Հապիպ:

Ան հաստատեց, որ պաղեստինցիներու դպրոցներուն եւ հիւանդանոցներուն քանդումը պատերազմական ոճիրներ են, որոնք դատապարտելի են: «Անոնք կը վարկաբեկեն մարդասիրական եւ մարդկային իրաւունքներու ամէն սկզբունք, ինչպէս նաեւ միջազգային օրէնքի բացայայտ ոտնձգութիւն կը նկատուին: Այս գործողութիւններն ու այս պատերազմը շարունակելը, պիտի յանգի յաւելեալ բարդութիւններու, ինչպէս նաեւ կրնայ քայքայել շրջանային կայունութիւնը: Իսկ մեզ բոլորս դէպի անդունդի եզր առաջնորդելը կրնայ պատճառ դառնալ ետդարձի անկարելիութեան», յայտնեց ան:

Պու Հապիպ հաստատեց նաեւ, որ Լիբանան պատերազմ չի ցանկար, այլ` հարցերու լուծման կը ձգտի:

«Լիբանանի համար Պաղեստինեան հարցին լուծումը արդար, մնայուն եւ ամբողջական լուծումն է, որ հաստատուած է Արաբական լիկայի Պէյրութի մէջ գումարուած վեհաժողովին ընթացքին, ուր վաւերացուած է Խաղաղութեան արաբական նախաձեռնութիւնը: Այդ նախաձեռնութիւնն է միակ լուծումը, որ կոչ կ՛ուղղէ զոյգ պետութիւններու հաստատումին, որոնցմէ` մայրաքաղաք Երուսաղէմով Պաղեստինեան պետութեան հիմնումին: Մենք այդ ուղիէն պէտք չէ շեղինք», շեշտեց Պու Հապիպ:

Ան հաստատեց, որ այսօր աւելի քան երբեք իրենք հրաւիրուած են ընտրելու խոհեմութեան եւ քաղաքական տրամաբանութեան ուղին, որպէսզի կարելի ըլլայ ամբողջ շրջանը պատերազմէ մը հեռու պահել: «Նման պատերազմի հետեւանքը պիտի ըլլայ քանդումը, աղէտն ու աղքատութիւնը, ինչպէս նաեւ արիւնահեղութեան եւ վայրագութեան շարունակութիւնը, որ յաւելեալ քաոսի կը մատնէ շրջանն ու աշխարհը: Մենք չենք կրնար արտօնել, որ նման բան պատահի: Այդ պատճառով այլ բարոյական մեր պատասխանատուութենէն եւ պարտականութենէն մեկնելով կ՛ուզենք ճնշում բանեցնել Իսրայէլի վրայ, որպէսզի կասեցնէ իր պատերազմը եւ վերջ տայ մագլցումներուն, Կազայի շրջափակումին, ահաւոր ուժի գործածութեան, եւ արտօնէ մարդասիրական օժանդակութիւններուն Կազա մուտքը», ըսաւ ան:

Պու Հապիպ ընդգծեց, որ եօթը տասնամեակներէ ի վեր պաղեստինցի ժողովուրդին շրջափակումը կը շարունակուի` աւելցնելով, որ ժամանակն է արդէն, որ պաղեստինցիները ազատ եւ արժանապատիւ կեանք մը ունենան: «Մենք հոս ենք` զօրակցելու պաղեստինցի մեր եղբայրներուն եւ ջանք թափելու` խուսափելու համար վատագոյն բեմագրութենէն», եզրափակեց ան:

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Հարաւային Լիբանանի Սահմանային Կապոյտ Գիծը Գրեթէ Ամբողջ Օրուան Ընթացքին Մնաց Հանդարտ

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.