Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի Պիտի Նախագահէ Խորհրդարանի Դիւանին Եւ Յանձնախումբերուն Ընտրութեան Նիստին

October 17, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի այսօր` երեքշաբթի, 17 հոկտեմբեր 2023-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին պիտի նախագահէ խորհրդարանի դիւանին ու յանձնախումբերուն ընտրութեան նիստին: Սահմանադրութեան թիւ 44 յօդուածին եւ խորհրդարանի ներքին կանոնագիրին թիւ 3 յօդուածին հիման վրայ պիտի ընտրուին խորհրդարանի ընդհանուր քարտուղարներն ու երեք խորհրդականներ, ինչպէս նաեւ խորհրդարանի ներքին կանոնագիրին թիւ 19 յօդուածին հիման վրայ պիտի ընտրուին խորհրդարանական յանձնախումբերը:

Միւս կողմէ, Պըրրի նախանցեալ երեկոյեան Այն Թինէի մէջ ընդունեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթը, որուն ընկերակցեցան Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի նախագահ, երեսփոխան Թէյմուր Ժոմպլաթ եւ նախկին նախարար Ղազի Արիտի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկրին ու շրջանին քաղաքական եւ ապահովական իրադարձութիւնները` Կազայի վրայ շարունակուող իսրայէլեան յարձակումին լոյսին տակ:

Հանդիպումէն ետք Ժոմպլաթ յայտնեց, որ Պըրրիի հետ քննարկած է ներկայ իրադարձութիւններն ու արձանագրուող զարգացումները: «Անշուշտ կը մաղթենք, որ Լիբանան զինուորական մագլցումներու օղակէն դուրս մնայ, բացի եթէ թշնամի Իսրայէլ վճռէ յարձակիլ: Հիմնականին մէջ մեր քաղաքականութիւնը կը կեդրոնանայ չյարձակելու վրայ, սակայն կը նշմարենք, որ Իսրայէլ ամէնօրեայ դրութեամբ իրերայաջորդ յարձակումներ կը գործէ», ըսաւ ան:

Ժոմպլաթ ընդգծեց, որ պատահածը ահռելի է` աւելցնելով, որ ոմանք կը մոռնան հիմնական ծրագիրը, որ բոլոր արաբներն ու գրեթէ ամբողջ աշխարհը տեսականօրէն համախմբած է իր շուրջ, եւ այդ ալ երկու պետութիւններ հիմնելու լուծումն է:

«Պիտի հրապարակեմ գրառում մը, որուն մէջ պիտի մէջբերեմ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախկին նախարար Տոմինիք տը Վիլփենի յայտարարութիւնը: Ան անկասկած կը զօրակցի Իսրայէլին, սակայն ան կ՛անդրադառնայ իսկական հարցին, որ Կազան 2006-2021 անդադար պատերազմական վիճակի մէջ գտնուած է: Գեղեցիկ է պատկերը, եւ տը Վիլփեն կամ ֆրանսացի այլ անձնաւորութիւններ ճշմարտութիւններով կ՛ուղղեն տեղեկատուական ու քաղաքական լարուած մթնոլորտը: Միացեալ Նահանգներէն Ֆրանսա եւ հասնելով ամբողջ աշխարհ, մինչեւ Հնդկաստան, որ խորհրդանշական ցոյցեր կատարեց` Կազային զօրակցելու: Գ. աշխարհին զօրակցող Հնդկաստանը ո՞ւր է, ո՞ւր հասած է», հարց տուաւ Ժոմպլաթ:

 

Նախորդը

Մանսուրիէի Մէջ Շէնք Մը Փուլ Եկաւ. Կարելի Եղաւ Փրկել Երեք Քաղաքացիներ

Յաջորդը

Հարաւային Լիբանանի Սահմանագիծը Մնաց Հանդարտ. Քոլոնա. «Լիբանանեան Իշխանութիւնները Ամէն Ջանք Ի Գործ Պէտք Է Դնեն Իսրայէլի Հետ Պատերազմէն Խուսափելու»

RelatedPosts

Լիբանանեան Նախարարական  Պատուիրակութիւն Մը  Դամասկոս Այցելեց
Լիբանանեան

Լիբանանեան Նախարարական Պատուիրակութիւն Մը Դամասկոս Այցելեց

November 3, 2026
Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ  Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական  Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան  Մատակարարումը Ընդհատել
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան Մատակարարումը Ընդհատել

November 3, 2026
Ժողովրդավարական Հանդիպում  Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Ժողովրդավարական Հանդիպում Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.