Իսրայէլ Կը Թիրախաւորէ Լրագրողներու Խումբ Մը.
«Ռոյթըրզ»-ի Լուսանկարիչ-Լրագրողը` Զոհ Ռմբակոծումի
Երէկ երեկոյեան իսրայէլեան բանակը թիրախաւորեց լրագրողներու խումբ մը, որ կը գտնուէր լիբանանեան-պաղեստինեան սահմանին վրայ Ալմա Շաապ շրջանին մէջ: Ռմբակոծման պատճառով զոհուեցաւ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան լուսանկարիչ-լրագրող Իսամ Ապտալլա, իսկ կարգ մը այլ լրագրողներ վիրաւորուեցան: Անոնց շարքին էին լրագրողներ Քարմէն Ժուխատար, Էլի Պրախիա եւ «Ժազիրա» պատկերասփիւռի կայանի լրագրողը:
Վեց գիշեր շարունակ հարաւային Լիբանանի սահմանին տիրող իրարանցումներէն եւ լարուած իրավիճակէն ետք, հարաւը նախանցեալ գիշեր մնաց համեմատաբար աւելի հանդարտ:
Երէկ առաւօտեան ժամը 9:00-ին սահմանային Տահիրա գիւղաքաղաքին շրջակայքը երեք «Փեթրիոթ» հրթիռներ արձակուեցան:
Կէսօրին իսրայէլեան օդուժը թռիչքներ գործեց Սայտայի եւ Նաքուրայի վերեւ:
Ամբողջ օրուան ընթացքին խաղաղութիւնն ու հանդարտութիւնը տիրեցին սահմանային Կապոյտ գիծին վրայ:
Յետմիջօրէին իսրայէլեան լրատուամիջոցներ յայտնեցին, թէ իսրայէլեան ուժերը Լիբանանի սահմանակից Մթըլլէ շրջանը յայտարարած են զինուորական փակ շրջան, որուն մօտենալը արգիլուած է, եւ որ շուտով պիտի դատարկուի:
Կէսօրէ ետք ժամը շուրջ 3:15-ին «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Օմանի միջնորդութեամբ ամերիկեան-իրանեան խորհրդակցութիւններ կ՛ընթանան` հարաւային Լիբանանը տագնապէ հեռու պահելու նպատակով:
Սակայն ժամը 4:30-ին, Ալմա Շաապի եւ Տահիրայի միջեւ քարաշէն պատնէշին մօտ լսուեցաւ պայթում մը, որուն յաջորդեցին կրակոցներ: Ապա իսրայէլեան ուժերը աւելի քան 18 ֆոսֆորային հրթիռներով ռմբակոծեցին հարաւային Լիբանանի Ալմա Շաապ եւ Տահիրա գիւղաքաղաքները: Ռմբակոծումին հետեւանքով Նաքուրայի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերը միացուցին օդային տագնապը եւ իրենց ջոկատներէն ու անձնակազմերէն պահանջեցին ուղղուիլ ապաստարանները:
Կարգ մը լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ իսրայէլեան օդուժը ուղղաթիռներով թռիչքներ գործած է նոյն շրջաններուն վերեւ եւ թիրախ դարձուցած է լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութեան պատկանող հսկողութեան աշտարակ մը:
Լիբանանեան բանակը յայտնեց, որ այդ աշտարակը չի գործեր եւ միայն որոշ գործողութիւններու համար կը գործածուի: Բանակը հաստատեց, որ վիրաւորներ չեն արձանագրուած ռմբակոծումին հետեւանքով:
Իսրայէլեան աղբիւրներ յայտնեցին, որ արեւմտեան Գալիլիոյ եւ սահմանային Հնիթա բնակեցման վայրին մէջ միացուած են զգուշացման շչակները` յուշելով դէպի Իսրայէլ թափանցումի մը հաւանականութիւնը:
Երեկոյեան ժամը 6:00-ին իսրայէլեան հրետանին բուռն կերպով ռմբակոծեց Ատայսէի շրջակայքն ու Ալմա Շաապը: Նոյն պահուն, «Մանար» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Հուլայի սահմանակից իսրայէլեան Ապատ դիրքը եւ Ատայսէի մօտակայքը գտնուող իսրայէլեան Մասքաֆաամ բնակեցման վայրը ռմբակոծուած են:
Նշենք, որ տեղեկատուութեան նախարարի պաշտօնակատար Զիատ Մքերի երէկ այցելեց հարաւային Լիբանան:
Մարուն էլ Ռասէն կատարած իր յայտարարութեան մէջ Մքերի շեշտեց, որ ոչ ոք պատերազմ կը փափաքի բռնկեցնել` աւելցնելով սակայն, որ այդ պատերազմը կրնայ պարտադրուիլ: «Իսկ եթէ այդ պատերազմը պարտադրուի, ապա Լիբանան պէտք է կարենայ համապատասխան ուժով հակազդել», ըսաւ Մքերի:
Միւս կողմէ, լիբանանցի քաղաքական անձնաւորութիւններուն կողմէ Կազայի պատերազմին մասին կեցուածքներուն եւ մեկնաբանութիւններուն շրջագիծին մէջ, «Էմ. Թի. Վի.» հարցազրոյց մը կատարեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի հետ:
Այս շրջագիծին մէջ Ժոմպլաթ յայտնեց, որ Օսլոյի Ա. համաձայնագիրը մեռած ծնած է` հարց տալով, թէ ո՞ր հողին վրայ Պաղեստինի պետութիւն պիտի հիմնուի, երբ անոր հողերուն վրայ 800 հազար բնակեցուածներ կ՛ապրին:
Ժոմպլաթ յայտնեց նաեւ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Անթոնի Պլինքընի ուշադրութենէն հաւանաբար վրիպած է, կամ ան մոռցած է, թէ տասնամեակներու ընթացքին Կազայի եւ այլ շրջաններու մէջ ինկած են պաղեստինցի հազարաւոր զոհեր:
Հըզպալլայի եւ Իսրայէլի միջեւ պատերազմ մը բռնկելու մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ժոմպլաթ մաղթեց, որ Դիմադրութիւնը պատերազմի մէջ չներքաշուի, «սակայն երբ նշմարենք, որ օդանաւակիրները մեզի կը մօտենան, ապա պատերազմին մաս կազմելը աւելի հաւանական կը դառնայ», ըսաւ ան:
Պաղեստինցի Ժողովուրդին
Զօրակցական Ցոյցեր
Երէկ լիբանանեան տարբեր շրջաններու մէջ, յատկապէս Պէյրութի, Պաալպեքի եւ հարաւային Լիբանանի մէջ, ուրբաթ օրուան նամազէն ետք կատարուեցան երթեր եւ ցոյցեր, առ ի զօրակցութիւն պաղեստինցի ժողովուրդին, Կազային եւ Համաս-ի յայտարարած «Աքսայի ջրհեղեղ» զինուորական գործողութեան:
Այս շրջագիծին մէջ, Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն մէջ տեղի ունեցած ցոյցի մը ընթացքին խօսք առաւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ, որ յայտնեց, թէ երբ ժամանակը գայ, Հըզպալլա պատրաստ է Իսրայէլի դէմ կռուելու` զօրակցելով Կազայի պաղեստինցիներուն:
«Հըզպալլա իր պարտականութիւններուն մասին քաջ կը գիտակցի: Մենք կազմ ու պատրաստ ենք, եւ վայրկենական դրութեամբ կը հետեւինք իրադարձութիւններուն: Իբրեւ Հըզպալլա մենք ներդրում պիտի ունենանք դիմադրութեան մէջ եւ թշնամիին դէմ առճակատելու պիտի չվարանինք: Մենք կը հետեւինք թշնամիին քայլերուն եւ յարմար պահուն քայլերու պիտի դիմենք», հաստատեց Քասեմ:


