Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Հոկտեմբեր 14, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 85.500 լ. ոսկի:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի սակը նուազած է 57.000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինը` 57.000 լ. ոսկիով, մազութը` 21.000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազին սակը մնացած է անփոփոխ: Հետեւաբար 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 1.658.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 1.696.000 լ. ոսկի, իսկ մազութը` 1.171.900 լ. ոսկի եւ պիւթակազը` 974.000 լ. ոսկի:

ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ալի Խաթիպ կոչ ուղղեց ներքին լիբանանեան միասնականութեան, ինչպէս նաեւ հանրապետութեան նախագահի մը շուրջ համաձայնութեան գոյացման, որպէսզի կարելի ըլլայ ներկայ փուլին տիրող մարտահրաւէրներուն տոկալ:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ ընկերային ցանցերուն վրայ կատարեց հետեւեալ գրառումը. «13 հոկտեմբեր 1990-13 հոկտեմբեր 2023. հոսանքի մը եւ հայրենիքի մը երթը: Փտածութենէ եւ այս կամ այն կողմին հետեւորդը ըլլալէ ազատիլը երկար շունչի կը կարօտի: Երկրին գոյացութեան պահպանումն ու պետականաշինութիւնը աւելի դժուար են, քան` ազատագրումի եւ Դիմադրութեան մարտահրաւէրները»:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Միշել Տահեր երէկ ընկերային ցանցերուն ընդմէջէն կատարեց գրառում մը` ցաւ յայտնելով, որ դժբախտաբար իր տեղեկութիւնները ճիշդ դուրս եկան եւ ի յայտ եկաւ, որ թիւ 9 նաւթահորին մէջ հսկայ քանակութեամբ բնական կազ չկայ:

«ԷԼ. ՊԻ. ՍԻ.»-Ի տեղեկութիւններուն համաձայն, «Թոթալ» ընկերութիւնը ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան յայտնած է, թէ թիւ 9 նաւթահորին մէջ հորատման աշխատանքը աւարտած է: «Թոթալ» յայտնեց, որ 3900 մեթր խորութեամբ հորատելէ ետք միայն ջուր գտած են:

ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ խորհուրդները երէկ գումարեցին նիստ մը, որուն ընթացքին հաստատեցին, որ երկիրը չի կրնար նոր պատերազմ մը հանդուրժել:

ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ դրամատան կառավարիչի գործակատար Ուասիմ Մանսուրի շեշտեց, որ օտար դրամանիշով պահեստի գումարները յաւելում կ՛արձանագրեն: Ան նշեց, որ սեպտեմբեր ամսուան ընթացքին կառավարութեան եւ Կեդրոնական դրամատան միջեւ գործակցութեան արդիւնքը 25 թրիլիոն լ. ոսկիի հասած է:

Ան հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ տիրող այսօրուան իրավիճակը ալ աւելի դժուար է, «իսկ պետութիւնը չֆինանսաւորելու որոշումին յանձնառու կը մնանք», ընդգծեց ան:

 

Նախորդը

Իսրայէլեան Բանակ. «Յառաջիկայ Օրերուն Կազայի Մէջ Զինուորական Մեծ Գործողութիւններու Պիտի Սկսինք»

Յաջորդը

Կութիերես. «Տնտեսական Եւ Ապրուստի Ծանր Պայմանները Ապահովական Վտանգ Կը Սպառնան Լիբանանին»

RelatedPosts

Օրթէյկըս Հանդիպումներ Ունեցաւ Աունի,  Պըրրիի Եւ Սալամի Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Օրթէյկըս Հանդիպումներ Ունեցաւ Աունի, Պըրրիի Եւ Սալամի Հետ

Հոկտեմբեր 29, 2025
Նախագահ Աուն Ընդունեց Արաբական  Լիկայի Ընդհանուր Քարտուղարը
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն Ընդունեց Արաբական Լիկայի Ընդհանուր Քարտուղարը

Հոկտեմբեր 29, 2025
Խորհրդարանը Նիստ Չգումարեց  Օրինաթիւի Չգոյացման Պատճառով
Լիբանանեան

Խորհրդարանը Նիստ Չգումարեց Օրինաթիւի Չգոյացման Պատճառով

Հոկտեմբեր 29, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?