Հակառակ անոր որ «Աքսայի ջրհեղեղ» գործողութեան շրջագիծին մէջ Կազայի ապահովական մագլցումները կը շարունակուին, երէկ հարաւային Լիբանանի սահմանագիծը մնաց հանդարտ:
Առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ իսրայէլեան ուժեր իրենց բնակչութենէն դատարկեցին լիբանանեան սահմանագիծին մօտակայ 28 բնակեցման վայրեր:
Երեկոյեան ժամը 4:45-ին Տահիրայի մէջ լսուեցան գնդակոծումներ` իսրայէլեան ուժերուն պատկանող տեսախցիկի մը քանդումին պատճառով:
Իսրայէլեան ուժեր արձակեցին հրթիռ մը, որ ինկաւ լիբանանեան բանակին պատկանող զինուորական կեդրոնին մօտ:
Շուրջ կէս ժամ ետք Հըզպալլա հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Դիմադրութեան մարտիկները թիրախ դարձուցած են իսրայէլեան ուժերու հինգ դիրքեր: Անոնք են` Մըսքաֆաամ, Խըրպեթ Մանարա, Հերմոն, Ռիշա եւ Ռամիա:
Հըզպալլայի հաստատումներէն ետք իսրայէլեան ռմբակոծումները աւելի բուռն թափ ստացան եւ շարունակուեցան Տահիրայի, Ռըմէյշի, Ժպինի եւ Թայրհարֆայի դէմ:
Ռմբակոծումներուն ընթացքին իսրայէլեան հետախուզական օդանաւեր թռիչքներ կատարեցին ռմբակոծուող շրջաններուն վերեւ:
Կիրակի ուշ գիշերին իսրայէլեան ուժերը շարունակեցին ռմբակոծել հարաւային Լիբանանի կարգ մը շրջանները` յայտարարելով, որ իրենք ռմբակոծումի թիրախ կը դարձնեն Հըզպալլայի ենթակառոյցը, սակայն ի յայտ եկաւ, որ անոնք հարաւային Լիբանանի զանազան շրջանները կը ռմբակոծեն ֆոսֆորային ռումբերով եւ մերթ ընդ մերթ լուսաւորող ռումբեր արձակելով:
Իսրայէլեան ուժեր հաստատեցին, որ Հըզպալլայի կողմէ դէպի Հանիթա բնակեցման վայր արձակուած հակահրասայլային հրթիռները կրցած են քանդել «Մերքաւա» տիպի հրասայլեր, ինչպէս նաեւ պատճառած են իսրայէլացի սպայի մը մահը:
Իսրայէլեան ուժերը շեշտեցին, որ իսրայէլեան օդուժը ուշ գիշերին ռմբակոծած է Քֆարքիլայի եւ Տահիրայի մէջ Հըզպալլայի դիրքեր:
Միւս կողմէ, «Մանար» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարքեր Ատայսէի մէջ ռմբակոծած են Հըզպալլայի դիրք մը, որ դատարկ էր:
Նոյն աղբիւրները ընդգծեցին, որ Հըզպալլա հրթիռակոծած է Մթըլլէի բնակեցման վայրը:
Լիբանանեան բանակը երէկ կէսօրին յայտնեց, որ Հըննիէի շրջանին մէջ բացայայտած է «Կրատ» տիպի 7 հրթիռներ եւ զանոնք վնասազերծած:
Կէսօրէ ետք ժամը 3:30-ին բանակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Քլայլէ եւ Շաայթիէ գիւղաքաղաքներուն մօտակայքը գտած է 20 մարտկոցներ, որոնցմէ 4-ը հրթիռներով օժտուած էին:
Հաղորդագրութիւնը կը նշէ նաեւ, որ բանակին սակրաւորները ամէն ջանք ի գործ դրած են վնասազերծելու համար այդ հրթիռները:
Իսրայէլեան ուժերու բանբեր Աւիխայ Ատրահի յայտնեց, որ իսրայէլեան ուժերը հիւսիսային շրջանին մէջ տեղակայուած են եւ իր ամբողջ զօրութեամբ պատրաստ վիճակի մէջ են: «Եթէ Հըզպալլա իր հաշուարկներուն մէջ սխալի եւ փորձէ մեզի, ապա անոր տրուելիք պատասխանը մահաբեր պիտի ըլլայ», ըսաւ ան:
Քաղաքական առումով խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի իր առցանց մասնակցութիւնը բերաւ Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան անդամ արաբական երկիրներու խորհրդարաններու նախագահներու արտակարգ խորհրդաժողովին, որուն ընթացքին ըսաւ. «Եթէ Կազայէն Սինա պաղեստինցիներու «Տեղահանումի» ծրագիրը իրականանայ, ապա անիկա ոչ միայն Պաղեստինեան դատին վախճանն է, այլեւ` համազօր կը նկատուի արաբական քաղաքացիական անվտանգութեան քայքայումին»:
Պըրրի ընդգծեց, որ Պաղեստինի եւ Կազայի պաշտպանութիւնը միայն պաղեստինցիներուն պատասխանատուութիւնը չէ, այլ նաեւ` արաբ ազգին:
Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ կատարեց շարք մը յայտարարութիւններ` ընդգծելով, որ կառավարութիւնը կը շարունակէ իր ներքին եւ արտաքին հաղորդակցութիւնները` լիբանանեան կայունութիւնը կարելի եղածին չափ հանդարտ պահելու համար:
Միքաթի նկատել տուաւ, որ այդ հաղորդակցութիւնները լուսարձակներէ հեռու կը կատարուին` ապահովելու համար անոնց յաջողութիւնը եւ ժողովուրդին մօտ յաւելեալ վախ ու իրարանցում չստեղծելու:
Ան նշեց, որ կառավարութեան հասցէին կատարուած քննադատութիւնները եւ այն յայտարարութիւնները, թէ կառավարութիւնը կը թերանայ` քաղաքական ամբաստանութիւններ են, որոնք անհիմն են:
«Պաղեստինի զօրակցութեան առումով լիբանանեան միասնականութիւն գոյութիւն ունի, սակայն ոչ ոքի շահերուն կը ծառայէ հարաւային Լիբանանի ճակատը բռնկեցնելու արկածախնդրութիւնը, որովհետեւ լիբանանցիները նման բան չեն կրնար հանդուրժել», հաստատեց Միքաթի:
Անդրադառնալով պատերազմի կամ խաղաղութեան մասին հարցումին` Միքաթի հաստատեց, որ Լիբանան խաղաղութեան նպատակով կ՛աշխատի, «իսկ պատերազմի որոշումը Իսրայէլի մօտ կը գտնուի», շեշտեց Միքաթի:
Պէտք է աւելցնել, որ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Քաթրին Քոլոնա երէկ յետմիջօրէին հասաւ Պէյրութ:
Քոլոնա այցելեց վարչապետարան եւ հանդիպում մը ունեցաւ Միքաթիի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին Միքաթի յայտնեց, որ ինք տքնաջան աշխատանք կը տանի եւ բոլորին հետ խորհրդակցութիւններու մէջ է` Լիբանանը շրջանային լարուածութենէ հեռու պահելու համար:
Ան նկատել տուաւ, որ այս նպատակին իրագործման համար զինադուլի կարիք կայ:
Միքաթի ընդգծեց, որ միջազգային եւ արաբական բարձր մակարդակի ժողովները պէտք է բազմապատկուին, որպէսզի կարելի ըլլայ մագլցումները կանխարգիլել:
Իր կարգին, Քոլոնա մտահոգութիւն յայտնեց շրջանին մէջ տիրող կացութեան առնչութեամբ` աւելցնելով, որ Ֆրանսա կը զօրակցի Եգիպտոսի կատարած այն առաջարկին, որ արաբական եւ եւրոպական կարգ մը երկիրներու ղեկավարներուն միջեւ հանդիպում մը ըլլայ` ներկայութեամբ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի անդամ կարգ մը երկիրներուն:
Քոլոնա աւելցուց նաեւ, որ Ֆրանսա ճիգ չի խնայեր ապահովական մագլցումները արգիլող լուծումներ որոնելու իմաստով:
Ան շեշտեց, որ պէտք է խուսափիլ սխալ հաշուարկներէ եւ հարաւային Լիբանանը հեռու պահել լարուածութենէ, որովհետեւ ներկայ տագնապը կրնայ երկարատեւ ըլլալ:
Քոլոնա այցելեց նաեւ Այն Թինէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Պըրրիի հետ:
Ներկայ գտնուեցան նաեւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էրվէ Մակրօ, նախարարութեան մէջ հիւսիսային Ափրիկէի եւ Միջին Արեւելքի հարցերու պատասխանատու Անն Կրիօ եւ կարգ մը խորհրդականներ:
Քոլոնա Այն Թինէէն մեկնեցաւ առանց մեկնաբանութիւն կատարելու:
Ան ուղղուեցաւ ֆրանսական դեսպանատուն, ուրկէ յայտարարեց, որ կացութիւնը մտահոգիչ է ու վտանգաւոր:
«Պէյրութէն կոչ կ՛ուղղեմ բոլորին իրենց պատասխանատուութիւնը ստանձնելու եւ կացութիւնը հակակշիռի տակ պահելու: Պէտք չէ Համասն ու պաղեստինցիները նոյնը նկատել», ըսաւ ան:
Քոլոնա շեշտեց, որ Համաս ահաբեկչական կազմակերպութիւն է, որ իր յարձակումին ընթացքին սպաննած է քաղաքայիններ:
Ան հաստատեց, որ իրադարձութիւններուն հետեւելու եւ այդ մասին լրատուութիւն կատարելու իմաստով լրագրողներուն իրաւունքն ու ազատութիւնը պէտք է յարգուի` աւելցնելով, որ լիբանանցի պատասխանատուները պէտք է հեռու պահեն Լիբանանը` շրջանային լարուածութեան մէջ ներքաշելէ: «Լիբանանեան իշխանութիւնները ամէն ջանք ի գործ պէտք է դնեն Իսրայէլի հետ պատերազմէն խուսափելու», ըսաւ ան:
Կը նախատեսուէր, որ Քոլոնա հանդիպում մը ունենար նաեւ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպի հետ:
Այս շրջագիծին մէջ պէտք է աւելցնել, որ Ապտալլա երէկ ունեցաւ շարք մը հանդիպումներ եւ հաղորդակցութիւններ Լիբանանի մէջ օտար երկիրներու դեսպաններուն եւ դիւանագիտական անձնակազմերուն հետ:
Քննարկուեցան հարաւային Լիբանանի եւ շրջանին մէջ տիրող իրադարձութիւնները:
Պու Հապիպ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի, Զուիցերիոյ, Բրիտանիոյ, Ռուսիոյ, Արժանթինի, Ճափոնի եւ Չինաստանի դեսպաններուն հետ հանդիպումին ընթացքին հաստատեց, որ Լիբանան չի փափաքիր, որ հարաւային սահմանագիծին վրայ ապահովական մագլցումներ արձանագրուին:
Միւս կողմէ, Սպիտակ տան բանբերը յայտարարեց, որ Ուաշինկթըն չի փափաքիր, որ պատերազմին ծիրը ընդարձակուի:
Ան նշեց, որ իրենք միշտ կը հետեւին հիւսիսային Իսրայէլի ճակատին` աւելցնելով, որ հոն չկան ցուցանիշներ` Իսրայէլի հետ բախումները ընդարձակելու Հըզպալլայի ձգտումին մասին:
Նշենք, որ Քանատայի արտաքին գործոց նախարար Մելանի Ժոլի յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ գտնուող քանատացիները պէտք է մտածեն Լիբանանէն մեկնելու մասին, այնքան ատեն որ տակաւին քաղաքացիական օդանաւորդութիւնը կը գործէ: