Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 89.700 լ. ոսկի է, իսկ «Սայրաֆա»-ի ելեկտրոնային հարթակը` 85.500 լ. ոսկի: ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ ցամաքային սահմանները պաշտպանելու եւ սուրիացի գաղթականներուն ապօրինի Լիբանան մուտքը արգիլելու շրջագիծին մէջ, լիբանանեան բանակը ձախողցուցած է 800 սուրիացի գաղթականներու ապօրինի մուտքը Լիբանան: ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց...

















