Հըզպալլա Իսրայէլեան Ռմբակոծումներուն
Կը Պատասխանէ Թիրախաւորուած Գործողութիւններով
Համասի կողմէ մեկնարկուած «Աքսայի ջրհեղեղ» զինուորական գործողութեան 5-րդ օրն ըլլալով, երէկ Լիբանան շարունակեց զգալ Կազայի մէջ սաստկացած այդ պատերազմին հետեւանքները:
Հակառակ այն իրողութեան, որ նախորդող օրերուն ընթացքին ընդհանրապէս երեկոյեան ժամերուն եւ ուշ գիշերին կը կատարուէին հարաւային Լիբանանի սահմանային շրջանէն հրթիռարձակումը կամ Իսրայէլ թափանցելու փորձերը, երէկ նաեւ առաւօտեան եւ յատկապէս կէսօրին արձանագրուեցան նման փորձեր:
Օրուան որոշ ժամերուն ընթացքին ռմբակոծումը դադրեցաւ եւ տիրեց զգուշաւոր լռութիւն, սակայն նոյնիսկ երբ իսրայէլեան հրետանին լուռ մնաց, իսրայէլեան բանակի հետախուզական օդանաւերը շարունակեցին իրենց թռիչքները հարաւային Լիբանանի վերեւ:
Յետմիջօրէին, երբ համեմատաբար աւելի հանդարտ էր կացութիւնը, իսրայէլեան կողմին վրայ նշմարուեցան զինուորական կուտակումներ:
Երէկ երեկոյեան ժամը 6:30-ին, իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ հարաւային Լիբանանէն 15 անօդաչու թռչող սարքեր մուտք գործած են հիւսիսային Իսրայէլ:
Իսրայէլեան աղբիւրներ նոյն գործողութեան անդրադարձան նաեւ ըսելով, որ Հըզպալլայի մարտիկներ սաւառնակներով օդային թափանցում մը գործած են հիւսիսային Իսրայէլ:
Մինչեւ ուշ գիշեր կարելի չեղաւ յստակացնել, թէ ո՛ր վարկածը ճիշդ է, սակայն յստակ էր, որ այս զարգացումը յաւելեալ քաոսի մատնած էր Իսրայէլը: Բայց եւ այնպէս իսրայէլեան ուժեր տեղւոյն վրայ կատարեցին օդային թռիչքներ եւ արձակեցին լուսաւորող ռումբեր` ստուգելու եւ խուզարկելու համար հարաւային Լիբանանի սահմանային շրջանները:
Սպիտակ տունը մտահոգութիւն յայտնեց հարաւային Լիբանանի մէջ արձանագրուող ապահովական մագլցումներէն:
«Լիբանանէն Իսրայէլ հրթիռարձակումը մտահոգիչ է, եւ չենք փափաքիր յաւելեալ մագլցումներ վկայել», նշեց Սպիտակ Տան քաղաքացիական անվտանգութեան խորհուրդի բանբեր Ճոն Քըրպի:
Քըրպի աւելցուց, որ Իսրայէլ իր կարգին ոչ մէկ շահ ունի երկրորդ ճակատի մը վրայ կռուելով:
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես յայտնեց, որ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ սահմանային Կապոյտ գիծին վրայ փոխադարձ հրետակոծումը մտահոգիչ է:
Մինչ հարաւային Լիբանանի բոլոր դպրոցներն ու համալսարանները մնացին փակ, իսրայէլեան ուժեր երէկ մինչեւ կէսօր անդադար հրետանիներով ռմբակոծեցին հարաւային Լիբանանի տարբեր շրջաններ, որոնց շարքին` Մըրուահին, Եարին, Տահիրա եւ Թայրհարֆա շրջաններն ու պատճառեցին մարդկային եւ նիւթական վնասներ:
Այդ ռմբակոծումներուն պատճառով արձանագրուեցան երեք վիրաւորներ, ինչպէս նաեւ քանդուեցան բնակարաններ ու հրկիզուեցան պարտէզներ:
Մերթ ընդ մերթ լսուեցան նաեւ կրակոցներ, ինչպէս նաեւ հարաւային Լիբանանէն արեւմտեան Գալիլիոյ Ատամիթ շրջանը գործուած հրասանդերով ռմբակոծում, որ կ՛ապահովէր խմբաւորումի մը կողմէ դէպի Իսրայէլ կատարուած թափանցումը:
Կէսօրին յայտարարուեցաւ, որ Լիբանանէն Իսրայէլ թափանցում գործած խմբաւորումը կրցած է ապահով կերպով վերադառնալ Լիբանան:
Իսրայէլեան ուժեր հաստատեցին, որ ռմբակոծած են Տահիրա շրջանին մէջ գտնուող Հըզպալլայի դիրքերը:
Նշենք, որ Հըզպալլա արդէն իսկ յայտարարած էր, որ իր մարտիկներէն երեքը` Հուսամ Իպրահիմ, Ալի Ֆթունի եւ Ալի Հոտրոժ նահատակուած են:
Հըզպալլա իր հաղորդագրութեան մէջ հաստատած էր, որ իր պատասխանը պիտի ըլլայ վճռական եւ հատու:
Հըզպալլայի զինուորական տեղեկատուութեան բաժանմունքը հրապարակեց վիտէօ մը, որ ցոյց կու տայ, թէ ինչպէ՛ս Հըզպալլայի մարտիկները ռմբակոծումի թիրախ դարձուցած են իսրայէլեան Ժըրտահ շրջանը, ուր իսրայէլեան ուժերու խմբաւորում մը կը գտնուէր:
Ըստ Հըզպալլայի աղբիւրներուն, այդ ռմբակոծումը սպաննած է եւ վիրաւորած մեծ թիւով իսրայէլացի զինուորներ:
Այս շրջագիծին մէջ, նախանցեալ գիշեր Հըզպալլա յայտնեց, որ երկու հրթիռներով ռմբակոծած է Աւիւիմ բնակեցման վայրին մէջ գտնուող «Զիլտա» տիպի զրահապատ մը եւ քանդած է զայն:
Միւս կողմէ, Հըզպալլա հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ հարաւային Լիբանանի մէջ գետնի վրայ արձանագրուած զինուորական գործողութիւնները պատասխանելու սահմաններուն մէջ կ՛իյնան եւ ոչ թէ պատերազմի նոր ճակատ մը բանալու:
Հաղորդագրութիւնը կը նշէ, որ Իսրայէլի կողմէ Լիբանանի դէմ լայնածաւալ պատերազմ մը սկսելու հաւանականութիւն ցարդ գոյութիւն չունի:
Նոյն հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, թէ իսրայէլացի զինուորական եւ քաղաքական ղեկավարներ կը խուսափին լիբանանեան սահմանին վրայ նոր ճակատ մը բռնկեցնելէ, «այդ մէկը յստակօրէն կ՛արտացոլայ Թել Աւիւի կողմէ ամերիկացի եւ եւրոպացի անոր դաշնակիցներուն եւ ապա Լիբանանին փոխանցուած պատգամներուն մէջ», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:
Այստեղ կ՛արժէ անդրադառնալ նաեւ «Սի. Էն. Էն.»-ի հաղորդած այն տեղեկութիւններուն, թէ Միացեալ Նահանգներ եւ անոնց դաշնակիցները զգուշացուցած են Հըզպալլան` Համասի եւ Իսրայէլի միջեւ պատերազմին աւելի ծանր թափ տալու քայլերէն:
Նոյն տեղեկագիրը նշեց, որ ամերիկացի պաշտօնատարները խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիին, իսկ ֆրանսացիները Հըզպալլային խորհուրդ տուած են չներքաշուելու Իսրայէլի հետ պատերազմին մէջ:
Այս կեցուածքներուն, ինչպէս նաեւ «Եու. Էս. Էս. Ճերըլտ Ար. Ֆորտ» ամերիկեան օդանաւակիրին Միջերկրական ծով հասնելուն Հըզպալլա այլ հաղորդագրութեամբ մը պատասխանեց` հաստատելով, որ նման օդանաւակիրներու շրջան հասնիլը վախ չի պատճառեր Դիմադրութեան ջոկատներուն, որոնք պատրաստ են դիմադրելու եւ պայքարելու մինչեւ վերջնական յաղթանակի արձանագրումը:
Նոյն հաղորդագրութիւնը կը նշէ, որ Միացեալ Նահանգներ ամբողջական մեղսակից կը նկատուին Կազայի մէջ քաղաքայիններուն դէմ գործուած սպանդներուն:
Նշենք, որ Հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու բանբեր Անտրէա Թինընթի յայտնեց, որ հարաւային Լիբանանի սահմանային Կապոյտ գիծին վրայ իրենց աշխատանքը ընթացքի մէջ է` հաստատելով, որ մնայուն կապի մէջ են երկու կողմերուն իշխանութիւններուն հետ:
Միւս կողմէ, լիբանանեան բանակը Քլայլէի մէջ բացայայտեց մարտկոցներ, որոնք օր մը առաջ օգտագործուած էին ռմբակոծելու համար Իսրայէլը: Բանակը վնասազերծեց այդ մարտկոցներուն վրայ մնացած հրթիռ մը:
Իսկ երեկոյեան Լիբանանի ամերիկեան դեսպանատունը հաստատեց, որ իր դռները բաց են եւ դեսպանատան աշխատանքը բնականոն կերպով կը կատարուի:
Այսպիսով, դեսպանատունը պաշտօնապէս հերքեց բոլոր այն յայտարարութիւնները, թէ Լիբանանի մէջ ամերիկեան դեսպանատունը դատարկուած է իր անձնակազմէն, եւ անոր դռները փակուած են: