Անցեալ շաբաթ օրուընէ ի վեր, երէկ հարաւային Լիբանանի մէջ առաջին անգամ ըլլալով է, որ հանդարտութիւնը եղաւ երկարատեւ:
Նախանցեալ երեկոյեան ժամը 6:30-ին Իսրայէլի կողմէ արձակուած լուսաւորող ռումբերէն ետք ոչ մէկ հրթիռարձակում արձանագրուեցաւ Կապոյտ գիծի սահմանին երկայնքին:
Երէկ կէսօրին լսուեցան կրակոցներ, իսկ յետմիջօրէի ժամը շուրջ 4:30-ին Խիամի մէջ լսուեցան ուժգին պայթում մը, որմէ անմիջապէս ետք յայտնուեցաւ, որ իսրայէլեան ուժեր հրթիռարձակում մը կատարած են Խիամի եւ Մարիի հովիտին միջեւ, ինչպէս նաեւ հարաւային Լիբանանի, յատկապէս` Մերժահիունի վերեւ արձանագրուած են իսրայէլեան օդուժի մնայուն թռիչքներ:
Իսրայէլեան ուժերու պաշտօնական բանբեր Ավիխայ Ատրահի անմիջապէս յայտնեց, որ հիւսիսային Իսրայէլէն արձակուած է հրթիռ մը` իբրեւ պատասխան այլ ռմբակոծումի: «Սակայն ի յայտ եկած է, որ պատասխանելու ոչինչ կար, որովհետեւ ոչինչ արձակուած էր դէպի Իսրայէլ, հետեւաբար հրթիռը արձակուած է սխալ ազդանշանի պատճառով», ըսաւ ան:
Նշենք, որ այս շրջագիծին մէջ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Արոլտօ Լասարօ յայտնեց, որ անցեալ օրերուն սահմանային իրավիճակը եղած է բաւական մտահոգիչ` աւելցնելով, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն գործողութեան շրջաններուն մէջ ապահովական կայունութիւնը կը մնայ հակակշռուած, բայց եւ այնպէս կայունութիւնը շրջելու հաւանականութիւնը կը մնայ շատ մեծ:
Զօր. Լասարօ շեշտեց, որ բարեբախտութիւն է, որ լիբանանեան հողերուն եւ Իսրայէլի միջեւ հրթիռարձակումը այնքան թափ ու մագլցում չէ ստացած, որ պատերազմի վերածուի:
«ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերը իրենց դիրքերուն վրայ կը մնան, ինչպէս նաեւ իրենց պարտականութիւնները կը կատարեն: Մենք սահմանային հսկողութիւնը խստացուցած ենք` պահպանելու համար երկրին կայունութիւնը, իսկ մեր աշխատանքը կը կատարենք լիբանանեան բանակին հետ համադրաբար», ըսաւ ան:
Զօր. Լասարօ ընդգծեց, որ իշխանութիւններուն հետ աշխուժ կերպով գործած են` սահմանային Կապոյտ գիծը հանդարտ պահելու նպատակով: «Մեր հիմնական նպատակն է օժանդակել` Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ հակամարտութիւնը կանխարգիլելու: Հետեւաբար սահմանը բռնկեցնելու որեւէ քայլ կամ փորձ մտահոգութեան աղբիւր կը նկատուի: Մենք մնայուն կերպով կը գործենք` երաշխաւորելու համար, որ նման մագլցումներ չարձանագրուին», ընդգծեց ան:
Միւս կողմէ, «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան համաձայն, Հըզպալլայի առած քայլերը ցարդ սահմանափակ շրջագիծի մէջ կատարուած են, ինչ որ կ՛արգիլէ անոնց ընդարձակումը եւ ամբողջ Լիբանանի մակարդակով լայնածաւալ պատերազմի վերածումը:
«Ռոյթըրզ» կը հաղորդէ, թէ Հըզպալլա իսրայէլեան ուժերը զբաղած կը պահէ հիւսիսային Իսրայէլի ճակատին վրայ, եւ օրը- օրին կը ծրագրէ ու կ՛որոշէ իր քայլերը:


